Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

October 21, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

 

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները Շաբաթ օր հաղորդեցին, որ Լիբանանէն անօդաչու թռչող սարք ինկած է Քասրերիոյ մէջ՝ Հայֆայէն  հարաւ՝ նշելով, որ վնաս հասած է Նեթանիոյ հիւսիսը գտնուող Քայսերիոյ մէջ շէնքի մը։ Թիրախաւորուած շէնքը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի անձնական նստավայրն է։

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարք արձակուած է Լիբանանէն եւ ուղղակիօրէն հարուածած է Պենիամին Նեթանիահուի տունը՝ Կեսարիոյ մէջ, Հայֆայէն հարաւ, բայց ան այնտեղ չէր գտնուեր։            «Ուալլա» կայքը հաստատեց, որ անօդաչու սարքը, որ հարուածեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տունը, պայթած է, չնայած իսրայէլեան ռազմական ուղղաթիռները կը հետապնդէին զայն ամբողջ ժամանակ:            Ռազմական աղբիւրը յայտնեց, որ Անվտանգութեան ծառայութիւնները անօդաչու սարքի Կեսարիա ժամանումը կը տեսնեն իբրեւ անվտանգութեան շատ լուրջ ձախողութիւն:

Իսրայէլեան կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ Իրան մահափորձի ենթարկած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն: Իսկ վերջինս յայտնեց, որ «Իրանի գործակատարները», որոնք փորձեցին զինք ու իր կինը սպաննել, մեծ սխալ գործեցին:

Ան նշեց, որ իր դէմ մահափորձը պիտի չտկարացնէ զինք, այլ պիտի շարունակուի Իսրայէլի կողմէ թշնամիներուն դէմ պատերազմը յանուն վերածնունդի: Ան, խօսքը ուղղելով իրանցիներուն, ըսաւ,  որ Իսրայէլի քաղաքացիներուն վնաս տուողը ծանր գին պիտի վճարէ։ Ան հաստատեց, որ Իսրայէլը պիտի հասնի իր առաջադրած պատերազմական բոլոր նպատակներուն եւ պիտի փոխէ տարածաշրջանի անվտանգութեան իրականութիւնը:

Իսրայէլի պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վարչապետին շրջապատը Նեթանիահուի մահափորձէն ետք կ’առաջադրեն Իրանի դէմ պատասխանը ըլլայ աւելի կարծր:            Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետին հետ եւ մտահոգութիւն յայտնեց այս դէպքին կապակցութեամբ:            Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Նեթանիահուի ամբաստանութիւնը, թէ Իրան կը կանգնի իր տան վրայ յարձակումին ետին:

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԱՐՏԵՐԸ ԵՒ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ

Next Post

«ԵՕԹՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿ»-Ը ԱՋԱԿԻՑ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԻՆ

Next Post
«ԵՕԹՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿ»-Ը ԱՋԱԿԻՑ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԻՆ

«ԵՕԹՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿ»-Ը ԱՋԱԿԻՑ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.