Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱՐՏԵՐԸ ԵՒ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ

October 21, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԱՐՏԵՐԸ ԵՒ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ

 

Միջազգային դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատելու առումով եւ այսօր Լիբանան կը ժամանէ ամերիկացի պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն, որ պիտի տեսակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ան նախքան իր այցելութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բանակցային առաստաղը 1701-ն է: «Նաշրա»-ի աղբիւրները նշեցին, որ այցելութեան նպատակը նոր գաղափարներ ներկայացնելն է, սակայն միւս կողմէ կայ նաեւ Իսրայէլի պատասխան յարձակումը Իրանի դէմ: Ըստ «Աքսիոս»-ի, Պլինքըն Երեքշաբթի օր շրջանային շրջապտոյտի ծիրին մէջ Իսրայէլ պիտի այցելէ եւ պիտի քննարկէ Կազայի մէջ իրավիճակը ու Լիբանանի մէջ պատերազմը:

Շաբաթավերջին իսրայէլեան օդուժը բուռն յարձակում գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձանին վրայ: Իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներ գործուեցան հարաւային Լիբանանի Քֆարշուպա շրջանին եւ Սուր քաղաքին վրայ: Իսկ Ճիւնիի շրջանին մէջ իսրայէլեան անօդաչու սարքը յարձակում գործեց ինքնաշարժի մը վրայ, որուն ուղեւորները խոյս տուին ինքնաշարժէն մօտակայ պարտէզներուն մէջ: Անօդաչու սարքը երկրորդ հարուածով սպաննեց փախուստ տուողները: «Իմամ Խումէյնի» կեդրոնը գուժեց Մաասումա Քարպասիի եւ անոր ամուսինին Ռիտա Աուատայի սպանութիւնը Ճիւնիի մէջ:

Հըզպալլա մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Քրիոթը, Հայֆայի արեւելքը գտնուող «Նաշեր» ռազմակայանը, արեւելեան Գալիլիան: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ երէկ Հըզպալլա 160 հրթիռներ արձակեց:

Լիբանանեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլ Այն Ըպըլ-Հանին ճամբուն վրայ յարձակում գործած է լիբանանեան բանակի մեքենայի մը վրայ, որուն հետեւանքով արձանագրուած են երեք նահատակներ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻ. «ԵՍ ԴԵՌ ՊԻՏԻ ԽԱՂԱՄ»

Next Post

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

Next Post
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.