Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ ՔԱԼԻՊԱՖԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԴԺԳՈՀ

October 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԻՔԱԹԻ ՔԱԼԻՊԱՖԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԴԺԳՈՀ

 

 

Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի երէկ այցելեց Պէյրութ, ուր իր լիբանանցի պաշտօնակից Նեժիպ Միքաթիի հետ քննարկեց ապահովական զարգացումները, Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները: Մելոնի ապա կտրականապէս անընդունելի համարեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն թիրախաւորումը, պահանջելով երաշխաւորել միջազգային ուժերուն անվտանգութիւնը: Իսկ վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթի շեշտեց, որ դիւանագիտական լուծումը պէտք է յաղթէ պատերազմին, պահանջելով, որ առաջին հերթին Իսրայէլ վերջ տայ յարձակումներուն եւ գործադրէ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին յանձնարարեց նախարարութիւն կանչել Իրանի դեսպանութեան գործակատարը եւ տեղեկութիւններ պահանջել Իրանի խորհրդարանի նախագահին վերջին յայտարարութիւններուն առնչութեամբ, ուր Քալիպաֆ ենթադրաբար պատրաստակամութիւն յայտնած էր Ֆրանսային հետ քննարկելու Լիբանանի մէջ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը: Միքաթի զարմանք յայտնեց Քալիպաֆին վերագրուած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ, զանոնք համարելով Լիբանանի նկատմամբ Թեհրանի հոգատարութիւնը պարտադրելու եւ երկրի ներքին հարցերուն միջամտելու անընդունելի փորձ: «Պէյրութ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Իրանի խորհրդարանի նախագահին բացատրեցինք Լիբանանի իւրայատուկ վիճակը եւ շեշտեցինք, որ լիբանանեան իշխանութիւնները կը հաղորդակցին արտերկրի հետ՝ ճնշելու համար Իսրայէլի վրայ, որպէսզի վերջ տայ պատերազմին», ըսաւ Միքաթի:

Նշենք, թէ Քալիպաֆի այս յայտարարութեան մասին հաղորդած էր ֆրանսական «Լօ Ֆիկարօ» թերթը, նշելով խորհրդարանի նախագահը այս մասին ըսած է հարցազրոյցի մէջ: Այսուհանդերձ, Իրանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը երէկ հերքեց, թէ Քալիպաֆ հանդէս եկած է նման յայտարարութիւններով: Ըստ նախարարութեան, Քալիպաֆ պարզապէս վերահաստատած է իր աջակցութիւնը լիբանանցիներուն, կառավարութեան եւ Դիմադրութեան կայացուցած որոշումներուն:

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՐԱՒՆ ՈՒ ՊԵՔԱԱՆ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

Next Post

ՔԱՍՍԱՄԷՆ ՈՐՈՇՈՒՄ՝ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ

Next Post
ՔԱՍՍԱՄԷՆ ՈՐՈՇՈՒՄ՝ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ

ՔԱՍՍԱՄԷՆ ՈՐՈՇՈՒՄ՝ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.