Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՍՍԱՄԷՆ ՈՐՈՇՈՒՄ՝ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ

October 19, 2024
in Միջազգային
0
ՔԱՍՍԱՄԷՆ ՈՐՈՇՈՒՄ՝ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ

 

 

Համաս շարժումը երէկ պաշտօնապէս գուժեց իր քաղաքական գրասենեակի նախագահ Եահիա Սինուարի մահը՝ Կազայի հարաւային շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումի հետեւանքով: Սինուարը սպաննելու մասին իսրայէլեան կողմը յայտարարած էր նախանցեալ օր: Համասի զինուած թեւ «Քասսամ» եւս գուժեց անոր մահը, աւելցնելով որան այսպիսով մաս կազմած է նահատակուած ղեկավարներու փաղանգին: «Մեր ժիհատի երթը պիտի չդադրի մինչեւ Պաղեստինի ազատագրութիւնը եւ սիոնիստներու վտարումը մեր հողերէն», հաւաստիացուց «Քասսամ»:

Սինուարի սպանութեան առնչութեամբ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, թէ հրաձգութեան փոխանակումին ընթացքին զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուած է Համասի ահաբեկուած ղեկավարին եւ անոր թիկնապահներուն կրակոցներով: Նշենք, որ Սինուար երկու օր առաջ ահաբեկուեցաւ Ռաֆահի մերձակայ շրջանի մէջ, ուր հրաձգութեան փոխանակում տեղի ունեցաւ Համասին եւ իսրայէլեան յատուկ ուժերուն միջեւ, որոնք եկած էին ահաբեկելու Սինուարը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նշեց, որ Ուաշինկթըն աւելի լաւ ապագայ կը մաղթէ Կազային՝ հեռու Համասի լուծէն եւ Թեհրանի միջամտութիւններէն, իսկ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ուսթին յայտնեց, որ Սինուարի ահաբեկումը կը համարուի յառաջ ընթանալու մեծ հնարաւորութիւն՝ չէզոքացուցած ըլլալով կարեւոր խոչընդոտ մը: Իսկ Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքժի յայտնեց, որ Պաղեստինի ազատագրութեան հարցը այսօր աւելի առաւել իրական է քան երբեք:

Ռուսիոյ նախագահութիւնը Կազայի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածը համարեց մարդասիրական մեծ աղէտ, որ Մոսկուայի մէջ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Միջին Արեւելքի ապագային առնչութեամբ, որովհետեւ կը սպառնայ քաղաքացիներուն:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ ՔԱԼԻՊԱՖԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԴԺԳՈՀ

Next Post

ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄ

Next Post

ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.