Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒՆ ՈՒ ՊԵՔԱԱՆ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

October 19, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՐԱՒՆ ՈՒ ՊԵՔԱԱՆ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

 

Հարաւի մէջ գործող ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թենանթի շեշտեց, որ խաղաղապահները պէտք է մնան Լիբանանի մէջ եւ փորձեն կատարել իրենց պարտականութիւնները, հակառակ կրած կորուստներուն: Խօսելով ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի նկամամբ իսրայէլեան թիրախաւորումին մասին, Թենանթի շեշտեց, որ իրենք հնարաւորութիւն ունէին հակադարձելու որպէս ինքնապաշտպանութիւն, սակայն նախընտրեցին դիմել ինքնազսպումի:

Յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով, հարաւային Նապաթիէ քաղաքն ու շրջակայ գիւղերը ենթարկուեցան իսրայէլեան օդային սատիկ հարուածներու: Ժուայայի ռմբակոծումէն մահացաւ երեք հոգի, իսկ Զրարիյէ գիւղին մերձակայ Ուատի Խալիլ շրջանին մէջ՝ երկու: Պեքաայի հիւսիսային հատուածին մէջ իսրայէլեան ծանր հրթիռներու թիրախ դարձան Շըմըսթար եւ Թիպէ գիւղերուն բարձունքները:

Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց անօդաչու սարքերով Սաֆատի մէջ իսրայէլեան ուժերու կուտակումներ թիրախաւորելու մասին, պատճառելով ծանր վնաս: Հըզպալլայի հրետանային եւ հրասանդային հարուածները կեդրոնացան նաեւ Քֆարքիլայի սահմանային գօտիին վրայ, ուրկէ անցնող օրերուն թշնամի ուժերը կազմակերպած էին ներթափանցումի շարք մը փորձեր: Հըզպալլա յայտարարեց նաեւ հակաօդային հրթիռով մը իսրայէլեան անօդաչու սարք մը լիբանանեան օդային տարածքէն հեռացնելու մասին: Իսրայէլեան բանակը խոստովանեցաւ, թէ անցնող 24 ժամերու ընթացքին վիրաւորուած է առնուազն 53 զինուոր՝ մեծամասնութիւնը Լիբանանի հարաւային շրջաններուն մէջ: Ըստ Իսրայէլի զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիին, Հըզպալլա ցարդ կորսնցուցած է շուրջ 1500 կռուող:

Share62Tweet39
Previous Post

ՆԵՐՔԻՆ ԽՌՈՎՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՀՐԵԼՈՒ ՓՈՐՁԵՐ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ՔԱԼԻՊԱՖԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԴԺԳՈՀ

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ ՔԱԼԻՊԱՖԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԴԺԳՈՀ

ՄԻՔԱԹԻ ՔԱԼԻՊԱՖԻ ԽՕՍՔԵՐԷՆ ԴԺԳՈՀ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.