Ամերիկեան «Forbes» ամսագիրը ներկայացուցած է 2024 թուականի աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող ֆութպոլիստներուն աղիւսակը։
1) Քրիսթիանօ Ռոնալտօ – «Ալ-Նասր», յառաջապահ՝ տարեկան 285 միլիոն տոլար:
2) Լիոնէլ Մեսսի – «Ինթըր Մայամի», յառաջապահ՝ տարեկան 135 միլիոն տոլար:
3) Նէյմար – «Ալ-Հիլալ», յառաջապահ՝ տարեկան 110 միլիոն տոլար:
4) Քարիմ Պենզեմա – «Ալ-Իթիհատ», յառաջապահ՝ տարեկան 104 միլիոն տոլար:
5) Կիլիան Մպափէ – «Ռէալ Մատրիտ», յառաջապահ՝ տարեկան 90 միլիոն տոլար:
6) Էրլինկ Հալընտ – «Մանչեսթըր Սիթի», յառաջապահ՝ տարեկան 60 միլիոն տոլար
7) Վինիշըս Ճիւնիըր – «Ռէալ Մատրիտ», յառաջապահ՝ տարեկան 55 միլիոն տոլար:
8) Մոհամմատ Սալահ – «Լիվըրփուլ», յառաջապահ՝ տարեկան 53 միլիոն տոլար:
9) Սատիօ Մանէ – «Ալ-Նասր», յառաջապահ՝ տարեկան 52 միլիոն տոլար:
10) Քէյվըն Տը Պրիւնէ, «Մանչեսթըր Սիթի», կիսապաշտպան՝ 39 միլիոն տոլար:
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ
ԷԼԻՏԱ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՀԱՍԱՒ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ
Մինչեւ 22 տարեկաններու բռնցկամարտի կանանց Եւրոպայի ախոյեանական մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող Էլիտա Քոչարեան հասաւ եզրափակիչ հանգրուան եւ պիտի փորձէ պաշտպանել ախոյեանութեան տիտղոսը:
Կիսաեզրափակիչ հանգրուանին մեր մարզուհին բռնցկամարտելով լաթվիացի Աննա Սորոքինայի հետ տարաւ մեծ տարբերութեամբ արժանի յաղթանակ մը՝ 5-0:
Ոսկէ մետալին հասնելու համար Էլիտան պէտք է յաղթահարէ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչ՝ Թաթիանա Թովքային:
ԿԱՐԷՆ ԽԱՉԱՆՈՎ 1/8 ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑ…
Թենիսիստ Կարէն Խաչանով հասաւ Ալմաթիի (Ղազախստան) ATP-250 կարգի մրցաշարքի քառորդ եզրափակիչ։
1/8 եզրափակիչ խաղին, ան երկու «սէթեր»ով յաղթեց աշխարհի թիւ 116-ին՝ Ֆինլանտայի ներկայացուցիչ Օտտօ Վիրտանէնին: Հանդիպումը տեւած էր 1 ժամ 38 վայրկեան եւ արձանագրած՝ 7:6 (7:2), 7:6 (7:3) արդիւնքները ի նպաստ Խաչանովին:
Յաջորդ հանգրուանին Կարէնը պիտի մրցի աշխարհի 213-րդ «ռաքէթ»ին, դաշտի տիրոջ՝ Պէյպիտ Ժուքայեւի դէմ:
… ԲԱՅՑ ԷԼԻՆԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող WTA-250 շարքի ախոյեանական մրցումներուն, աշխարհի 48-րդ «ռաքէթ»ուհի Էլինա Աւանէսեան ամփոփեց իր ելոյթները, երկրորդ հանգրուանին Ճափոնի «թենիսիստ»էն պարտութիւն մը կրելէ ետք:
Սառա Սաիտոյի հետ մրցակցութիւնը տեւած էր 1 ժամ 57 վայրկեան:
Մօտ երկու ժամ տեւած այս դէժ պայքարը արձանագրած էր 6։7, 4։6 հաշիւը:
ՓԵԹՐԱՔՈՎԻ ՓՈԽԱՐԷՆ ՓԵՐԵԶՈՎՍՔԻ՞
Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի պաշտօնի դադրեցումէն ետք, ֆութպոլային դէտերուն մօտ շրջան կ’ընեն լուրեր, ըստ որուն, այդ թափուր պաշտօնին հաւանական փոխարինող թեկնածուն՝ հաւաքականի նախկին առասպելային բերդապահ Ռոման Փերեզովսքին է:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամուլի քարտուղար Հայկ Կարապետեան «Маch ТV»-ին հետ կատարած հարցազրոյցի մը ժամանակ ըսած է, որ ֆետերասիոնը չի ցանկար քննարկել ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնի թեկնածուներու մասին լուրերը։
ՀՈԼԱՆՏԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՍԱՀՄԱՆԵԼ
«Մանչեսթեր Սիթի»ի նորվեկիացի յարձակող Էրլինկ Հոլանտ 2025 թուականի ամառնային փոխանցումի պատուհանի ընթացքին կրնայ փոխել ակումբային գրանցում։ Այս մասին յայտւած է Transfer News Live-ը։
Աղբիւրին համաձայն՝ 24-ամեա խաղացողին փոխանցումը կրնայ ֆինանսական տեսանկիւնէն համաշխարհային նոր մրցանիշ սահմանել։ Կը նշուի, որ «սիթիականները», ամենայն հաւանականութեամբ, մրցանշային գումար պիտի պահանջեն իրենց աստղային յարձակողին համար:
Ներկայիս դեռ մրցանշային կը համարուի Նէյմարի «Պարսելոնա»-էն «Փարի Սեն Ժերմէն» տեղափոխութիւնը։ Պրազիլցի աստղին համար վճարուած էր 222 միլիոն եւրօ:
Ընթացիկ մրցաշրջանին նորվեկիացցի ռմբարկուն «Սիթի»-ի կազմին մէջ մասնակցած է 10 հանդիպման՝ դառնալով 11 կոլի հեղինակ։