«ԱՐԱՐԱՏ», 6-11 Հոկտեմբեր 1969
Ձեր աչքերը խոշոր-խոշոր բացէք՝ կարդալու համար ա՛յսպիսի լուր մը. «Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 100–ամեակին նուիրուած երեկոյ Պաքուի մէջ»։
Պաքու… Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը։ Այո՛, ազերինե՛րն ալ տօնախմբեր են Թումանեանի յոբելեանը։ Բայց ասիկա այն տարիներուն, երբ կ՛ըսուէր ու կ՛երգուէր, թէ «եղբայր դարձան Հայաստան ու Ատրպէյճան»…։ «Արարատ» գրեթէ կէս էջ տրամադրեր է այս լուրին, որ այդ տարիներու հասկացութեամբ կը թուէր բնական ու ոչ-արտասովոր դէպք մը։ Այսօր, 55 տարի անց, ո՞վ կրնայ պատկերացնել նման բան…։ Ղարաբաղի դէմ մղուած մահաբեր պատերազմը, հայոց նկատմամբ շղթայազերծուած ցեղային խորունկ ատելութիւնը, Արցախի տարածքին հայ մշակոյթի ամէն հետք իսպառ ջնջելու ազերի պետութեան անդուլ ճիգերը, պատմութեան ու աշխարհագրութեան հետեւողական նենգափոխումը ու վերջապէս՝ Ղարաբաղի ամբողջական հայաթափումը 2023-ի Սեպտեմբերին, կրնա՞ն նշոյլ մը թողած ըլլալ ենթադրեալ «եղբայրութիւն»-էն։
Կասկած չկայ, թէ Մոսկուայի վերին թելադրութեամբ է որ Պաքու ստիպուեր է տօնել Թումանեանի յոբելեանը։ Ձեռնարկը կայացեր է մայրաքաղաքի Գիտութիւններու Ակադեմիայի մեծ դահլիճին մէջ, Ատրպէյճանի Կոմկուսի Ա. քարտուղար Հայտար Ալիեւի ներկայութեամբ (ի դէպ, կ՛արժէր զուգահեռ մը գծել ու յիշեցնել, թէ 1913-ին երբ Պոլսոյ մէջ կը տօնախմբուէր հայոց գիրերու գիւտին 1500-ամեակը, հոն ներկայ էր ու դրուատալից խօսքեր կ՛արտասանէր նա՛եւ Թալէաթ փաշան…)։ Ելոյթներ ունեցեր են ազերի մտաւորականներ ու բանաստեղծներ՝ տեղւոյն Գրողներու միութեան շրջանակէն։ Բոլորն ալ գովքը հիւսեր են Թումանեանին ու փառաբաներ են Կովկասի երեք եղբայր ազգերու (հայ, վրացի, ազերի) անքակտելի բարեկամութիւնը։ Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան անունով ալ ելոյթ ունեցեր են գրող Միքայէլ Շաթիրեանն ու բանաստեղծ Աշոտ Գրաշին։
Ցնծութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ եղեր Ս. Էջմիածնայ մէջ, ուր, 5 Հոկտեմբերին, Վազգէն Ա. կաթողիկոս գլխաւորեր է սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան մեծահանդէս արարողութիւնը, հայ թէ օտար հիւր հոգեւորականներու ու հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան։ Արարողութեան շարականները երգեր են Գոհար Գասպարեանն ու Լուսինէ Զաքարեանը։ Նոյն երեկոյեան, Երեւանի «Սասուն» ճաշարանին մէջ ընդունելութիւն մը տրուեր է արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն ի պատիւ։ Ներկայ եղեր են շուրջ 200 հոգի։ Այս առթիւ, միւռոնօրհնէքի կնքահայր Սարգիս Սարգիսեան (Լիբանանէն) արժանացեր է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ադամանդակուռ շքանշանին։
Այս շաբթուան թիւերուն մէջ կը հանդիպինք երկու նոր ծածկանուններու՝ Սամօ եւ Բ. Աշտիշատ։ Երկուքն ալ մտորումներ արձանագրեր են կրթական հարցերու շուրջ։ Այսօրուան սերունդը ուրկէ՞ պիտի ճանչնայ այս յօդուածագիրներուն ինքնութիւնը։ Բարեբախտաբար յաջողեցանք ծածկոյթը վերցնել այս գրչանուններուն վրայէն…։
Ուրեմն, Սամօն ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Սամուէլ Սարգիսեանը (1945-2022)։ «Արարատ»–ի երիտասարդ աշխատակիցներէն մին էր ան։ Լիբանանէն դուրս՝ Սամօն հանրածանօթ դէմք մը պիտի դառնար Արժանթինի մէջ, ուր գաղթեց ան 70-ականներու կէսերուն ու ստանձնեց Պուէնոս Այրէսի երբեմնի «Շարժում» հնչակեան շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը, մինչեւ ատոր վերջնական դադրեցումը 1991-ին։ Սամօ Սարգիսեան միաժամանակ կրթական պաշտօն ունէր Վիսենթէ Լոփէզի (Պուէնոս Այրէսի արուարձան) ազգային վարժարանէն ներս։
Բ. Աշտիշատ քիչ մը աւելի ծանօթ ըլլալու է «Արարատ»–ի հետեւողական ընթերցողներուն, քանի երկա՜ր տարիներ իր ստորագրութիւնը յաճախ կ՛երեւէր թերթին մէջ։ Բնիկ կեսարացի էր, բուն անունով՝ Բենիամին Պօղոսեան (1910-1999)։ Եղբօրորդին էր ռամկավար մամուլի («Արեւ», «Զարթօնք», «Ապագայ») երբեմնի խմբագիր Յովհաննէս Պօղոսեանի։ Իրմէ յուշագրավէպ մը տպուեցաւ Երեւան, յետմահու, 2019-ին, «Լոյսի համար» խորագրով։ Հոն սեւեռումի կ՛ենթարկուի լիբանանահայոց 40-ական թուականներու կեանքը՝ Բ. Աշխարհամարտի թոհուբոհին ու հայրենադարձ կարաւաններու ճիչերուն միջեւ…։
Ընդարձակ թղթակցութեամբ մը կը հաղորդուի, թէ Ուստրի (Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափ) Հնչակեան ակումբին մէջ տեղի ունեցեր է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Ամերիկայի շրջանի 86-րդ պատգամաւորական ժողովը։ Նախքան ժողովը՝ սարքուեր է ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին խօսք առեր են ընկերներ Արսէն Ճէրէճեան, Մարգար Ձագիկեան եւ Ե. Սիրվարդ։ Նիստերու ընթացքին տեղեկագրեր կարդացուեր են մասնաճիւղերու վարչութեանց, «Երիտասարդ Հայաստան» օրկանի խմբագրութեան, Վարիչ Մարմինի եւ յանձնախումբերու կողմէ։
Ամբողջ թիւ մը (9 Հոկտեմբեր1969) ձօնուած է Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. հայրապետին։
Մե՜ծ դէմք էր Վազգէն Ա.։ Իր գահակալութեան սկզբնական տարիներէն իսկ, երբ տակաւին անծանօթ մըն էր հայ բազմութիւններուն, իր սեւաթոյր սքեմին ու վեղարին տակ տե՛ւաբար պահեց հմայք մը, որ քիչ եկեղեցականներ ունեցեր էին կամ ունին։ Ու քանի թաւալեցան տարիները՝ այդ շողարձակ հմայքը աճեցաւ. զուգահեռաբար աճեցան նաեւ Վեհափառին արժանիքները, տարաբնոյթ մարզերու մէջ իր ցուցաբերած ձեռնհասութիւնը, խոհուն գործելակերպը։ Եւ պէտք է խոստովանիլ, որ «Արարատ»–ի խմբագրութիւնը յաջողեր է շա՛տ բովանդակալից գրութիւններու ծաղկաքաղով մը վերագծել դիմագծութիւնը հայոց հայրապետին՝ անոր ծննդեան 60-ամեակին առթիւ (Վեհը ծնած էր Պուքրէշ, Ռումանիա, 1908-ին)։
Վեհափառին ձօնուած այս թիւը ունի առաջնորդող խմբագրական մը, որուն կը յաջորդեն զանազան յօդուածներ, ստորագրուած՝ Տիրայր արք. Մարտիկեանի (Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ զոյգ թեմերու առաջնորդը), Հրանդ Գանգրունիի, Սարգիս Նաճարեանի, Սամոյի եւ Խաչիկ Նաճարեանի կողմէ։ Վերջինս մանրամասն ներկայացուցեր է Վեհափառին կենսագրականը, ուր սակայն «սպրդեր է» անբախտ վրէպ մը։ Կ՛ըսուի թէ պատանեկութեան տարիներուն Լեւոն Կարապետ Պալճեան (Վեհափառին բուն անունը) մասնակցեր է «Հայ Մարմնակրթական Միութեան մշակութային եւ մարզական գործունէութիւններուն»։ Ճշդենք՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն (Հ.Մ.Ը.Մ.)։
Արտասահմանեան հայ մամուլի երկու ներկայացուցիչներ կարճ հարցազրոյց մը կատարեր են Վեհափառին հետ՝ ուզելով գիտնալ, թէ ան կուսակցական որեւէ կողմնորոշում ունի՞ արդեօք։ Ահա՛ Վեհին պատասխանը. «Եթէ որոշ յարաբերութիւններ կը պահենք այստեղ պետական իշխանութեանց հետ՝ այդ որեւէ կուսակցական բնոյթ չի կրեր։ Մեր գործը այստեղ ոչ թէ համայնավար կուսակցութեան հետ է, այլ մեր հայրենի պետութեան հետ, այն ալ այն չափով, որ անհրաժեշտ է մեր կրօնական գործունէութեան ճամբուն վրայ։ Նագուշ Յարութիւնեան ոչ թէ կուսակցական ներկայացուցիչ է մեզի համար, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ այդ հանգամանքին հետ է, որ կ՛առնչուի մեր եկեղեցական գործունէութիւնը՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս օրինակ նախագահ Նիքսըն իր ընտրութեան պահէն մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վերջը իր քաղաքացիներուն եւ աշխարհին կը ներկայանայ ոչ թէ իբր հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, այլ որպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ»։
Այլ թղթակցութիւն մը կը յայտնէ, թէ Էջմիածնայ մէջ գումարուած եպիսկոպոսաց ժողովէն ու անոր յաջորդող միւռոնօրհնէքէն ետք՝ վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեր է Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ծննդեան 60-ամեակը։ Խօսք առեր են Պոլսոյ Շնորհք պատրիարքը, Երուսաղէմի Եղիշէ պատրիարքը, թեմակալ առաջնորդներ, ռուս ուղղափառ, վրաց, Հռոմի կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչները։
Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ նաեւ այն յուշագիր-նամակը, որ երաժշտագէտ Աշոտ Պատմագրեան (1898-1982) յղեր է Էջմիածին գումարուած եպիսկոպոսաց ժողովին։ Պատմագրեան առաջարկեր է որ թարմացնող բարեկարգութիւններ կատարուին եկեղեցական երգեցողութեան կալուածին մէջ ու հինէն եկող գրաբար շարականներու քովն ի վեր՝ արտօնուին նաեւ աշխարհաբար կրօնաշունչ երգեր, քաղելով զանոնք մե՛ր իսկ հոգեւոր արդի գրականութենէն ու եղանակաւորելով պատշաճօրէն։ Առաջարկը հետաքրքրական է ու կ՛արժէ այսօ՛ր եւս քննարկել զայն լայնախոհութեամբ ու վերապահումներէ հեռու։
Չորս թիւերու մէջ լոյս ընծայուեր է Գրիգոր ՄերճանոՖի (նախկին դաշնակցական) յուշերը։ Ենթական գլխաւոր ղեկավարներէն եղած էր Մեծ Եղեռնին պատասխանատու հանդիսացող իթթիհատականները ահաբեկումի ենթարկելու կոչուած հայ պատժիչ խմբակին («Նեմեսիս» գործողութիւն)։ Հետեւաբար, իր վկայութիւնները կարեւոր պիտի սեպուէին։ Բայց ՄերճանոՖ շատ ծանր վերագրումներ կ՛ընէ վրիժառու բազուկ Արշաւիր Շիրակեանի (1900-1973) հասցէին ու գրեթէ կը նսեմացնէ զայն՝ անհաւատալի թուող ինչ-ինչ մեղադրանքներով… (Շիրակեան զգետնած էր օսմանեան նախկին վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշան, Հռոմի մէջ, 5 Դեկտեմբեր 1921-ին)։
Հրատարակուած է Սուրիահայ Յառաջդիմական Ճակատի (կեդրոնը՝ Դամասկոս) հաղորդագրութիւնը՝ Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին Ամերիկա կատարած այցին ընթացքին ունեցած մէկ ելոյթին մասին։ Եկեղեցական պառակտումի տարիներն էին ու հետեւաբար՝ պէտք չէ զարմանալ այն անպատշաճ ոճին համար՝ որով շարադրուեր է հաղորդագրութիւնը…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)