Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԷՆՔԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

October 18, 2024
in Միջազգային
0
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԷՆՔԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

 

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իր ուժերը ռուսական «արդիական» զէնքեր յայտնաբերած են Լիբանանի հարաւը գտնուող Հըզպալլայի զինապահեստանոցներուն մէջ: Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը չի ցանկար «նոր քաղաքացիական պատերազմ» բռնկի Լիբանանի մէջ։

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Նեթանիահու յիշեցուց, որ 2006 թուականին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած 1701 բանաձեւը միայն լիբանանեան բանակին թոյլ կու տայ զէնք կրել «Լիթանի» գետէն դէպի հարաւ գտնուող տարածքներուն մէջ։ Սակայն այս տարածքին մէջ Հըզպալլան փորած է հարիւրաւոր գետնափոր փապուղիներ եւ թաքստոցներ, ուր իրենք նոր յայտնաբերած են ռուսական արդիական մեծ քանակութեամբ զէնք:            Ան պնդեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական նոր պատերազմի բռնկումը ողբերգութիւն պիտի ըլլայ: Իրենք, ի հարկէ, նման պատերազմ հրահրելու նպատակ չունին, եւ Իսրայէլը մտադիր չէ միջամտելու Լիբանանի ներքին հարցերուն: Ան աւելցուց, որ իրենց միակ նպատակն է թոյլ տալ, որ լիբանանեան սահմանի երկայնքով ապրող իրենց քաղաքացիները վերադառնան իրենց տուները եւ ապահով զգան:            Ամերիկեան «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը, յղում կատարելով իսրայէլացի պաշտօնատարներուն, յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանան ներխուժելու ժամանակ ռուսական եւ չինական հրետանային զէնքեր յայտնաբերուած են։

Share62Tweet39
Previous Post

ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՄՏԱՀՈԳԻՉ, ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐԸ՝ ԱՊԱՐԴԻՒՆ

Next Post

ԻՐԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ

Next Post

ԻՐԱՆԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.