Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

October 18, 2024
in Գաղութային
0
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ

 

– ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

– ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՆՈՒՊԱՐ ԵՒ ԱՆԱ ԱՖԷԵԱՆԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

 

 

Այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Պոսթընի հայութեան, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի ձեռամբ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին:

Պոսթընէն եւ շրջակայից արուարձաններէն հայորդիներ հոծ բազմութեամբ ներկայ էին՝ մասնակցելու Սուրբ Պատարագին, լսելու պատգամը Հայրապետին եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը:

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատանքով ողջունեց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասը, ազգային վարչութիւնը եւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւնները՝ անոնց ցուցաբերած խանդավառ ու բեղուն ծառայութեան համար: Այս առիթով, Հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ. Պալճեանի յիսնամեայ ծառայութեան՝ ըսելով, թէ տէր հայրը իր ծառայական ոգիով ներշնչած է սերունդներ ու զանոնք պատրաստած եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան համար. ան իր առաքելութիւնը կատարած է խստապահանջութեամբ ու գիտակցութեամբ:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան խորան բարձրացուց Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան յատուկ առիթով եկեղեցի բերուած Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի սրբազան մասունքը, որմով Նորին Սրբութիւնը օրհնեց ժողովուրդը։

Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները հայ ասմունքով ու երգով ճոխացուած հակիրճ յայտագիր մը ներկայացուցին:

Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն: Ան շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ՝ ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն հայ կեանքին մէջ:

Ճաշկերոյթի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան» շքաշնանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը: Վերջինս խօսք առնելով՝ յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի մէջ տարած աշխատանքը հայ կեանքէն ներս: Յայտնենք, որ Աֆէեան զոյգը բարերար հանդիսացած է Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութէն ներս:

Ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը: Քննարկուեցան Հայաստանի եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Նուպար Աֆէեան Նորին Սրբութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման առնչուած ծրագիրներուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներէ ներս:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՄՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀՀ ԶՈՒ ԿԵՐՊԱՓՈԽՄԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ՊՐԱՈՒՆ՝ ԱՍՐԵԱՆԻՆ

Next Post

ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՄՏԱՀՈԳԻՉ, ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐԸ՝ ԱՊԱՐԴԻՒՆ

Next Post
ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՄՏԱՀՈԳԻՉ, ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐԸ՝ ԱՊԱՐԴԻՒՆ

ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՄՏԱՀՈԳԻՉ, ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՋԱՆՔԵՐԸ՝ ԱՊԱՐԴԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.