Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՀԱԲԵԿՄԱՆ 91-ԱՄԵԱԿ        11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1933

October 18, 2024
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ԱՀԱԲԵԿՄԱՆ 91-ԱՄԵԱԿ        11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1933

 

 

ՄԻՀՐԱՆ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
(ՄԻԹՐԱ)
1892 – 1933

Հրապարակախօս, լրագրող Միհրան Կարապետի Աղազարեան ծնած է 1892 թուականին, Զէյթունի Ալպիստան գիւղը։ Կանուխէն կը կորսնցնէ հայրը եւ կ’անցընէ չքաւոր մանկութիւն մը:
1904-ին ուսման նպատակով կ’երթայ Զէյթուն։ 1909-ին, Զէյթունի վարժարանը աւարտելէ ետք, որպէս ուսման մէջ լաւագոյնը, դպրոցի բարեխօսութեամբ եւ օժանդակութեամբ կ’երթայ Պոլիս` Ազգային Կեդրոնական վարժարան։
1910-ին կը մտնէ Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը, կ’անդամակցի «Կայծ» Ուսանողական Միութեան։ Կ’աշխատակցի «Կայծ» ամսաթերթին։
Աւարտելէ ետք Կեդրոնականը, կը վերադառնայ Ալպիստան եւ կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ Ս.Դ.Հ.Կ Տաճկաստանի Գ. Պատգամաւորական ժողովին (Յուլիս 1914), պատգամաւոր կ’ընտրուի Զէյթունի շրջանէն։
Մեծ եղեռնի ընթացքին կ’աքսորուի Տէր Զօր։ Կը հաստատուի Նիսիպի գիւղաքաղաքը: Աշխատանք կը գտնէ Նիսիպին-Պաղտատ երկաթուղային գծի շինարարական ընկերութեան մէջ:
Դժուար պայմաններու տակ, խումբ մը ազգայիններով կը կազմէ «Գաղթականաց յանձնախումբ» մը եւ կը զբաղի գաղթականներուն կարիքները հոգալով։ Տէր Զօրի մօտ, Չէլէպի խանին մէջ, կը հիմնադրէ առաջին որբանոցներէն մէկը։ Կը յաջողի մէկտեղել շուրջ 1700 որբ եւ կը կազմակերպէ անոնց խնամքը: Ապագային (1919, Ատանա), կը հրատարակէ «Աքսորականի յուշեր» գրքոյկը, որ գաղթականութեան սրտաճմլիկ տեսարաններուն կողքին կը պարունակէ վիճակագրական արժէքաւոր տուեալներ:
Կիլիկեցիներու ընդհանուր տունդարձին, կը վերադառնայ Մարաշ: Կը շարունակէ ուսուցչական եւ կուսակցական գործունէութիւնը:

Կը մասնակցի Մարաշի ինքնապաշտպանութեան եւ կը վիրաւորուի։ 1921-ին կը տեղափոխուի Հալէպ։

Հալէպի մէջ կը գործակցի Սարգիս Տխրունիին հետ։ Կ’աշխատակցի «Սուրիական Մամուլ»ին։

Կը տեղափոխուի Պէյրութ։ Ուսուցչութիւն կ’ընէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դպրոցին մէջ։ Որպէս «անբաղձալի տարր» կը հեռացուի դպրոցէն եւ գործ կը գտնէ նաւային ընկերութեան մը մէջ:

Աղազարեան, անտեսելով իր դէմ ուղղուած ամէն ձեւի հալածանք, կը սաստկացնէ իր քաղաքական գործունէութիւնը։ Տարբեր անգամներ կը մասնակցի Ս.Դ.Հ.Կ. Պատգամաւորական Ժողովներու եւ կը ստանձնէ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ: Միեւնոյն ատեն յօդուածներով եւ հրապարակախօսութիւններով կը մերկացնէ «անհայրենիք պետութիւն» ստեղծելու տեսակէտը, կը դատապարտէ Ֆրանսայի գաղութատիրական քաղաքականութիւնը:

1926-ին տեղի կ’ունենան Ազգային Գաւառական ժողովի ընտրութիւնները, որոնք կ’անցնին բուռն պայքարի եւ զեղծարարութիւններով լի մթնոլորտի մը մէջ։ Աղազարեան կ’ընտրուի Ազգային երեսփոխան Սայտայի շրջանէն։ Այդ պաշտօնին մէջ, ան կը պայքարի ազգային-կրօնական հաստատութիւնները կուսակցական սեփականութիւն դարձնելու ձգտումներուն դէմ: Այդ բովանդակութեամբ, 1926-ին, կը հրատարակէ «Սիսի վերջին Աթոռակալը եւ Մեղապարտ գաւառականը» եւ «Ի°նչպէս կը գողնան գիրքերը»։

16 Սեպտեմբեր 1926-ին,Գաւառական ժողովի նիստի աւարտին, մահակներով զինուած խումբի մը կողմէ յարձակման կ’ենթարկուի ու կը խոշտանգուի։ Դէպքը կ’ելեկտրականացնէ հայկական հիւղաւանը, ուր տեղի կ’ունենան արիւնալի ընդհարումներ:

Շատ չ’անցնիր, Աղազարեան զոհ կը դառնայ զրպարտութեան։ Կը ձերբակալուի եւ տասը ամիս կալանատան մէջ մնալէ ետք կ’առաջնորդուի դատարան։ Դատարանը յարուցուած ամբաստանութեան մէջ զայն մեղաւոր չի գտներ։ Բայց… կը դատապարտէ բանտարկութեան։
15 Յունուար 1927-ին, բանտէն` Գ. Թահմազեանին ուղղուած նամակին մէջ ան կը գրէ. «Գիտցիր, թէ բանտն ու հալածանքը, կախաղանի ու մահուան սպառնալիքը չեն կրնար զիս զսպել եւ ոչ ալ ընկճել գաղափարական պայաքրի առաջ»։
Բանտային հիւանդանոցին մէջ Մ. Աղազարեան կ’ենթարկուի ոճրափորձի` թունաւորման միջոցով։
Մ. Աղազարեան իր ընտանիքով կ’աքսորուի Թրիփոլի։ Այնտեղ կ’ենթարկուի երկրորդ ոճրափորձի մը։ Գիշերը «անծանօթ մարդիկ» կը կրակեն իր վրայ: Իշխանութիւնները Աղազարեանի աքսորավայրը կը տեղափոխեն Պէյթ էտ-Տին։ Այնտեղ, ծրագրուած երրորդ ոճրափորձ մը, Աղազարեանի գաղափարակիցներուն կողմէ կը քօղազերծուի եւ յանցամիտը կը ձերբակալուի։

Աքսորէն ետք, Աղազարեան դարձեալ Պէյրութ է եւ դարձեալ պայքարի կիզակէտին: Յաջորդաբար կը խմբագրէ «Լիբանան» եւ «Ժողովուրդ» թերթերը:

12 Հոկտեմբեր 1933-ին որոշուած էր սկսիլ «Արարատ» օրաթերթի հրատարակումը, Մ. Աղազարեանի խմբագրապետութեամբ։ Այդ երանելի օրը Աղազարեանի ընկերներուն համար կը դառնայ պատմական յուշ։ Հրատարակման նախորդող գիշերը` 11 Հոկտեմբեր 1933-ին, եղբայրասպան գնդակը իր չորրորդ փորձին մէջ կը յաջողի զգետնել ժողովրդային խիզախ առաջնորդը։

Միհրան Աղազարեան իր չքաւոր մանկութենէն մինչեւ եղերական նահատակութիւնը անցուցած է տառապալից, բայց ազնիւ կեանք մը։ Բաժնած է մեր ժողովուրդին դառն ճակատագիրը եւ եղած է հասցուած վէրքը դարմանելու առաջին նուիրեալներէն։ Ջերմ հաւատացող մը եղած է Խորհրդային Հայաստանի վերածնունդին։ Եղած է ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ առաջին պայքարողներէն։

Թաղուած է իր գաղափարակից–բախտակից Ս․ Տխրունիի կողքին։

 

ՄԻՀՐԱՆ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Երբ Աղազարեան բանտէն արձակուեցաւ, դարձեալ սկսաւ կատաղի պայքարի։ Գործ-բան ձգած, կայնեցաւ պատնէշի վրայ։
Անձնական շատ լաւ գործ ունէր, նաւային ընկերութեան մը ներկայացուցիչն էր։ Աղազարեան անտեսեց հանգիստ եւ ընկերային ու ընտանեկան կեանք եւ կարծէք մեր ազգային կեանքի բոլոր ծուռութիւնները ինք պիտի ուղղէր, պայքարեցաւ գրիչով եւ խօսքով, մամուլի էջերէն ու բեմերէն։

ՍԻՍԱԿ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

 

Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Արիւնոտ գոյերթի վկաներ» գիրքէն

 

 

 

ԱԿԱՆԱՏԵՍԻ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ՄԻՀՐԱՆ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆԻՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԸ

1928 թ.-ի ամառը, Միհրան Աղազարեան, պարտադիր բնակութիւն հաստատած էր Թրիփոլիի մէջ: Մահափորձը ձախողեցաւ նախքան գործադրութեան դրուիլը, շնորհիւ Եղիշէ Հինայեքեանին, որ գաղտնիքը իմացած էր Դամասկոսի մէջ եւ տեղեակ պահած Միհրան Աղազարեանը։ Հինայեքեանը նախապէս ինծի հաղորդած էր երեւան հանած գաղտնիքը։ Մահափորձը ձախողեցաւ, ահաբեկիչը ձերբակալուեցաւ եւ սակայն միայն երկու ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, «առանց արտօնութեան զէնք կրած ըլլալուն համար»: Այս առիթով խորհրդակցեցայ Սարգիս Տխրունիի հետ։ Որոշեցինք յայտարարութիւն մը հրապարակել՝ դատապարտելու համար կազմակերպուած մահափորձը: Սարգիս Տխրունին խմբագրեց վերոյիշեալ բովանդակութեամբ ընդարձակ յայտարարութիւն մը՝ «Ժողովրդական պլոք» ստորագրութեամբ։ Յայտարարութիւնը լայնօրէն տարածուեցաւ Պէյրութի մէջ, մեր ընկերներուն կողմէ։

Յարութիւն Մատէեանի «Կեանք մը պատնէշի վրայ» հատորէն

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՃԸՆԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏԻՆ ԵՐԳԸ

Next Post

ՍԱՐԳԻՍ ԱՐՄԱՂԱՆԵԱՆ

Next Post
ՍԱՐԳԻՍ ԱՐՄԱՂԱՆԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ԱՐՄԱՂԱՆԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.