Օդանաւն եկաւ մեծ աւետիսով,
Մեր սրտերն լեցուաւ ուրախ յոյսերով,
Թափ առին բոլոր մանուկներն անզէն,
Անոնք ոգեւոր, թուրք ջարդել կ’ուզեն։
Եղբարք Ատանայէն նամակ գրեցին,
կռուեցէք քաջ դուք, կը հասնինք ըսին,
Սակայն ի՜նչ խաբկանք, օրերը անցան,
Հազար հոգիէն երկուք չերեւցան:
Ապրիլ կամ մեռնիլ վճռեց հաճընցին,
Գրաւենք ըսին՝ թէկուզ առանձին,
Գրաւենք քանդիչ թնդանօթն ահեղ.
Թող յաղթանակ մը տանինք փառաւոր։
Թէ գերի՞ ապրինք, ապրի՛նք մեր մահով,
Թէ պիտի մեռնի՞նք, իյնանք սուրբ մահով,
Սովին ու ցուրտին ամէն զրկանքին,
Այլեւս հանդուրժել երկար չենք կրնար:
ՆՈՒԱՐԴ Ա․ ԱՍՊԵՏ