Ծնած է Սեբաստիա, 1890–ին։
1906-ին կուսակցութեան որոշումով տեռորի կ’ենթարկէ մատնիչ Քիւրքճեանը: Կը փախչի Բրգնիկ։ Կը ձերբակալուի, բայց կը յաջողի կռիւով փախչիլ Մարզուան։ Երկու տարի կը մնայ փախստական։
Թրքական Սահմանադրութենէն ետք կ’անցնի Ամասիա։ Հոն Ընկ․ Յովհաննէս Տինկիլեանին հետ կռուի կը բռնուի թուրք ոստիկաններու հետ։ Կը սպաննեն մի քանին։
1909-ին կ’ապաստանի Պուլկարիա ու կը միանայ պուլկար փարթիզաններուն։ Կը մասնակցի Ռատովիլտէի թրքական սպայական կեդրոնին դէմ եղած ռմբային ոճրափորձին, ուր 30 սպաներ կը սպաննուին։ Կը միանայ Իսթափէն եւ Չաքըր Եօրկիի հրոսակախումբերուն, որոնք լուրջ հարուածներ կու տային թրքական բանակին։
1912-ի պալքանեան պատերազմին կը մտնէ Անդրանիկի կամաւորական գունդին մէջ եւ կը դառնայ «Արարատ» խումբին պետը։ Կիւմիւլճինայի մէջ, Մագաս Թեփէի վրայ մղուած կռիւէն ետք, կը պարգեւատրուի շքանշանով։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին կ’ընդառաջէ կուսակցութեան կոչին, կը կամաւորագրուի եւ կը մեկնի կովկասեան ճակատ։ Կը միանայ կամաւորական 6-րդ Գունդին ու կ’ըլլայ Բ. հարիւրեակի պետ եւ ընդհանուր մարզիչ։ Կը մասնակցի 6-րդ Գունդի բոլոր կռիւներուն եւ ցոյց տուած քաջութեան համար կը պարգեւատրուի շքանշաններով։
Կամաւորական գունդերու զօրացրւումէն ետք, Ալեքսանդրապոլի մէջ, Պանդուխտի հետ կը հաւաքագրէ հնչակեան զինեալ ուժերը։
1917–ին ձիաւոր խումբով մը կը միանայ Անդրանիկի «Յատուկ հարուածող զօրագունդ»ին ու կը մտնէ Էրզրում։ Իր խումբով կ’ապահովէ Տիվնիկի, Կարմիր Վանքի, Ըղտաձորի հայ բնակչութեան նահանջը։ Էրզրումի ընդհանուր նահանջին, Արմաղանեան կը գտնուի Առջեկ գիւղը, ապահովելու համար շրջանի բնակչութեան նահանջը։ Այնտեղ, թիւրիմացութեամբ մը, կ’իյնայ թրքական եւ հայկական հրանօթի կրակին մէջտեղը։ Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի խումբն ու ժողովուրդը դուրս բերել վտանգաւոր վիճակէն։
Անդրանիկին հետ կ’անցնի Զանգեզուր։ Անդրանիկ նպատակայարմար կը գտնէ մտնել Պարսկաստան ու հանդիպիլ անգլիական բանակին։ Իրարմէ կը բաժնուին։ Արմաղանեանի զինակիցը, հնչակեան հին ֆետայի Ս․ Վահագնը (Վահագն Նալպանտեան), խումբին մէկ մասով կ’երթայ Պաքու եւ կը մասնակցի Շահումեանի գլխաւորած Կոմունայի պաշտպանութեան կռիւներուն։ Իսկ Արմաղանեան, 75 ձիաւորներով, շրջան մը կը մնայ Զանգեզուր, ապա կ’անցնի Կիլիկիա։
Կը նշանակուի Միսիսի մէջ հաւաքուած եւ Սիսի վրայով Հաճըն օգնութեան մեկնող 150 կամաւորներու խմբապետ։ 1920 Փետրուարին խումբը ճամբայ կ’ելլէ: Խրմըթի եւ Տէօշէմէի մէջ կռիւի կը բռնուին թրքական բանակին հետ։ Կը հասնին Սիս եւ կը պաշտպանեն քաղաքը կատարուող յաճախակի յարձակումներէն։ Կը գրաւեն Թամլուի պարիսպը։ Ֆրանսական իշխանութիւնները կը ձերբակալեն Արմաղանեանը որպէս «պոլշեւիկ» եւ խումբը կը ցրուեն:
Սիսի պարպումին կ’անցնի Ատանա։ Կը նշանակուի Ախարճայի մէջ կազմուած Հաճըն օգնութեան մեկնող 2-րդ արշաւախումբին հրամանատար։ Արշաւախումբին (500 հոգի) մեկնումը նոյնպէս կ’արգիլուի ֆրանսական իշխանութեան կողմէ։ Այս արարքը ճակատագրական կ’ըլլայ պաշարուած հաճընցիներուն համար, որովհետեւ, մինչ այդ, Ընկ. Ասատուր Սաչեան (Հերոս), հաճընցիներուն տարած էր օգնութեան եկող արշաւախումբին լուրը։ Արմաղանեան կը ձերբակալուի եւ կենդանիներ փոխադրող նաւով մը կը տարուի Մերսին։ Նաւուն մէջ ան կը թաքնուի: Ափ կ’ելլէ Իզմիր։ Կ’անցնի Յունաստան, ապա՝ Ֆրանսա։ Բնակութիւն կը հաստատէ Մարսէյի մէջ, ուր կը շարունակէ կատարել կուսակցական եւ հասարակական պարտականութիւններ։ 1945-ին կը սպաննուի Մարսէլի մէջ։