Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

October 18, 2024
in Միջազգային
0
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

 

 

Ամերիկեան Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Իսրայէլին փոխանցած է իր ընդդիմութիւնը՝ Պէյրութի խիտ բնակեցուած շրջաններուն նկատմամբ գործուած գրեթէ ամէնօրեայ հարուածներուն: «Յստակօրէն բացատրեցինք, որ իսրայէլեան գործողութիւնները պէտք չէ վտանգեն քաղաքացիներուն կեանքը, իսկ մենք պիտի շարունակենք դիւանագիտական ջանքերը՝ վերջ տալու Հըզպալլայի հետ սրած լարուածութեան», յայտարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահական պալատը:

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքժի կարեւորեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն անյապաղ դադրեցումը: «Կը զգուշացնենք տարածաշրջանին մէջ իսրայէլեան նոր արկածախնդրութիւններէ», ըսաւ նախարարը: Ան զրուցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ եւ պահանջեց կազմակերպութեան միջամտութիւնը՝ վերջ տալու պատերազմին: Յորդանանի արտաքին գործերու նախարար Այման Սաֆատի իր ամերիկացի պաշտօնակից Անթոնի Պլինքընի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց Լիբանանի դէմ պատերազմին վերջ տալու եւ 1701 բանաձեւը գործադրելու հրատապութիւնը: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սալման ու Եգիպտոսի նախագահ Ապտ ալ-Ֆաթթահ Սիսի պահանջեցին յարգել Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ ապահովութիւնը, կոչ ուղղելով ձեռնարկելու իրավիճակը հանդարտեցնող քայլեր, որպէսզի զինադադար յայտարարուի Լիբանանի ու Կազայի մէջ: Իսկ Եգիպտոսի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի թիրախաւորումը համարեց միջազգային օրէնքի խախտում: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Եւրոմիութեան պաշտպանութեան նախարարները դատապարտած են Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն ուղղուած յաձակումներն ու սպառնալիքները, իսկ Իրլանտայի վարչապետը յիշեցուց, որ խաղաղապահները պաշտպանուած են օրէնքի ուժով, պահանջելով անոնց տրամադրել եւրոպական եւ արաբական աջակցութիւն: Պրիւքսէլի մէջ գումարուեցաւ Եւրոմիութեան եւ Ծոցի արաբական երկիրներու գագաթաժողով, որուն մասնակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի վիճակով, զօրակցեցան լիբանանցիներուն եւ պահանջեցին զինադադարի անյապաղ գործադրութիւն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԷՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

Next Post

ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼ ԿԱՊԻ ՈՒՂԻՆԵՐԸ

Next Post

ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿԵԼ ԿԱՊԻ ՈՒՂԻՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.