Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԷՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

October 18, 2024
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԷՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

 

 

Իսրայէլեան երէկուայ կատաղի հարուածներուն լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յանձնակատարը դատապարտեց ռմբակոծումի ալիքները եւ ահազանգեց, որ հարաւի մէջ տեղի ունեցածը կը համարուի միջազգային մարդասիրական օրէնքի անընդունելի խախտում:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց քաղաքացիները թիրախաւորող իսրայէլեան յայրձակումները եւ հարց տուաւ, թէ արդեօ՞ք տակաւին օգտակար է դիմել ՄԱԿ-ին եւ պահանջել զինադադար: Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն առնչութեամբ նոր բողոք մը ներկայացուց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, միջազգային ընտանիքէն պահանջելով ճնշում բանեցնել Իսրայէլի նկատմամբ, որպէսզի անյապաղ վերջ տայ թշնամական արարքներուն:

Պքըրքիի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եւ մահմետական յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերու եւ ներկայացուցիչներու գագաթաժողով, որուն եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղուեցաւ իսկոյն ժողով գումարելու եւ պահանջելու զինադադար: Ժողովականները խստիւ դատապարտեցին իսրայէլեան ոճրագործութիւնները եւ միջազգային ընտանիքին լռութիւնը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով տեղահանուած ու տառապող լիբանանցիներուն: «Իրենց միասնականութեամբ եւ համագործակցութեամբ լիբանանցիները կրնան դիմակայել թշնամական արշաւը եւ զսպել թշնամին», նշուեցաւ հոգեւոր պետերու յայտարարութեան մէջ, ուր յանձնառութիւն յայտնուեցաւ Թայէֆի ուխտին, Լիբանանի Սահմանադրութեան եւ պետական հաստատութիւններուն՝ որպէս հողերը պաշտպանելու պատասխանատուն:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՐԴԵՕՔ ԱՅԼԵՒՍ ԻՄԱՍՏ ՈՒՆԻ՞ ԴԻՄԵԼ ՄԱԿ-ԻՆ

Next Post

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.