Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԴԵՕՔ ԱՅԼԵՒՍ ԻՄԱՍՏ ՈՒՆԻ՞ ԴԻՄԵԼ ՄԱԿ-ԻՆ

October 18, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՐԴԵՕՔ ԱՅԼԵՒՍ ԻՄԱՍՏ ՈՒՆԻ՞ ԴԻՄԵԼ ՄԱԿ-ԻՆ

 

Անցնող երկու օրերուն Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տիրած համեմատական հանդարտութիւնը երկար չտեւեց եւ երէկ վաղ առաւօտեան իսրայէլեան օդուժը մեծ հարուած տուաւ Հարէթ Հրէյք շրջանին, բնակիչներուն ուղղուած սպառնալիքներէն կարճ ժամանակ ետք: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ յարձակումին թիրախն էր «Հըզպալլայի ռազմավարական զինատեսակներու ստորգետնեայ մթերանոց մը»: Նոյնպէս առաւօտեան ժամերուն, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը հսկայածաւալ հարուած տուին Նապաթիէ քաղաքի շարք մը թաղամասերու՝ ներառեալ քաղաքապետարանը, ուր կը գումարուէր մարդասիրական օգնութիւններու համակարգումի ժողով մը: Հարուածէն մահացան քաղաքապետը եւ 7 անձեր՝ ներառեալ քաղաքացիական անվտանգութեան պաշտօնեայ մը: Իսկ հարաւի սահմանագիծին վրայ, իսրայէլեան յատուկ ուժեր ականահարելով գրեթէ ամբողջութեամբ պայթեցուցին առաջնագիծի Մհայպիպ գիւղը եւ տեսագրութիւնը տարածեցին համացանցի վրայ: Երէկուայ յարձակումներու շարքին, Պեքաայի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծուեցաւ Պաալպաք գաւառի Եամմունէ գիւղը, ուր ինկաւ երկու զոհ եւ 15 վիրաւոր: Մերձակայ Եունինի մէջ վիրաւորուեցաւ վեց մարդ, իսկ երկու մարդ մահացաւ Ռայաք-Պաալպաք ճամբուն թիրախաւորումէն: Հարաւի մէջ երեք մարդ մահացաւ եւ 54 ուրիշներ վիրաւորուեցան Քանայի ռմբակոծումին պատճառով: Չորս մարդ ալ երեկոյեան մահացաւ հարաւային Հապուշի ռմբակոծումէն: Ժուայա գիւղին մէջ տարուած շտապ օգնութեան աշխատանքներուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ Կարմիր խաչի երկու կամաւոր:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ անցնող 24 ժամերուն ընթացքին աւելի քան 140 թիրախ հարուածած է լիբանանեան առնուազն 50 շրջանի մէջ: Իսկ Հըզպալլա յայտարարեց իսրայէլեան սահմանային դիրքերը եւ բնակավայրերը ռմբակոծելու մասին, առ ի հակադարձութիւն քաղաքացիներու նկատմամբ գործուած ոճիրներուն: Ըստ Հըզպալլային, «զինեալ ծանր բախումները շարունակուած են սահմանային Ատէյսի եւ Քաուզահ շրջաններուն մէջ, ուր թշնամի ուժերը կրած են ծանր կորուստներ»: Իսրայէլեան կողմը խոստովանեցաւ հինգ մահի եւ 15 վիրաւորի մասին, մինչ շտապ օգնութեան ծառայութիւնը նշեց, թէ Մաժտ Քրումի մէջ Հըզպալլայի հրթիռներէն ինկած է չորս վիրաւոր:

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու սկիզբէն ի վեր զոհուած է 2367 մարդ, իսկ վիրաւորներուն թիւը հատած է 11 հազարը:

Share62Tweet39
Previous Post

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ –  ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է ՄԵՏԱԼ ՄԸ

Next Post

ՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԷՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

Next Post
ՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԷՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

ՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԷՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՐԴՈՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.