Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մինչեւ 22 տարեկաններու ախոյեանութեան մրցումներուն, բռնցկամարտուհի Էլիտա Քոչարեանը, քառորդ եզրափակիչին յաղթելէ ետք վրացի Լանա Պոլկվածէին, ինքնաբերաբար ապահոված է առնուազն պրոնզէ մետալը:
Նշենք, որ Հայաստան քառորդ եզրափակիչներու մէջ մրցելու համար տակաւին ունի ութ բռնցկամարտիկ: Այսօր, կիսաեզրափակիչ դուրս գալու եւ մետալ ապահովելու համար պայքար պիտի մղեն տղաները։
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԱՐԱԹԷ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆՈՒԱՃԱԾ Է 13 ՄԵՏԱԼ
Աւանդական քարաթէի Հայաստանի հաւաքականը 13 մետալ շահած է 7-14 Հոկտեմբերին Փորթուկալի մէջ կայացած ITKF-ի աշխարհի 22-րդ ախոյեանութեան ընթացքին։
Ֆետերասիոնի նախագահ Սուրէն Մաթեւոսեանի գլխաւորած հաւաքականը նուաճած է 5 ոսկի, 6 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալ անհատական ու խմբային մրցումներու ընթացքին:
Մեծահասակներու պայքարին մէջ իրենց հաւասարը չեն ունեցած Նարեկ Իսքանտարեանը, Արթուր Ոսկանեանը եւ Յովհաննէս Յակոբեանը, որոնք խմբային «Քադա» մրցաձեւին մէջ դարձած են աշխարհի ախոյեան։ Ի դէպ, սա աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին Նարեկ Իսքանտարեանի երկրորդ նուաճումն է։
18-20 տարեկաններու խմբակին մէջ անհատական «Քադա» մրցաձեւով Էրիկ Յովսէփեանը դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
16-17 տարեկաններու խմբակին մէջ անհատական «Քումիթէ» մրցաձեւին մէջ աշխարհի ախոյեանի կոչումը նուաճեց Շահէն Առաքելեանը, իսկ Տիգրան Աբրահամեանը դարձաւ է փոխախոյեան։
14-15 տարեկաններու խմբակին մէջ անհատական «Ֆուքու-կօ» մրցաձին մէջ Դաւիթ Քոճամանեանը դարձաւ փոխախոյեան, իսկ նոյն տարիքայինին՝ անհատական «Քադա» մրցաձեւի մէջ Գագիկ Յովհաննիսեանը նուաճեց պրոնզը:
Տիգրան Աբրահամեանը 16-17 տարեկաններու խումբին մէջ, «Ֆուքու-կօ» մրցաձեւով հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան, Շահէն Առաքելեանը՝ փոխախոյեան:
16-17 տարեկաններու խմբային «Քադա»-ի մէջ Արթուր Խաչատրեանը, Տիգրան Աբրահամեանը եւ Դաւիթ Քոճամանեանը արծաթ մետալի արժանացան։
Հայաստանի հաւաքականը 13 մետալով 40 պետութիւններու մէջ կը գրաւէ 5-րդ տեղը:
Ի դէպ, աշխարհի առաջնութենէն առաջ տեղի ունեցած էր նաեւ Եւրոպայի մինչեւ 14 տարեկաններու բաժակի խաղերը։ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Եւրոպայի բաժակակիր դարձած էին Արթուր Ալեքսանեանը, Միքայէլ Յարութիւնեանը, Նարեկ Ջանիբեկեանն ու Աշոտ Երիցեանը։ Վերջին երեքը նուաճած են նաեւ արծաթէ մետալ։
«ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԻԿԱ»
4-ՐԴ ՓՈՒԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԷՆ
Ատրպէյճան x Սլովաքիա 1 – 3
Վրաստան x Ալպանիա 0 – 1
Իտալիա x Իսրայէլ 4 – 1
Պոսնիա Հերցեկովինա x Հունգարիա 0 – 2
Իսլանտա x Թուրքիա 2 – 4
Էսթոնիա x Շուէտ 0 – 3
Պելճիքա x Ֆրանսա 1 – 2
Ուքրանիա x Չեխիա 1 – 1
Կալես x Մոնթենեկրօ 1 – 0
Գերմանիա x Հոլանտա 1 – 0