Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲԱՆՏԻ ԳՈՐԾ

October 18, 2024
in Յօդուածներ
0
ԲԱՆՏԻ ԳՈՐԾ

 

 

Անտիոքի շրջանի հայոց մասին պատմա-ազգագրական նիւթերու պրպտումներուս մէջ հանդիպած եմ նիւթական մշակոյթի վերաբերող բազմաթիւ նիւթերու, որոնց կը տրուի ԲԱՆՏԻ ԳՈՐԾ ընդհանուր անունը:  Բանտի գործ անուանումը կրնայ վերաբերիլ բոլոր բանտերուն․ բայց այս պարագային բանտը ֆրանսական իշխանութեան տարիներուն կազմաւորուած Աղեքսանտրէթի սանճաքի Անտիոքի բանտն է, ուր մինչեւ 1939 արգելափակուած կը մնային  սուէտիացի եւ քեսապցի հայեր եւս։

 

Այստեղ մեզ անշուշտ այնքան չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ ամբաստանութիւններով դատուած ու բանտարկուած են անոնք, որքան այն, թէ առհասարակ ի՞նչ զբաղումներ ունեցած են անոնք բանտին մէջ:

 

Բանտարկեալներէն ոմանք հետաքրքրական զբաղումներ ստեղծած են իրենց համար։ Զբաղած են ձեռային աշխատանքներով, շինած են համրիչներ, ծխամորճեր,  ճարմանդներ, մանաւանդ, տեսածներուս մէջ, շատ կը հանդիպին գոյնզգոյն հլուններով պատած պայուսակներ, դրամապանակներ, կանացի մուճակներ, նկարի շրջանակներ, յատկապէս կուսակցական գործիչներու լուսանկարներու շրջանակներ։ Օգտագործուած տարրերն են կտաւ, ապրշումի թել, հլուն, ձիթապուղի կորիզ, փայտ, ծեղ՝ ցորենի ցօղուն եւ այլն։

 

Հետաքրքրական է դիտել տալ, որ բաւական շատ ըլլալու են դաշնակցական եւ հնչակեան բանտարկեալներու կողմէ շինուած յեղափոխական գործիչներու (Քրիստափոր-Ռոստոմ-Զաւարեան, Սարգիս Տխրունի) նկարակալ շրջանակներ, որոնց վերին հորիզոնական փայտին վրայ տարբեր նիւթերով շինուած են իրենց պատկանած կուսակցութեան զինանշանները։ Գիտեմ, որ եղած են նաեւ համայնավար բանտարկեալներ, բայց անոնց կողմէ պատրաստուած բանտի գործերու չեմ հանդիպած։

 

Այս ձեռագործը կատարուած է կտաւի վրայ գունաւոր հլունաշարով (տե՛ս նկարը)․ կը ներկայացնէ զինանշանը, նշանախօսք մը, տեղը՝ Ան(տիոքի) բանտ), թուականը՝ 6․ 1935, բանտարկեալի անուան յապաւումը՝ ՊՅՄ․ սա Պօղոս Յ․ Մանճիկեանն է (ասոնց տունը տակաւին կանգուն է, Գարատուրան, կը կոչուի Շօնկըրդուղինց տընվէն, հիմա կը պատկանի մուխթար Աբօ Ղազարեանին)։

 

Գործը Կը պատկանի Վարդան Գալեմտէրեանի, Գարատուրան։

 

 

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

(Երեւան)

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 16. ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐ

Next Post

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ –  ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է ՄԵՏԱԼ ՄԸ

Next Post
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ –  ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է ՄԵՏԱԼ ՄԸ

ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏ -  ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ Է ՄԵՏԱԼ ՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.