Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 16. ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐ

October 18, 2024
in Մշակութային
0
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 16. ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐ

 

Հայաստանի կառավարութիւնը 2004 թուականի Ապրիլ 22-ին ողջունելի քայլով մը որոշում ընդունած է Հոկտեմբեր 16-ը հաստատել որպէս «Մամուլի աշխատակիցներու օր», որ հետագային վերանուանուած ու դարձած՝ «Հայկական մամուլի օր»։ Ինչո՞ւ տարուան 365 օրերէն ա՛յդ թուականն է ընտրուած՝ յարգելու եւ մեծարելու Հայոց հրատարակչական աշխարհին հետ առնչակից մարդիկը, ինչո՞ւ 16 Հոկտեմբերը եւ ոչ այլ թուական: Քանի որ թուականէս ճիշդ 230 տարի առաջ՝ 1794-ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ Յարութիւն Շմաւոնեան անունով քահանայի մը խմբագրութեամբ եւ ջանքերով կը տպագրուէր առաջին հայկական ամսագիրը՝ «Ազդարար»ը։ Այո՛, այսքան պարզ:

Դժբախտաբար սփիւռքահայ օրացոյցներուն վրայ այսօրինակ օրեր կը բացակային: Սփիւռքահայ գրասենեակային պաշտօնեան, արհեստաւորը, մամուլի ծառան, դարմանատան հիւանդապահուհին, միութենականը, նուաճում արձանագրած մարզիկը, ընկերային ծառայողն ու ակումբին պահակը այսօրինակ «Օր»ուան մը արժանի նկատուած չեն: Հատուկենտ «օր»եր միայն կը տօնուին անկախաբար, այն ալ տեղական կամ միջազգային տօներէն ետ չմնալու համար միայն: Միասնական յանձնախումբեր չկան այօրինակ հարցերը քննարկելու, որոշելու եւ համապատասխան ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ որոշումներով քաջարի քայլեր առնելու: Ամէն մէկ միութիւն, հաստատութիւն, ընկերութիւն ինք իր պայմաններուն եւ նիւթականին յարմարութեամբ շարժելով միայն կը մտածէ իր անդամները, վեթերանները, մամուլի աշխատակիցները եւ այլն պատուե՞լ, թէ՞ ոչ:

Այս տրամաբանութեամբ է որ կ’ողջունենք 20 տարի առաջ հայրենի կառավարութեան կայացուցած որոշումը: Այս տօնին առիթով, Մշակութային էջով եւ «Արարատ»ի  ընտանիքին անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայրենիքի եւ Սփիւռքի բոլոր գործընկերները, մաղթելով անոնց յարատեւութիւն եւ համբերութիւն իրենց սրբազան առաքելութեան մէջ:

 

«ԱԶԴԱՐԱՐ»Ի ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ «Ազդարար»ը:

Արդէն նշեցինք, որ «Ազդարար»-ը հայկական առաջին եւ Հնդկաստանի առաջին ոչ-անգլերէն տպագիր պարբերականն է: Հիմնադրուած է Մատրաս քաղաքին մէջ 1794 Հոկտեմբեր 16-ին, Շիրազ քաղաքի ծնունդ Տէր Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի ձեռամբ եւ միջոցներով: «Ազդարար»-ը գործած է մինչեւ 1796 թուականի Մարտ ամիսը: Այս 17 ամիսներուն, երախտաւոր Տէր հայրը հրատարակած է 18 թիւեր, իւրաքանչիւրը մօտ 50 էջէ բաղկացած: Այսինքն 965 էջ ընդհանուր ծաւալով: Այնուհետեւ հրատարակութիւնը դադրած է նիւթական դժուարութիւններու պատճառով:

Բանիմաց քահանան տպագրած է գրաբարով, մասամբ՝ հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով։ Անդրադարձած է հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, ազատագրութեան խնդիրներուն։ Տպագրած է նաեւ բարոյա-խրատական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, դաստիարակչական յօդուածներ, իրազեկելով Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին։ Ամսագիրը գաղութահայերուն յորդորած է վերադառնալ հայրենիք։

 

Վերահրատարակում.

«Ազդարար»-ը վերստին հրատարակուած է 2007 թուականին, Քալքութայի մէջ, ամերիկահայ աստղագէտ Նորա Անդրէասեանի մեկենասութեամբ։ Վերահրատարակուող «Ազդարար»-ի խմբագիրն է Մարտիկ Սարգսեանը։ Նոր «Ազդարար»-ը տարբեր մեկենասներու կողմէ հովանաւորուող գունաւոր հանդէս մըն է՝ բաղկացած 40 էջէ։

 

 

 

 

 

ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Ծնած է 1750 թուականին, Պարսկաստանի Շիրազ քաղաքին մէջ: Ուսանած է իր ծննդավայրին մէջ, իսկ քահանայ ձեռնադրուած՝ Ամենափրկիչ վանքին մէջ: Մինչեւ 1777-ը պաշտօնավարած է ծննդավայրին մէջ։ 1777-1784 անցած է մենակեացութեան, ինքնուրոյն ուսումնասիրած է պարսկերէն ու արաբերէն, գրականութիւն, փիլիսոփաութիւն, աստուածաբանութիւն, սորված է արհեստներ:

1784-ին որպէս աւագ քահանայ ուղարկուած է Մատրաս-Հնդկաստան։ Տեղի հայութիւնը ծանօթացուցած է բրուտագործութեան, ձիթահանութեան եւ այլ արհեստներուն։ 1789 թուականին հիմնադրած է Մատրասի երկրորդ հայկական տպարանը, ուր հրատարակած է հայալեզու ութ գիրք, իսկ 1794 թուականին՝ «Ազդարար»-ը։

1809-ին տպարանը յանձնելով իր աշակերտներուն, ամբողջապէս նուիրուած է գաղութի հասարակական-լուսաւորական կեանքին։ Ունենալով ընդգծուած ռուսամէտ կողմնորոշում, սերտ կապերու մէջ եղած է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յառաջադէմ շրջանակներու հետ, հանգանակութիւններ կազմակերպելով ի նպաստ կրթական եւ մշակութային գործին ։

Վախճանած է 21 Փետրուար 1824-ին, Չեննայ, Հնդկաստան:

 

Share75Tweet47
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ԲԱՆՏԻ ԳՈՐԾ

Next Post
ԲԱՆՏԻ ԳՈՐԾ

ԲԱՆՏԻ ԳՈՐԾ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.