Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

October 18, 2024
in Այլազան
0

 

16 Հոկտեմբեր 2024: Տարուան 290-րդ օրն է (նահանջ տարի)։

2024-ի աւարտին կը մնայ 76 օր։

 

Դէպքեր – Տօներ

1920 – Հաճըն, Արշալոյսին Սաղըր Սէքի անտառախիտ մեծ բլուրը հասանք: Հոն գտանք Արամ Կայծակը 150 ռազմիկներով: Կամաց-կամաց մեզի միացան խումբ մը տղաք եւ դարձանք 250 երկսեռ բազմութիւն մը: (Սոկրատ Թերզեան)

Ցերեկը անկարելի կ’ըլլայ քալել: Ստիպուած մինչեւ մութը Սաղըր Սէքի կը մնան: Անձրեւ սկսաւ: Որոշեցին Քիրազ լեռներէն Թափանի վրայով քալել, որ աւելի ապահով էր: (Մեսրոպ Շխրտըմեան)

1840 – Նոր Զիլանտան կը յայտարարուի որպէս Մեծն Բրիտանիոյ գաղութ:

1923 – Լոս Անճելըսի մէջ կը հիմնադրուի «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութիւնը:

1978 – Lեհ Քարոլ Վոյտիլան Յովհաննէս Պօղոս Բ. կ’ընտրուի Հռոմի 264-րդ պապ:

1991 – Լեւոն Տէր Պետրոսեան կը դառնայ Հայաստանի առաջին նախագահ:

2004 – Հայաստանի մէջ «Հայ մամուլի օր», ի նշանաւորումն 1794 թուականի նոյն օրը Մատրասի մէջ հայ մամուլի առաջնեկին՝ «Ազդարարի» լոյսընծայման:

 

Ծնունդներ

1983 – Զաւէն Լեւոնի Տոլապճեան, եգիպտա-ամերիկահայ բժիշկ, սրտաբան։ Բժշկական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր։ 1956-էն եղած է Երեւանի սրտաբանութեան եւ սրտային վիրաբուժութեան համալսարանի սրտային վիրաբուժութեան ԳՀԻ սրտաբանութեան բաժանմունքի վարիչը, իսկ 1972-էն՝ ՀՍՍՀ Գերագոյն խորհուրդի Նախագահութեան անդամ։

1926 – Զարեհ Խրախունի (Արթօ Ստեփանի Ճիւմպիւշեան), իսթամպուլահայ բանաստեղծ: Ծնած է Իսթամպուլի Եշիլգիւղ արուարձանը։ 1951-ին աւարտած է Կ. Պոլսոյ համալսարանը։ Գրական առաջին փորձերը կատարած է 1943-էն։ Առաջին հրատարակուած գործը՝ «Յաղթականը», լոյս տեսած է 1948-ին «Սան» գրական ամսաթերթին մէջ։ Պաշտօնավարած է Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Հեղինակ է բանաստեղծութիւններու ժողովածուներու, արուեստաբանական ու գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու։

1886 – Յակոբ Մնձուրի, բուն անունով՝ Յակոբ Թեմերճեան (Տեմիրճեան), պոլսահայ արձակագիր, Կարօտի գրականութեան հիմնադիրներէն եւ վառ ներկայացուցիչներէն մին։ «Կապոյտ լոյս», «Արմտան», «Երկրորդ ամուսնութիւնը», «Կռունկ, ուստի՞ կու գաս» պատմուածքներու ժողովածուներու հեղինակ։

1841 – Իտօ Հիրոպումի, Ճափոնի առաջին եւ քառակի վարչապետը:

1854 – Օսքար Ուայլտ, իրլանտացի գրող եւ բանաստեղծ:

1886 – Դաւիթ Պէն-Կորիըն, Իսրայէլի հիմնադիր եւ առաջին վարչապետ:

1906 – Ամինէ Աւտալ, հայաստանցի քիւրտ գրող:

1953 – Փաուլօ Ռոպերթօ Ֆալքաու, պրազիլցի ֆութպոլիստ:

 

 

Մահեր

1553 – Գերմանացի նկարիչ Լուքաս Կրանախ Աւագ:

1793 – Ֆրանսայի թագուհի Մարի Անթուանեթ:

1991 – Առաքել Առաքելեան, գեղանկարիչ,ՀԽՍՀ վաստակաւոր արուեստագէտ:

2003 – Շարժապատկերի եւ թատրոնի դերասան Սերկէյ Իսրայէլեան:

1981 – Մոշէ Տայան, Իսրայէլի ռազմական առաջնորդ եւ քաղաքական գործիչ։ Որպէս 1948 Արաբո-Իսրայէլեան պատերազմի Երուսաղէմի ճակատի հրամանատար, 1956 թուականի Սուէզի ճգնաժամի ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի հրամանատար, 1967-ի Վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին պաշտպանութեան նախարար: Ան աշխարհին համար դարձած էր Իսրայէլի նոր պետութեան մարտական խորհրդանիշը։ Լիբանանեան դիմադրական ուժերու հետ պայքարի ընթացքին կորսնցուց իր մէկ աչքը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱԳԻՐ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 16. ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐ

Next Post
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 16. ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐ

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 16. ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.