Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱԳԻՐ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

October 18, 2024
in Յօդուածներ
0

 

 

Ա) Նորութիւն մը չ’ըլլար, եթէ ըսեմ թէ հայերէն կարդացողներու թիւը ահաւոր վայրէջք արձանագրած է հետեւեալ պատճառներով.

– Տարիքի պատճառած դժուարութիւններ, ինչպէս՝  տեսողութեան վատթարացում։

– Նոր սերունդին մօտ անտարբերութիւն առհասարակ ընթերցանութեան նկատմամբ, ուր մնաց հայկական նիւթերու մասին երկարապատում յօդուածներու։

Բ) Յարգելի հայագիր յօդուածագիրներ, ես ալ ներառեալ, մենք կը կարծենք, նոյնիսկ հաւատացած ենք որ շատ կարեւոր հարցերու մասին կը գրենք, բայց իրական դաշտին վրայ պատկերը տարբեր է։ Օրինակ խաղքութեան (սքանտալային) բնոյթի գրութիւնները աւելի շատ ընթերցողներ կը հրաւիրեն, որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն մամուլը վերածուեցաւ արդիւնաբերութեան եւ պիզնեսի ու յաջողեցան օգտագործել սովորական մահկանացուներուս նորութիւններու ետեւէն վազելու տկարութիւնը։

Գ) Ընթերցողներու եւ հանդիսականներու մեծամասնութիւնը խուժելով կը լեցնէ կատակ-կերուխումներու  կամ խրախճանքներու սրահները, քան «լուրջ» նիւթ ներկայացնող հանդիսասրահները։ Դժբախտաբար շատ քիչ են դասական եւ լուրջ թեմաներով հետաքրքրուողներու թիւը։ Այսօր հասարակ մահկանացուն հաճելի ժամանց (entertainment & fun) կը փնտռէ։

Պէտք չէ յուսահատինք, այլ ուղիներ փնտռենք յարմարելու նոր կացութեան՝ առանց մեր սկզբունքներէն հրաժարելու։ Արեւմտա-եւրոպական մամուլը, հեռուստացոյցն ու զանգուածային լրատւութունները արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր որդեգրած են նոր մօտեցում մը՝ աշխատիլ հնարաւորին չափ քիչ բառերով շատ բան ըսել եւ խուսափիլ երկրորդական մանրամասնութիւններէ։ Նոր մամուլը նաեւ կը խուսափի երկրորդական եւ միջանկեալ նախադասութիւններով ուռճացած պարբերութիւններէ։

Կան մասնագիտական պարբերականներ եւ հրատարակութիւններ, որոնք ունին իրենց յատուկ ընթերցողները. Սա այլ մակարդակի մամուլ է, ուր հեղինակները կրնան լրացուցիչ տեղեկութիւններու, ծանօթագրութիւններու եւ փաստերու առատութեամբ հանդէս գալ գիտական, հասարակական խնդիրներու, կրօնական մեկնաբանութիւններու, նոր հրատարակուած հատորի մը մասնագիտական ամբողջական գրախօսութեան, գրական եւ նման նիւթերու շուրջ։ Մեր փորձառութենէն ելլելով հայ մամուլին մէջ այսօրինակ գրութիւնները «էջեր կը լեցնեն» եւ կ’արհամարհուին տարիքը առած ընթերցողներու կողմէ, ա՛լ չեմ խօսիր այն մասին, թէ երիտասարդները ընդհանրապէս «կը ցատկեն» անոնց վրայէն…

 

ԿԱՐՃ ԳՐԵՆՔ, ՊԱՐԶ ԳՐԵՆՔ, ՄԵԾ-ՄԵԾ ԲԱՐԴ ՈՒ ԲԱՐԴԱԾԱՆՑ ԲԱԶՄԱՎԱՆԿ ԲԱՌԵՐՈՒ ՈՒԺԻՆ ՉԴԻՄԵՆՔ։

 

Բարեկամաբար՝

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Լոս Անճելոս

Share62Tweet39
Previous Post

ԹԱԹՈՒԼ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.