Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԱՄՈ՞ՒՏ Է, ՎԵՐԱՄՈՒՏ ՉԷ՞ 

October 18, 2024
in Յօդուածներ
0

 

Գրե՞լ, թէ՞ չգրել դպրոցական վերամուտի մասին: Ա՛յս է խնդիրը:

Անշուշտ պարտադիր պարտականութիւն է հերթական անգամ ողջունել վերամուտը: Ա՛յս է աւանդութիւնը:

Սակայն կը դողդողան այն ձեռքերը, որոնք պիտի համարձակին գրել վերամուտի մասին: Լիբանանի տարածքին սուգը իր սեւ շղարշը տարածած է սառնասրտօրէն. ոսոխին օդուժը չի դադրիր աւեր սփռելէ համարեա ամէն օր. մահուան գերանդին կը շարունակէ հնձել նոր զոհեր: Լիբանանի պատմութեան ամենադժխեմ օրերն են որ կ’արձանագրուին մարդկանց յիշողութիւններուն մէջ: Իսկ ամենածանր փաստը՝ անորոշ ապագան է անկասկած:

Վերամուտը դրական ու լաւատեսական լիցքեր փոխանցող պատգամ մը ունի իր մէջ. կեանքի շարունակականութեան, գիտելիքի եւ կրթութեան տարածման բարեմասնութիւններով օժտուած է ան: Առաջին զանգը վարժարանին կարծէք նոր կենդանութեան զարթուցիչը ըլլար: Կրթական անձնակազմ-ծնողներ-աշակերտութիւն անքակտելի եռեակը գործի կը լծուին բարեյոյս կրթական տարեշրջան մը բոլորելու համար:

Ափսո՜ս: Այս երջանկաբեր առիթը զլացուեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին: Ռմբակոծուող Լիբանանի հարաւէն խոյս տուած գաղթականներուն, անոնց տնազրկութեան, թշուառութեան, կենցաղային տարրական պայմաններէն զրկուելուն ի տես, ի՞նչպէս ապրիլ բնականոն կեանք մը եւ այն ալ կրթական տարեշրջան մը՝ որ կ’ենթադրէ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ լաւատեսութիւն:

Ենթադրաբար, վերամուտը համատարած ոգեւորութիւն պէտք է ըլլայ, երբ դպրոցներու բակերը կը զրնգան երեխաներու ճռուողիւնով, երբ դասարաններէն կ’արձագանգեն պատանիներու անմեղ ձայներն ու հետաքրքրասէր հարցումները, երբ խինդն ու զբօսանքը կենդանութիւն կը պարգեւեն վարժարաններու լուռ պատերէն ներս: Իսկ ի՜նչ հոգելլկիչ է պատկերը՝ երբ հոն ամայութիւն է տխրամած, երբ վախն ու մահուան ուրուականը պլլուած է քիչ մը ամէնուր: Դպրոցական բարի զանգին փոխարինած է պատերազմի ահազանգը… Իսրայէլեան հերթական յարձակումն է որ կը մօտենայ:

Պատերազմը կապարի ծանրութեամբ չոքած է Լիբանանի վրայ: Հակամարտ ուժերը կը կռուին իրենց կանոններով, իրենց անգութ եւ դաժանաբարոյ սկզբունքներով, բայց ո՞վքեր են զոհերը, որո՞նք կը վճարեն գինը ահազարհուր այս խաղին:

Առաջին զոհերէն են դպրոցականները: Անոնք պիտի ցնծա՞ն վերամուտին, թէ՞ պիտի մնան վախուորած, պիտի փակուի՞ն դարպասները դպրոցին, պիտի կիսա՞տ մնան դասաւանդութիւնն ու գիտելիքներու ամբարումը: Իրօք, վերամուտը մռայլ է այս տարի. վերամո՞ւտ է, վերամուտ չէ՞, ո՞վ կրնայ հաստատել:

Վերամուտը եթէ կենդանութեան ապացոյցն է, ուրեմն կայ ուրիշ թախծալի պատկեր մը եւս: Այն վարժարանները, որոնք անցեալին բազկատարած թեւերով սաներ կ’ընդունէին բերկրալից, այսօր՝ լուռ են եւ փակուած: Մեր յիշողութիւններէն, այս առթիւ, կը տողանցեն այնպիսի վարժարաններու անուններ, որոնք արդէն անցած են պատմութեան գիրկը: Անոնք դպրոցաշէնքեր էին եւ եռուն աշակերտութիւն. այսօր՝ անշնչացած, դիակներու վերածուած պատեր ու դասարաններ, անկենդան կառոյցներ: Հետեւաբար, վերամուտը անցեալի կարօտ է նաեւ բազմաթիւ դպրոցներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համար: Հոգեկան ինչպիսի՜ տագնապանք է վերամուտը այս պարագաներուն. աղէտի մը վերյիշումը պարզապէս. անբաղձալի՛ վերյիշումը: Ուրեմն՝ վերամո՞ւտ է թէ՞ վերամուտ չէ: Ահա կսկիծ մը որ դառնօրէն կը կիզէ սիրտերը շատերու:

Վերամուտը յոյս է եւ լոյս է՝ եթէ վերամուտ է: Վերամուտը ցաւ է եւ լաց է՝ եթէ վերամուտ չէ:

Անհունօրէն պիտի մաղթենք, որ ի հեճուկս բացասական հանգամանքներու, հակառակ ծանրօրէն կուտակուող թուխպ ամպերու, յոյսի նշոյլն ու ծիծղուն խինդը թեւածեն հոն՝ ուր վերամուտ կայ: Կեանքի թաւալող անիւը կը հակի վերամուտին կողմը եւ դէպի լոյս ճանապարհն է որ կը հաւանին մարդիկը: Ա՛յս է օրուան հրամայականը:

Ինչ խօսք, առանց վերամուտի կը դադրի կեանքը: Իսկ ո՞վ պիտի ուզէր դադրած տեսնել կեանքը. առաւել եւս՝ նորափթիթ սերունդը:

Վերամուտ է կամ վերամուտ չէ, ողջունենք նոր տարեշրջանին արշալոյսը՝ որ ճառագայթէ խաւարամած անկիւններն ու գորշագոյն տրամադրութիւնները:

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՏԱԼԻԱ ԵՐԱՇԽԻՔ ՊԱՀԱՆՋԵՑ

Next Post

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ ԱՅԲՈՒԲԵՆԱԿԱՆ

Next Post

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ ԱՅԲՈՒԲԵՆԱԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.