Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնին երաշխիքներ պահանջեց Լիբանանի մէջ տեղակայուած իտալական ուժերու անվտանգութեան համար։ 17 եւ 18 Հոկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական միութեան առաջնորդներու հետ հանդիպումէն առաջ, Մելոնին ծերակոյտին առջեւ ըսաւ, որ իրենք կը կարծեն, որ իսրայէլեան ուժերու դիրքորոշումը բացարձակապէս արդարացուած չէ, բացի անկէ, որ ան կոպտօրէն կը խախտէ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու մասին ՄԱԿ-ի բանաձեւը։ Իտալիան զինուորներ տեղակայած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն մէջ (ԵՈՒՆԻՖԻԼ), ինչպէս նաեւ առանձին առաքելութեան շրջանակներուն մէջ, որ կը կոչուի «Երկկողմանի իտալական ռազմական առաքելութիւն Լիբանանի մէջ», որուն նպատակն է պատրաստել Լիբանանի զինուած ուժերը: