ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) եւ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը միացեալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան, ուր նշուած է, որ մարդասիրական կարիքները «կ’աճին»՝ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան լարուածութեան մագլցման լոյսին տակ, կոչ ընելով բազմացնելու ջանքերը՝ մարդասիրական օժանդակութեան յաւելեալ ֆինանսաւորում ապահովելու համար: Համատեղ յայտարարութեան մէջ երկու կազմակերպութիւնները ըսին, որ իբրեւ մարդասիրական օգնութեան հաստատութիւններ, իրենք կը պատրաստուին այն իրողութեան, որ կարիքները կը մեծնան: Անոնք կը նպատակադրեն իրենց օժանդակութիւնները բազմապատկել, եւ այս առումով ընդլայնուած ֆինանսաւորման արձագանգը ապահովել, առանց նախապայմաններու: Անոնք ընդգծած են, որ «հրադադարը հրատապ խնդիր է»։