Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ  

October 18, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ  

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ  Քասեմ  սեյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութենէն ետք իր 3-րդ պատկերասփռուած ուղերձը յղեց երէկ: Ան նշեց, որ Իսրայէլ եւ իր ետեւ կանգնողները կը կռուին եւ ջարդեր կը կազմակերպեն, եւ իրենց իրավիճակը դիրքորոշում կը պահանջէ, հաստատելով որ յաղթանակի յոյսը անսահման է: Ան ըսաւ, որ դիմադրութեան մէջ զիրենք դաստիարակած է մեծ առաջնորդ սէյիտ Հասան Նասրալլան: Քասեմ նշեց, որ Իսրայէլի գործած ջարդերն ու արարքները ոճրագործութեան համազօր են եւ այն ինչ որ ան այսօր չի պահանջեր, վաղը պիտի պահանջէ:             Ան ընդգծեց, որ Պաղեստինը կարելի չէ անջատել Լիբանանէն, եւ տարածաշրջանը՝ Պաղեստինէն: Ան աւելցուց, որ բռնագրաւումը Լիբանանի մէջ տեւեց 22 տարի եւ միայն դիմադրութեամբ կարելի եղաւ յաղթահարել: Ան ըսաւ, որ Լիբանան ներառուած է Իսրայէլի լայնածաւալ ընդարձակման նախագիծին մէջ: Շէյխ Քասեմ աւելցուց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն նոր Միջին Արեւելք կ’ուզէ եւ կը գտնուինք նոր Միջին Արեւելքի սպառնալիքին տակ, իսրայէլեան-ամերիկեան ոճով:            Շէյխը ըսաւ նաեւ, որ մէկ շաբաթ առաջ որոշեցին ցաւ պատճառել թշնամիին եւ հրթիռները հասան մինչեւ Հայֆա եւ Թել Աւիւ, ինչպէս նաեւ «Պեն Կուրիոն» օդակայանը արգելափակուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ: Քասեմ Իսրայէլի ներքին ճակատին ըսաւ, որ լուծումը հրադադարն է, իսկ իսրայէլացիներուն ըսաւ, որ չհաւատան իրենց պաշտօնատարներու յայտարարութեանց, այլ նային պատերազմի ժամանակ զոհուածներուն: Ան նշեց նաեւ, որ աշխարհը, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները մեղսակից են Իսրայէլի յանցագործութեան:            Քասեմ ընդգծեց, որ դիմադրութիւնը չի պարտուիր, որովհետեւ ան կառչած է հողին եւ դիմադրողները մարտիրոսներ են: Ան եզրափակեց իր ճառը եւ ըսաւ, որ եթէ պատերազմը շարունակուի, պիտի աւելնայ իսրայէլեան անմարդաբնակ բնակեցման վայրերուն թիւը, եւ աւելի քան երկու միլիոն հոգի պիտի յայտնուի վտանգի շրջագիծին մէջ: Ան լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց համբերատար ըլլալու՝ յաղթանակի հասնելու համար, իսկ գաղթականներուն խոստում տուաւ վերադառնալու իրենց տուները, որոնք պիտի վերաշինուին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ. «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՍՏԱՑԱՆՔ»

Next Post

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-Ի ԱՀԱԶԱՆԳԸ       

Next Post
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-Ի ԱՀԱԶԱՆԳԸ       

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-Ի ԱՀԱԶԱՆԳԸ       

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.