Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՍՏԱՑԱՆՔ»

October 18, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԻՔԱԹԻ. «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՍՏԱՑԱՆՔ»

 

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ միջազգային հաղորդակցութիւններ կատարուած են հրադադարի հասնելու, բանակին դերը զօրացնելու եւ 1701 բանաձեւը իրականացնելու համար: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ան ընդգծեց, որ իրենք կը ձգտին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ հրադադարի հարցը ներկայացնելէն առաջ միջազգային հաւանութիւն ստանալ, յատկապէս որ երկիրներուն մեծ մասը զօրավիգ է Լիբանանին: Ան շեշտեց, որ անցեալ շաբաթ ամերիկեան իշխանութիւններու հետ հաղորդակցութեան ընթացքին որոշ երաշխիք ստացան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Պէյրութի մէջ իսրայէլեան լարուածութեան մագլցումը նուազեցնելու առումով: Այս առնչութեամբ ամերիկացիները լրջօրէն կը փորձեն ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ հրադադարի հասնելու համար:

Միքաթին մատնանշեց, որ օդակայանին մէջ ձեռնարկուած խիստ միջոցառումները Իսրայէլի կողմէ շահագործուող պատրուակներէն խուսափելու համար է: Ան ըսաւ, որ անցեալ շաբաթ Նախարարաց խորհուրդը որոշում կայացուց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին ներկայացնել հրադադար հաստատելու որոշումի առաջարկը: Ան միաժամանակ հաստատեց 1701 բանաձեւի իրականացումը եւ բանակը հարաւ ուղարկելու իրենց լիակատար յանձնառութիւնը:            Միքաթի յայտնեց, որ 1701 բանաձեւը միակ լուծումն է: «Ամփոփելու համար ներկայ իրավիճակը, պէտք է իրականանայ այս բանաձեւը, մանաւանդ որ բանակը պատրաստ է հարաւի մէջ իր դիրքերը զօրացնելու ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերուն հետ», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակարը եւ ողջունեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ին մաս կազմող բոլոր երկիրները, ի մասնաւորի եւրոպական երկիրները, եւ Իսրայէլի սպառնալիքները մերժելու իրենց դիրքորոշումը: Ան ըսաւ, որ Իսրայէլի ամբարտաւանութիւնը չի հարցներ խաղաղապահ ուժերուն մասին, որովհետեւ ան կը մերժէ խաղաղութիւնը: Ան նշեց, որ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ը զիրենք տեղեակ պահած է, որ պիտի չզիջի իր դիրքերը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒՄՆԵՐ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ    

Next Post

ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ  

Next Post
ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ  

ՇԷՅԽ ՔԱՍԵՄԻ ՈՒՂԵՐՁԸ  

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.