Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԲ. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 86-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿ

October 15, 2024
in Գաղութային
0
ՍԲ. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 86-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿ

 

Երէկ, 13 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգիստ, նուիրուած Հաճնոյ Հերոսամարտի 104-ամեակին, ինչպէս նաեւ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 86-ամեակի անուանակոչութեան, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ «Գայիանէ» երգչախումբին: Պատարագը հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Հոգշն. Տէր Առաքել Աբղ. Գատեհճեան: Ս. եւ անմահ պատարագէն ու հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք, ապա մատաղը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Հուսկ, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ սրահը, Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ Սբ. Գէորգ Եկեղեցւոյ 86-ամեակին նուիրուած կարկանդակը հատելու համար: Զոյգ իրադարձութիւններուն խորհուրդին մասին Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անունով խօսք յղեց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեան:

Իսկ նախորդող օրը՝ Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերին, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, կազմակերպութեամբ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան, համագործակցութեամբ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, Տիկնանց յանձնախումբին եւ Ս.Դ.Հ.Կ. «Ժիրայր-Մուրատ» մասնաճիւղի վարչութեան: (Մանրամասնութիւնները մեր վաղուան թիւով):

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ. «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՐԱԿԸ ԶԱՅՆ ՊԱՀԱԾ Է ԵՒ ՈՉ՝ ՔԱՆԱԿԸ»

Next Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ԶՂԱՐԹԱ

Next Post
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ԶՂԱՐԹԱ

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ԶՂԱՐԹԱ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.