Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ԶՂԱՐԹԱ

October 15, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ԶՂԱՐԹԱ

 

Շարունակաբար ընդարձակելով լիբանանեան ռմբակոծուող շրջաններուն աշխարհագրութիւնը, իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր երէկ չորս բնակարաններէ բաղկացած կառոյց մը կործանեցին հիւսիսային Զղարթա գաւառի Այթօ բնակավայրին մէջ, ուր ապաստանած էին քանի մը տեղահանուած ընտանիքներ: Լիբանանեան կարմիր խաչը հաղորդեց, թէ հարուածէն մահացած է 18 մարդ եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուած են, մինչ այլ տեղեկութիւններ նշեցին, որ հարուածին թիրախը Հըզպալլայի անդամ Ահմատ Ֆաքիհն էր: Իսրայէլեան օդուժի յարձակումներէն երէկ բաժին հասաւ նաեւ Պաալպաքի արեւմտեան Պաուատի եւ Պէյթ Մշէյք շրջաններուն, իսկ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ ռմբակոծուեցաւ Քըլիա գիւղը: Պեքաայի մէջ թիրախաւորուեցաւ Այն գիւղը, որուն հետեւանքով տուժեց շրջանէն անցնող եւ օգնութիւններ փոխադրող բեռնակառք մը: Հարաւի մէջ, ծանր պայթումներ լսուեցան Եահմոր գիւղի Հըզպալլայի առողջապահական կառոյցէն:

Մարատա հոսանքի նախագահ Սլէյման Ֆրանժիէ մեկնաբանեց Այթօ գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը, դիտել տալով, որ Զղարթա գաւառը եւս մաս կը կազմէ Լիբանանին եւ թիրախ է իսրայէլեան ցեղասպան պատերազմին: Ֆրանժիէ ոտնձգութիւններուն պատասխանատուն համարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ու անոր կառավարութիւնը: «Անոնք որոնք կը փորձեն քաղաքական չարաշահումներու ենթարկել տեղահանուածները եւ կը յայտարարեն, թէ զէնք պահուած է գիւղերուն եւ բնակարաններուն մէջ, անոնց կ’ըսենք, որ դիմադրութիւնը ահաբեկչութիւն չէ», ըսաւ Ֆրանժիէ՝ աւելցնելով, որ իրենց ունեցած զէնքը անձնական պաշտպանութեան համար է ու եթէ պիտի կռուին, ապա այդ պիտի կատարեն հարաւի մէջ՝ զօրակցելով դիմադրութեան:

Share62Tweet39
Previous Post

ՍԲ. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 86-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 104-ԱՄԵԱԿ

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ԱՐԾՈՒԵԲՈՅՆԸ

Next Post
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ  ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ԱՐԾՈՒԵԲՈՅՆԸ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ԱՐԾՈՒԵԲՈՅՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.