Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

October 15, 2024
in Գաղութային
0
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

 

 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յոյն ուղղափառ արքեպիսկոպոսին եւ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովին հրաւէրով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ յանձնաժողովի փակման նիստին, Պոսթընի Սուրբ Խաչ (Holy Cross) Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ: Յայտնենք, որ ուղղափառ-անկլիքան երկխօսութեան յանձնաժողովը այս հանդիպումին նշեց երկխօսութեան յիսնամեակը։ Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով, Ամերիկայի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսը՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան մասին։ Ան Հայրապետը կը ճանչնայ միջեկեղեցական ժողովներէն։ Արքեպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ յիշեց, որ Նորին Սուրբ Օծութիւնը երկար տարիներու փորձառութեամբ հեղինակութիւն դարձած է միջեկեղեցական շրջանակներէն ներս եւ մեծ յարգանք կը վայելէ բոլորին կողմէ: Արքեպոսկոպոսին խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին յանձնաժողովի համաատենապետները եւ Աստուածաբանական ճեմարանի տեսուչը:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ միջեկեղեցական շարժումը, ներկայ ժամանակներուն, լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ եւ բազմաբեւեր էքիւմէնիզմը սկսած է նահանջել ու աստուածաբանական երկխօսութիւնները սկսած են առաւել լայն տեղ գրաւել միջեկեղեցական աշխարհին մէջ: Նորին Սրբութիւնը պարզեց այս երեւոյթին դրդապատճառները եւ ապա շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութիւնները նոր օրակարգով ու մօտեցումով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: Կարեւորութեամբ նշենք, որ Սուրբ Խաչ ճեմարանի տեսուչին որոշումով, Վեհափառ Հայրապետին խօսքը պիտի դառնայ միջեկեղեցական դասընթացքի ուղեցոյցներէն մէկը:

Հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին համար առիթ հանդիսացաւ վերանորոգելու իր հին բարեկամութիւնը շարք մը անկլիքան ու ուղղափառ եպիսկոպոսներուն ու փրոֆեսորներուն հետ, որոնք մասնակից դարձած են միջեկեղեցական հանդիպումներու:

Յայտնենք, որ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանը, Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը եւ Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը։

Share62Tweet39
Previous Post

«ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԻԿԱ» – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑԱՒ

Next Post

ԸՆԿ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՐԿԱՐ ԿԸ ՏԵՒԷ. ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՏԿԱՐԱՑՆԵԼ, ԲԱՅՑ ՈՉ՝ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ»

Next Post
ԸՆԿ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ.  «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՐԿԱՐ ԿԸ ՏԵՒԷ. ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՏԿԱՐԱՑՆԵԼ, ԲԱՅՑ ՈՉ՝ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ»

ԸՆԿ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՐԿԱՐ ԿԸ ՏԵՒԷ. ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՏԿԱՐԱՑՆԵԼ, ԲԱՅՑ ՈՉ՝ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.