Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԻԿԱ» – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑԱՒ

October 12, 2024
in Մարզական
0
«ՈՒԵՖԱ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԻԿԱ» – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐԵՑԱՒ

 

Հինգշաբթի օր, Ազգային լիկայի մրցումներու ծիրէն ներս կայացած Ֆարօ Կղզիներ ընդ Հայաստան ֆութպոլային մրցամարտը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: Դաշտին տէրերը 37-րդ վայրկեանին բացին խաղին հաշիւը: 7 վայրկեան անց Զելարեան խնայեց իր խաղընկերներուն գլխիկոր մեկնիլ հանդերձարան: Կիսախաղէն ետք մօտաւորապէս նոյն պատկերը կրկնուեցաւ խաղադաշտին վրայ: Ֆարոցիները 85-րդ վայրկեանին կրկին կոլ մը նշանակեցին Ժարթալիոյի միջոցաւ, որուն դիմաց Մանուէլեան 90+3-րդ վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը:

Ստորեւ 3-րդ փուլի մրցումներուն արդիւնքներէն.

Մոլտովա x Անտորրա 2 – 0

Լաթվիա x Հիւսիսային Մակետոնիա 0 – 3

Անգլիա x Յունաստան 1 – 2

Ժիպրալթար x Սան Մարինօ 1 – 0

Ֆինլանտա x Իրլանտա 1 – 2

Աւստրիա x Ղազախստան 4 – 0

Իսրայէլ x Ֆրանսա 1 – 4

Նորվեկիա x Սլովենիա 3 – 0

Ֆարօ Կղզիներ x Հայաստան 2 – 2

Իտալիա x Պելճիքա 2 – 2

Էսթոնիա x Ատրպէյճան 3 – 1

 

«ԻՆԹԸՐ»-ԷՆ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ ՅՈԲԵԼԵԱՐԻՆ

 

Հայրենի Հենրիկ Մխիթարեան իտալական «Ինթըր Միլան»ի կազմով կատարած իր 100-րդ հանդիպման առիթով, պարգեւատրուած է յոբելենական խաղաշապիկով:

Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին կիսապաշտպանը Սեպտեմբեր 18-ին այս յուշանուէրը ստացած է Չեմփիընզ լիկի ծիրէն ներս կայացած «Մանչեսթըր Սիթի»ի դէմ կայացած մրցումին։

Այս առնչութեամբ «Ինթըր» ակումբի յայտարարութեան մէջ գրուած է. «Վերջին երկու տարիներուն ան եղած է խումբի առանցքային խաղացողներէն մին՝ ցուցադրելով իր բարձրակարգ հմտութիւններն ու բնաւորութիւնը: Որպէս բազմակողմանի եւ թաքթիքապէս խելացի կիսապաշտպան, Մխիթարեան փայլեցաւ իր յարձակողական որակներով՝ նշանակելով շարք մը կարեւոր կոլեր: Ան եօթը անգամ գրաւած է մրցակիցներուն դարպասը, այդ շարքին՝ յիշարժան կոլեր «Միլանի» դէմ մրցումներուն ընթացքին»։

 

«ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԲԱԺԱԿ» ՎԱԶՔԻ ՍԻՐՈՂԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

19 Հոկտեմբերին Փարաքար-Էջմիածին մայրուղիին վրայ կայանալիք «ՀՀ վարչապետի բաժակ»ի չորրորդ վազքի սիր-ղական մրցաշարքի ցանկագրման պայմանաժամը մինչեւ 17 Հոկտեմբերն է:

Մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ ֆիզիքական համապատասխան պատրաստուածութիւն, ինչպէս նաեւ առողջութեան վերաբերեալ համապատասխան տեղեկանք ունեցող քաղաքացիները, որոնք պէտք է յայտագրուին առցանց:

Մրցաշարքը պիտի կայանայ 3 տարիքային խումբով եւ առանձին գործող «աթլեթ» մարզիկներու խումբով՝

1-ին տարիքային խումբ՝ 2007-2011 ծնունդ դպրոցական-ներ, (պէտք է յաղթահարեն 4 քմ վազքատարածութիւնը․ մեկնարկը պիտի տրուի «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի յարակից տարածքէն)։

2-րդ տարիքային խումբ՝ 18-էն 40 տարեկան կանայք եւ տղամարդիկ,

3-րդ տարիքային խումբ՝ 41 եւ բարձր տարիքի կանայք եւ տղամարդիկ,

Գործող «աթլեթ» մարզիկներու խումբ՝ առանց տարիքային սահմանափակման:

Երկրորդ եւ երրորդ տարիքային խումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաև առանձին գործող «աթլեթ» մարզիկները պիտի վազեն 10 քմ՝ Փարաքար-Էջմիածին մայրուղիին եր-կայնքով:

Երեք տարիքային եւ առանձին գործող աթլեթներու խումբերուն 1-10-րդ տեղերը գրաւած մասնակիցները պիտի ստանան նաեւ դրամական պարգեւներ:

Մրցաշարքի նախապատրաստման եւ իրականացման աշխատանքները կը համակարգէ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը:

 

ԵԱՄԱԼ ԹԻՒ 10 ՄԱՐԶԱՇԱՊԻԿՈՎ

17-ամեայ պատանի Լամին Եամալ, որ հանդէս կու գայ «Պարսելոնա»-ի եւ Սպանիոյ հաւաքականի կազմերէն, այսուհետեւ պիտի կրէ թիւ 10 մարզաշապիկը սպանական հաւաքականի մրցումներուն: Այս թուանշանը կը պատկանէր Տանի Օլմոյին, որ վնասուածքի պատճառով հրաւէր չստացաւ մասնակցելու յառաջիկայ երկու մրցումներուն՝ 12 եւ 15 Հոկտեմբերին՝ Դանիոյ եւ Սերպիոյ դէմ:

 

 

 

Share75Tweet47
Previous Post

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՝ ԱՅՍՕՐ

Next Post

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՀԻՒՐԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.