(7-8 անձի)
ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
– 5 գաւաթ կորկոտ
– 1 քկ ոչխարի ճիտի միս կտորներու վերածուած
– 1/2 քկ կովու ճիտի միսի կտորներ եւ առատ ոսկոր
– 2 սոխ՝ շատ մանր մանրուած
– Աղ
– Սեւ փոշի պղպեղ
– Հալած կարագ կամ արդար իւղ
– Կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 ցպիկ կասիա
– 6-7 գնդիկ անուշ «պահար»
– 5-6 հատիկ «հել»
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Միսը կտորներու վերածել, լուալ եւ խոշոր կաթսայի մէջ դնել ու առատ ջուր աւելցնել եւ սկսիլ եփել: Վերցնել վրայի փրփուրը, աւելցնել աղը, կասիան, «հել»ը եւ անուշ «պահար»ը:
Միսը եփել մինչեւ որ լման կակուղնայ (կարելի է ճնշեփ գործածել): Ծակտիկաւոր դգալով մէկդի վերցնել ու զայն լաւ մը մաքրել, ապա մանր-մանր փետտել եւ իւղոտ մասերը հանել։ Սեւ պղպեղով եւ սոխով լաւ մը շաղել ու մէկդի ձգել:
Կորկոտը լուալ եւ ցամքեցնել, ապա առատ մսաջուրին մէջ դնել: Աւելցնել միս–սոխ բաղադրութիւնը եւ բոլորը միասին միջակ կրակի վրայ դնել եւ փայտէ դգալով շարունակ խառնելով եփել: Եռալէն ու պղպջակներ կազմուելէն ետք, թեթեւցնել կրակը ու շարունակել խառնելով եփել (2 – 2 1/2 ժամ), մինչեւ բաղադրութիւնը կպչուն ամբողջութեան մը վերածուի, կորկոտը լման եփի ու կաթսային բաղադրութիւնը պղպջակներու ձեւով կաթսայէն դուրս սկսի ցատկել։
Հրամցնել հալած իւղով ու փոշի կարմիր պղպեղով:
ԾԱՆՕԹ. Հայկական տոհմիկ կերակուր է, որ ընդհանրապէս կը պատրաստուի երբ ընտանիքի անդամները մէկտեղուած ըլլան: Այս ճաշի պատրաստութեան
համար թելադրելի է ճիտի միսի գործածութիւնը, քանի որ կպչուն է: Ճիտապուրը խառնելու ժամանակ կարելի է դաստակը փաթթել խոհանոցի լաթով խուսափելու համար այրուցքներէ: