Թարգմանչաց տօնը հայոց ամենախորհրդաւոր եւ իմաստալից օրերէն մին է. համազգային յիշատակումը ա՛յն պատմակերտիչ իրադարձութեան, որ անսասանելի խարիսխները հաստատեց հայ ազգային ինքնութեան եւ մտաւոր ու հոգեւոր մշակոյթին եւ հայը ընդմիշտ զրահեց ընդդէմ ձուլման եւ ուծացման:
Ե. դարէն հայու ինքնութեան անտրոհելի առանձնայատկութիւններէն եղած են անոր լեզուն, մտաւոր մշակոյթը, հոգեւոր ժառանգութիւնը, քաղաքակրթական ձեռքբերումները, որոնք, ի հեճուկս հայուն ռազմա-քաղաքական կորուստներուն, մնացած են անհպելի եւ ինքնատիպ: Թարգմանչաց շարժման կերտիչները՝ եկեղեցական, մտաւորական թէ պետական այրերով, ինքնուրոյն մշակոյթով հայը օժտեցին այնպիսի՛ նաւով, որ կրնար խուսանաւել ամէն տեսակի խոչընդոտ, սայթաքում թէ մոլորութիւն:
Ե. դարէն շատ առաջ կային հայն ու Հայաստանը, բայց՝ Քրիստոնէութեան որդեգրումով նոր էջ կը բացուէր հայոց պատմութեան մէջ. սակայն այս պիտի մնար թերի եւ խոցելի, եթէ անոր չմիանային հայոց այբուբենը, Աստուածաշունչի թագուհի թարգմանութիւնն ու լեզուա-մշակութային սեփական նկարագիրը: Ուրեմն, դարակազմիկ նախաձեռնութիւն մըն էր որ իրագործեցին հայոց միտքի օրուան տիտանները:
Մեր անցեալին վրայ հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք միայն կրնանք խորապէս անդրադառնալ թէ ինչպիսի՛ վիթխարի ծառայութիւն մատուցեց Մ. Մաշտոց-Ս. Պարթեւ-Վռամշապուհ արքայ եռեակը: Միտքի, հոգիի եւ պետականութեան օրինակելի համագործակցութեան հիասքանչ արգասիքն էր այս, որ արժանաւորապէս կը յիշատակուի ազգին կողմէ՝ իր բոլոր խաւերով: Այստեղ երկմտանքը բացառուած է, որովհետեւ այդ սերունդը հաստաբեստ հիմքերը դրաւ հայոց յարատեւութեան գրաւականին:
Ահա թէ ինչպէս բանաստեղծ Գէորգ Էմին խիտ տողերով իր միտքը կ’արտայայտէ Մեսրոպ Մաշտոցի մշակութային սխրանքին մասին. «Հենց Մաշտոցի տարերի գիւտից յետոյ՛ է, որ մեր ժողովրդի համար ե՛ւս մի անգամ վերստեղծուել է Հայաստանը, այս երկրի բնակչութիւնը ժողովուրդ է դարձել, այս երկրում կատարուած ու կատարուող դէպքերը՝ պատմութիւն, այս երկրի ամենից բարձր սարերից մէկը՝ ԱՐԱՐԱՏ, իսկ այս քարքարոտ հողը՝ հայրենիք…»:
Պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդը իր մեծերու շարքին կը դասէ Մեսրոպ Մաշտոցը, եթէ ոչ՝ մեծագոյնը: Եկեղեցին սրբացուցած է զինք կրօնական առումով, աշխարհականներ՝ բարոյական, միտքի մարդիկ՝ մտաւորական իմաստով: Սակայն ան պէտք է համարուի նաեւ քաղաքական հանճարեղ միտք մը, քանզի ազգին պարգեւեց ազգին գոյատեւման հրաշագործ բանալին: Խթանելով ազգային ինքնութեան ամենաբնորոշ յատկանիշները՝ լեզուն եւ մշակոյթը, անոնց աւելցուց նաեւ մշակութային պետութիւն ունենալու ինքնապաշտպանութեան զէնքը: Պետականազուրկ հայը, առանց բանակի ժողովուրդ մը, աստ եւ անդ ցաքուցրիւ հայորդին իր այբուբենին միջոցաւ ունեցած եղաւ մշակութային պետականութիւնը: Ո՞ր բարբարոսը կրնար խլել այս զէնքը. ո՞ր ջարդարարը կրնար չէզոքացնել այս գիւտը:
Արդարեւ, դարերու երկայնքին, փոխադարձաբար, հայը գուրգուրաց այբուբենին, այբուբենը՝ հայուն: Աշխարհի տարբեր ցուրտ ափերէն մինչեւ Տէր Զօրի կիզող անապատ, խուլ անկիւններէն մինչեւ խօլ ոստաններ Մաշտոցի հնարած զէնքը եղաւ զինակիցը ազգութիւնը ուրանալ չուզող հայուն: Թարգմանչաց օրը դարձաւ անզուգական առիթ ազգային-մշակութային ուխտի վերանորոգման, մինչ՝ Օշականի մէջ հանգչած Մաշտոցի շիրիմը՝ լուսասփիւռ ուխտավայր ու հոգեսփոփ միջավայր համայն հայութեան: Սիամանթոյի բառերով՝ «Մեսրո՜պ, հայ դարերու դիմաց կեցող՝ դուն ադամանդեայ ապառաժ»:
Թարգմանչաց օրն է այսօր. այսինքն՝ ուխտի օր անկասկած: Երախտագիտական եւ պատկառանքի խօսքերէ եւ զեղումներէ անդին՝ կը տանջուին սիրտերը անոնց՝ որոնք ականատեսները կ’ըլլան լեզուին նահանջին, աղճատուող լեզուամտածողութեան, հայերէնը օտարախորթ լեզու համարող սերունդի մը փթթումին: Նուազած են նախանձայոյզ եւ մտահոգ ծնողները, մաշտոցեան վարժարաններու տասնեակ օճախներ՝ վարժարաններ փակած են իրենց դարպասները վերջնականապէս: Օտար կրթօճախներու մէջ հասակ նետող հայորդիք ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի լսեն քաղցրաբարբառ մայրենին: Ո՞վքեր պիտի ըլլան պահապանները Ե. դարէն մեզի հրիտակուած շքեղափայլ մշակոյթին: Հո՛ս է որ կ’անճրկի Մաշտոցին հաւատացող ուխտաւորը:
Պարզորոշ է, որ ազգային ոչնչացումները միայն ֆիզիքական չէզոքացումներով չէ որ կը կատարուին: Մշակութային համահարթեցումներով եւս սպառնալիքներ կ’ուղղուին ազգային ինքնութեանց: Ե. դարուն՝ յունական, ասորական եւ պարսկական պիտակներ կը կրէին անոնք: Այսօր՝ արեւմտեան, համաշխարհայնացման եւ կամ գիտա-թեքնիքական: Երբ անցեալին նման ոտնձգութիւններ կարելի եղաւ փարատել, ապա ինչո՞ւ այս օրերուն չվստահինք նոյն փրկարար լաստին՝ թարգմանչաց ուխտին: Ինչո՞ւ կամովին թոյլ տանք, մեր իսկ անտարբերութեամբ, անհոգութեամբ եւ թուլամտութեամբ՝ ուծացման ամէն փորձ ու ծուղակ:
Մեծաշռինդ ոգեւորութեամբ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան օրը: Բնական է սա. արդար եւ իրաւ: Անկախութեան օրը եթէ առնչուած է պետական կառոյցներուն, բանակին, դիւանագիտական յարաբերութեանց եւ տնտեսութեան, անդին թարգմանչաց տօնը օրն է լեզուական ու հոգեմտաւոր անկախութեան, որ նո՛յնքան ծանրակշիռ է իր ազգային բովանդակութեամբ:
Հետեւաբար, թող այս տօնը անգամ մը եւս զգաստացնէ հայ մարդը եւ հրաւիրէ ուխտի վերանորոգման՝ որպէսզի հանգիստ ննջեն հոգիները թարգմանիչներուն եւ մեր մշակոյթին եւ մտաւոր հարստութեան ու անկախութեան ծառայած բոլոր երախտաւորներուն:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ