Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՐ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԷՆ

October 12, 2024
in Այլազան
0
ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՐ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԷՆ

 

Ան լքեց քեզ, առանձին թողեց, մէկ խօսքով՝ վերջ դրաւ ձեր միջեւ եղած սիրոյ յարաբերութեան: Տխուր, ընկճուած եւ ջղայնացած ես, կը փնտռես տեղ մը պահուըտելու, հոն արտասուելու եւ միասին ապրած ձեր օրերու յիշատակը վերագտնելու: Կամ ալ կը փնտռես միջոց մը՝ որմով իրմէ վրէժ լուծես եւ վերագտնես վիրաւոր արժանապատուութիւնդ: Կարեւորը այն է, որ գտնես ճիշդ միջոցը, որ կ’օգնէ քեզի շրջանցելու այս վիճակը, անոր յիշատակը հեռացնելու սրտէդ, չդառնալով զսպուած ջղայնութեան գերին, որոնք կը խեղդեն քեզ եւ կ’արգիլեն դէպի առջեւ նայելու:

Թէ ընտրես առանձնանալը կամ ճակատիլը, գործադրութեան ձեւն ու ընթացքը թող առողջ եւ օգտակար ըլլան քեզի համար: Երկու պարագաներուն ալ, կրնաս հետեւեալ ձեւերուն դիմել.

* Անձիդ հետ առանձնացիր ձերբազատուելու համար իր յիշատակէն.- Այս կրնայ ամէնէն դիւրին ձեւը չըլլալ սիրոյ յարաբերութիւն մը շրջանցելու, սակայն ամէնէն արագն է եւ արդիւնքները երաշխաւորուած են: Սկիզբը պիտի տառապիս առանձնութենէ եւ ընկճուածութենէ, սակայն աստիճանաբար այս տագնապը պիտի յաղթահարես եւ հանգիստ պիտի զգաս երբ ամէն բան ետիդ թողես:

* Յիշատակներդ վերագտիր.- Մէկ տեղ մը ընտրէ, որ ա՛յդ ըլլայ յիշատակներով լեցուն սենեակդ, եւ փորձէ հոնկէ դուրս չելլել եւ ոչ ոք ներս մտցնել: Խնդիրը արհամարհելը չ’օգտեր քեզի, այլ հարկ է դիմակալել ու դիմագրաւել զայն: Դուրս բեր իր բերած նուէրները, հագի՛ր զանոնք եթէ հագուստեղէն կամ գոհարեղէն են, զգա՛ անոնց հպումը մորթիդ վրայ, կամ լաւ մը դիտէ զանոնք եթէ զարդեղէն են, մինչեւ որ ձանձրանաս իրենցմէ, կարծես դարձած ըլլան այլ առարկաներու նման քեզի պատկանող իրեր:

* Իր մասին խօսիր.- Չկարծես թէ քանի որ ինք ըսաւ վերջին բառը՝ այդպիսով խօսակցութիւնը վերջացաւ: Դուն քու կողմէդ շատ բաներ ունիս ըսելիք: Ընկերուհիիդ հետ խօսիր երջանկութեան եւ ցաւի պահերուն մասին: Այս խօսակցութիւնը քանի մը անգամ կրկնելով պիտի անդրադառնաս, թէ որոշ ժամանակ ետք պիտի չազդուիս անցեալի յիշատակներու գեղեցկութենէն:

* Խօսիր իր հետ.- Մէջդ ինչ որ ունիս պարպէ եւ մարէ իր ձայնը լսելու կարօտիդ կրակը: Հեռաձայնէ իրեն եւ արտայայտուիր իր այն բոլոր յատկութիւններուն մասին, որ սիրած էիր կամ չէիր սիրած: Մի՛ խորհիր, թէ այդպիսով արժէքդ կը պակսեցնես, ընդհակառակը՝ սրտիդ մէջ եղածները կը պարպես, որովհետեւ զսպելը լուծում չէ, զսպելով վէրքերդ չեն սպիանար: Նիւթին մասին խօսելով եւ արտայայտուելով որ վէրքերուդ շուտ բուժում կը գտնես:

* Վստահութեամբ դիմակալէ զինք.- Կասկած չկայ, որ վրէժ լուծելը կը հանգստացնէ, սակայն պայմանով որ ատիկա սխալ ձեւով չկատարուի, որուն արդիւնքը ծիծաղելի եւ նուաստացուցիչ ըլլայ: Իրեն վնաս հասցնելը վրիժառութեան լաւագոյն ձեւը չէ, այլ՝ իրեն զգացնել տալը, թէ քեզ կորսնցնելով ինք շատ բաներ կորսնցուցած եղաւ:

 

* Մի՛ խուսափիր զինք տեսնելէ.- Մի՛ հեռանար այն տեղերէն, ուր կը խորհիս թէ հաւանաբար ինքն ալ կրնայ ներկայ ըլլալ, այլ գնա՛ վստահութեամբ եւ հաստատ ձեւով, ինչպէս նաեւ եղիր ամէնէն լաւ վիճակի մէջ: Այնպէս ըրէ՛՛, որ ան իրար անցնի քու ներկայութենէդ:

* Կապդ մի՛ խզեր իր ազգականներուն եւ բարեկամներուն հետ.- Աւելի զուարթ եղիր իրենց հետ: Անոր մասին խօսիր անցեալի եղանակով եւ ամբողջական անհոգութեամբ, եւ հարց չկայ եթէ դէպի առջեւ նայելու պատրաստակամութիւնդ յայտնես: Ոչ մէկ բան կը վիրաւորէ տղամարդուն ինքնահրապուրումն ու պարծենկոտութիւնը բացի այն զգացումէն, թէ կարծես քու կեանքիդ մէջ չէր գտնուած ան, եւ թէ դուն ամբողջովին պատրաստ ես այլ առիթի մը նայելու:

 

Ի վերջոյ, իրմէ ձերբազատուելու ինչ միջոց ալ որդեգրես, ընդունէ՛ իրականութիւնը, ընդունէ՛ որ զինք կորսնցուցած ես, սակայն բնաւ մի փորձեր քու անձիդ հանդէպ յարգանքն ու սէրը կորսնցնել:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԱԽԱՆՁԸ

Next Post

ՃԻՏԱՊՈՒՐ

Next Post
ՃԻՏԱՊՈՒՐ

ՃԻՏԱՊՈՒՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.