Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԱԽԱՆՁԸ

October 12, 2024
in Այլազան
0
ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՆԱԽԱՆՁԸ

 

Կասկած չկայ, որ նորածին երեխայի մը ընդունելութիւնը ընտանեկան միջավայրին մէջ «նեղացուցիչ» հարց մըն է առաջին փոքրիկին համար կամ երեք տարեկանը չամբողջացուցած զաւակներուն համար: Այս տարիքին, իւրաքանչիւր երեխայ կը նախընտրէ իր ծնողքին մէկ հատիկը ըլլալ եւ գրաւել անոնց ուշադրութիւնը, մանաւանդ առաջին պզտիկը, որ վարժուած կ’ըլլայ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալու, առանց մրցակիցի:

Խնդիրը կը տարբերի երկրորդ կամ երրորդ երեխային պարագային, որ վարժուած կ’ըլլայ ընտանիքին ուշադրութիւնը եւ գուրգուրանքը բաժնեկցելու իրմէ մեծ եղբայրներուն կամ քոյրերուն հետ: Սակայն այս չի նշանակեր, թէ երկրորդ կամ երրորդ երեխան մրցակցութիւն չի զգար նորածին մանուկին հանդէպ. այդ զգացումը առկայ կ’ըլլայ, սակայն կարեւորը ծնողքին վարուելակերպն է այս կացութեան նկատմամբ, որ պէտք է մեղմացնէ նախանձի զգացումը, զայն վերածելով դրական զգացումի:

 

* Նախանձի նշանները.

          Փոքրիկներու նախանձի ամէնէն տարածուած նշանը անոր պահանջկոտ վերաբերմունքն է՝ ծնողքին ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելու համար: Ան կ’ուզէ, որ ծնողքը գրկեն զինք եւ իր շուրջ դառնան, մանաւանդ երբ ան տեսնէ որ մայրը զբաղած է նորածին երեխայով: Ան, օրինակ, իր մատը բերանը կը դնէ նորածինին նման վարուելու համար: Ան կրնայ նոյնիսկ բռնութեան դիմել եւ կոշտութեամբ վարուիլ նորածինին հետ, եւ այս բոլոր նշանները «բնական» են:

Նորածինին հանդէպ փոքրիկներուն ունեցած նախանձը պէտք է ձեւով մը կանխել, սկսելով մօր յղութեան շրջանէն, հետեւեալ միջոցներով.

1- Փոքրիկին խօսիր յղութեան մասին եւ թոյլ տուր որ ան զգայ եւ շօշափէ սաղմին շարժումները: Այսպիսով զայն պատրաստած կ’ըլլաս նոր ծնելիք քոյրը կամ եղբայրը դիմաւորելու:

2- Պզտիկին առիթ տուր մօտէն հետեւելու այլ նորածինի մը, որպէսզի կարենայ նոր գալիք երեխային մասին գաղափար մը կազմել:

3- Քաջալերէ զինք որպէսզի քեզի օգնէ նորածինին սենեակը պատրաստելու:

4- Իր անկողինը այլ սենեակ մը տեղափոխէ կամ ալ զինք այլ անկողին մը փոխադրէ ծննդաբերութենէն քանի մը ամիս առաջ, որպէսզի ան չզգայ թէ զինք հեռացուցած են նորածին երեխային պատճառով:

5- Պատմէ անոր այն անձերուն մասին, որոնք իրեն հոգ պիտի տանին երբ դուն հիւանդանոց գտնուիս:

 

6- Անոր ընկերակցութեամբ դիտէ ընտանեկան նկարներ եւ պատմէ իրեն իր կամ իրմէ մեծ եղբայրներուն կամ քոյրերուն մանկութեան տարիներուն մասին:

*                   *                   *

Երբ հիւանդանոց մտնես, զանգէ մեծ երեխայիդ եւ խնդրէ իրմէ, որ այցելէ քեզի եւ տեսնէ նորածին փոքրիկը: Իրեն ղրկէ նուէր մը՝ նորածին պզտիկին կողմէ:

Իսկ երբ հիւանդանոցէն դուրս գաս եւ տուն վերադառնաս, զգոյշ եղիր հետեւեալներուն.

1- Երբ տուն մտնես, առաջին վայրկեաններուն ընթացքին տրամադրուիր մեծ զաւակիդ եւ թող ուրիշ մէկը գրկէ նորածինը:

2- Այցելուներէն խնդրէ, որ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն մեծ փոքրիկին նկատմամբ, եւ թոյլ տուր որ ինք բանայ նորածինին համար եկած նուէրները:

3- Ծննդաբերութենէն ետք, առաջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, մեծ զաւակիդ աւելի մեծ գուրգուրանք ցուցաբերէ եւ փորձէ իրեն զգացնել, թէ ուրիշներէն աւելի կարեւորութիւն ունի: Օրական գոնէ կէս ժամ տրամադրէ անոր, որուն ընթացքին միասին դիտեցէք իր նորածին եղած ժամանակուայ նկարները: Խնդրէ ամուսինէդ եւ ազգականներէն, որ աւելի երկար ժամանակ անցընեն մեծ փոքրիկին հետ, մասնաւորաբար առաջին ամսուան ընթացքին: Իսկ եթէ նորածինին հոգ տարած ժամանակդ քեզմէ խնդրէ որ գրկես զինք՝ ըրէ զայն, եւ երբ նորածինով զբաղուած ես՝ զրուցէ մեծին հետ:

4- Քաջալերէ պզտիկը նորածինին դպնալու եւ հետը խաղալու, սակայն մէկ պայմանով՝ որ այդ ըլլայ քու ներկայութեանդ: Խուսափիր զինք զգուշացնելէ՝ «մի՛ դպնար երեխային» ըսելով, որովհետեւ նորածինը այդ աստիճան փխրուն չէ եւ կարեւոր է որ պզտիկին ցոյց տաս իրեն հանդէպ ունեցած վստահութիւնդ, սակայն անշուշտ միշտ քու հսկողութեանդ տակ:

5- Թոյլ տուր փոքրիկին, որ քեզի օգտակար դառնայ նորածին երեխային հոգ տարած ժամանակդ: Թող ինք բերէ երեխային խաղալիքը կամ ծծակը, եւ վստահեցուր իրեն որ նորածինը կը սիրէ զինք, ըսելով. «Տե՛ս որքան ուրախ է ան երբ դուն զինք խաղցնես»:

6- Մի՛ զայրանար եթէ փոքրիկը ծաղրէ նորածինը երբ վերջինս լայ կամ այլ վերաբերմունքներ ցուցաբերէ, այս բոլորը ժամանակաւոր են:

7- Երբ կոշտ վերաբերում տեսնես պզտիկին եւ անոր նորածին եղբօր/քրոջ միջեւ, անմիջապէս միջամտէ եւ հեռացուր պզտիկը առանց զարնելու իրեն, որովհետեւ պատիժը պիտի քաջալերէ զինք դարձեալ նոյնպէս վարուելու, վրէժ առնելու համար: Միշտ բացատրէ իրեն, թէ պէտք չէ վիրաւորենք երեխան, որովհետեւ ան փոքր արարած մըն է:

8- Սակայն եթէ պզտիկը որոշ չափով մեծ է, քաջալերէ զինք որ քեզի խօսի նորածին երեխային նկատմամբ իր ունեցած զգացումներուն մասին: Ապա իրեն ըսէ հետեւեալը. «Ամէն անգամ երբ նորածին երեխայէն նեղութիւն զգաս, եկուր ինծի փաթթուկ ըրէ»:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՈՂՆԱՅԱՐԻ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ

Next Post

ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՐ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԷՆ

Next Post
ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՐ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԷՆ

ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԻՐ ԻՐ ՅԻՇԱՏԱԿԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.