Ամէն տարի, Խաչվերացէն չորս շաբաթ վերջ համընկնող առաջին Շաբաթ օրը, կը յիշուի Թարգմանչաց տօնը, որ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, որովհետեւ սրբազան առաքելութիւն կը համարուի մայրենի լեզուն գրաւոր լեզուի վերածելն ու Ս. Աւետարանի ճշգրիտ թարգմանութիւնը։ Մեսրոպ Մաշտոց ի սկզբանէ նկատած էր անձնական գիր ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որ ազգի մը գոյատեւման սուրբ վահանը կը նկատուի: Թարգմանչացը կ’ոգեկոչէ ոչ միայն մեր հազարամեայ մայրենի լեզուին գիւտարար Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւի աջակցութիւնն ու Վռամշապուհ թագաւորին օժանդակութիւնը, այլեւ երկրորդ կամ կրտսեր թարգմանիչներու հոգեմտաւորական ներդրումը: Ի յարգանք ազգօգուտ աշխատանքներուն, կ’արժէ յիշատակել եւ հակիրճ ձեւով ներկայացնել աստուածաընտիր այս մեծանուն հայերը։
Թէեւ բոլորիս ծանօթ են այս ռահվիրաները, սակայն առ ի թարմացում մեր գիտելիքներուն կ’արժէ Թարգմանչաց տօնին առթիւ վերյիշենք անոնց առած ազգօգուտ հիմնական քայլերը:
Մեսրոպ Մաշտոց լաւ տիրապետած ըլլալով յունարէն, պարսկերէն եւ ասորերէն լեզուներուն, առիթն ունեցած է պաշտօնավարելու Արշակունեաց արքունիքին մէջ։ Սակայն ազգային ու եկեղեցական պատկանելիութեան վառ ոգին զինք մղած է հեռանալու թագաւորական պալատէն եւ դառնալու կուսակրօն եկեղեցական, ամբողջովին նուիրուելով Ս. Աւետարանի քարոզչութեան։ Իր շուրջ հաւաքելով երիտասարդ կրօնաւորներ, Մաշտոց քարոզած է Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ։ Այս ընթացքին ան նկատած է հայ լեզուի սեփական գիրեր ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի հայերը աւելի լաւ ըմբռնեն Աւետարանը։ Ճիշդ այս պատճառով ան հայերէնը գրաւոր լեզուի վերածելու միտքը յայտնեց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին, որ Մաշտոցի հետ միասին այս գաղափարը ներկայացնելով Վռամշապուհ բարեսէր թագաւորին յաջողեցան անոր նիւթական աջակցութեան արժանանալ, որ արքունի գանձէն նպաստ մը յատկացուց այս սրբազան գործի իրականացման համար։ Սուրբ Մեսրոպ ճամբորդութիւններէ եւ հետազօտութիւններէ ետք, ի վերջոյ 404-406 թուականներուն միջեւ, աստուածային տեսլախառն յայտնութեամբ հնարեց հայերէն այբուբենը, որ կը համապատասխանէ հայոց լեզուի առոգանութեան եւ հնչիւններուն։ Հետագային 36 ոսկեղենիկ տառերուն աւելցան վերջին 2 տառերը՝ ամբողջացնելու այբբենարանի անհրաժեշտ գիրերը։
Ապա Մեսրոպ Մաշտոց անմիջապէս հիմնեց հայկական վարժարաններ ու գիտութեան ոսկէ բանալին փոխանցեց իր աշակերտներուն։ Այսպիսով, ան եղաւ հայոց լեզուի մեր առաջին ուսուցիչը։ Դժբախտաբար, անցեալ տարի կորսնցուցինք անոր հիմնադրած առաջին վարժարանը՝ Մարտունիի Ամարաս վանքը, մտքի ու լոյսի մեր առաջին սրբազան տաճարը։
Սուրբ Սահակ հայրապետ՝ որդին Մեծն Ներսէս կաթողիկոսին, Մաշտոցին հզօր բազուկ կանգնեցաւ եւ անոր կողքին ի սպաս դրաւ իր հայագիտական հմտութիւնը, որպէսզի լաւագոյն ձեւով եւ ճշգրտօրէն թարգմանուի Աստուածաշունչը։ Ան յանձն առաւ գրաբարի թարգմանուած Աստուածաշունչի վերջնական սրբագրութիւնը։ Հայերէնի թարգմանուած Աւետարանը, իր ճշգրիտ թարգմանութեան համար, օտարներու կողմէ կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»։ Մաշտոց եւ Սուրբ Սահակ կաթողիկոս թարգմանչական աշխատանքի կողքին նաեւ գրած են շարականներ եւ աղօթքներ, որոնք մինչեւ օրս կ’օգտագործուին հայ եկեղեցիներէն ներս։ Այս վսեմ երկակի համաշունչ աշխատանքը մեծապէս օժանդակեց քրիստոնէութեան համատարածման ու խորաթափանցման՝ հայոց աշխարհին մէջ։
Սակայն բաւարար չէ այն գիտակցութիւնը, թէ Թարգմանչաց տօնը կը յիշատակէ միայն հայ գիրերու գիւտը, այլեւ նոյնքան կարեւոր աշխատանք տարած են Մաշտոցի աշակերտած յառաջադէմ վաթսուն ուսանողներ, որոնք ուղարկուեցան Բիւզանդիոն, Աղեքսանդրիա եւ այլ մշակութային քաղաքներ, ստանալու համար իրենց բարձրագոյն ուսումը։ Այս աշակերտները կոչուեցան երկրորդ կամ կրտսեր թարգմանիչներ, որովհետեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին նոր գիրքերու թարգմանութեան մէջ։ Այս ճարտար մտաւորականները լծուեցան անձնական, սակայն ազգօգուտ ստեղծագործութիւններու։ Անոնց անմահացած գործերը կը փաստեն իրենց արժէքը որպէս հայ գրականութեան ժառանգ։ Յիշատակելի են Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ պատմիչ, Ղեւոնդ Երէց, Կորիւն Սքանչելի, Եզնիկ Կողբացի եւ ուրիշներ։
Կրտսեր թարգմանիչներու ամէնէն հռչակաւոր դէմքերէն՝ Մովսէս Խորենացին, շրջելով հայկական գաւառներ, կարողացաւ տեղեկութիւններ հաւաքել հայոց փառքերու, սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու մասին եւ զանոնք ժողվել եւ հաղորդակից ձեւով ներկայացնել իր «Հայոց Պատմութիւն» գիրքին մէջ։ Այս պատճառով յետմահու ան արժանացաւ պատմահայր տիտղոսին։
Իսկ Եղիշէ պատմիչ այն յառաջադէմ աշակերտներէն է, որ, ականատես ըլլալով Աւարայրի ճակատամարտին, գրեց «Վարդանի եւ հայոց պատերազմի մասին» հոգեշունչ գիրքը։
5-րդ դարը հանդիսացաւ հայ գրականութեան ոսկեդարը, որ լուսաւորեց հայոց աշխարհը։ Հայերէնը որպէս գրաւոր լեզու, բոցավառեց մտաւորականներու մարմաջը՝ ստեղծագործելու, թռիչք ստացան հանճարեղ միտքերը հայկական ու անմահացան գրիչները հայկազնեան։ Դարէ-դար հայ մտաւորականներու շարասիւնը նպաստեց հայոց հոգեմտաւոր զարգացման ու հայ գրականութիւնը ծաղկեցաւ ու ճոխացաւ։
Առ ի գնահատանք եւ ի պատիւ այս համաստեղ նուիրեալներուն, Հայաստանի մէջ թէ այլուր, հայ ժողովուրդը կանգնեցուցած է յուշարձաններ եւ իրենց անուան նուիուած վարժարաններ։ Իսկ Հայաստանի մատենադարանը կոչուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան։
Թէպէտ միշտ արշաւանքներու ենթարկուած հայոց աշխարհին կը սպառնար կրօնափոխութիւնը, սակայն մեսրոպաշունչ տառերը ամուր պահեցին հայը իր հաւատքին մէջ։ Ինչպէս նաեւ շնորհիւ գիրերու գիւտին, անհետացան հեթանոսական սովորութիւնները։ Տեղին է նշել թէ հայերէնը գրաւոր լեզուներու շարքին անցնելով փրկուեցաւ անհետացման սպառնալիքներէն։
«Ազգ պահողը, իրարու միացնողը լեզուն եւ հաւատքն են… Ձեզի կ’ըսեմ, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ամուր պահեցէք…», Խաչատուր Աբովեան այս պատգամով կը դիմէ իւրաքանչիւր հայու, որ տէր կանգնի այս մեծասքանչ լեզուին եւ զայն անբիծ ու անարատ ձեւով փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն որպէս ազգային ժառանգ, որովհետեւ լեզուն եւ հաւատքն են հայութիւնը միացնող հիմնական տարրերը։
Բիւր յարգանք Մեսրոպ Մաշտոցի, Սուրբ Սահակ հայրապետի եւ կրտսեր թարգմանիչներուն՝ իրենց նուիրական աշխատանքներուն համար։
ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ