Լիբանանի մէջ Սննդանիւթ ներածող ընկերութիւններու սենտիքայի նախագահ Հէնի Պոհսալի յայտնեց, որ սննդամթերքի սակագիները կայուն են, իսկ պաշարը՝ առատ: Վստահեցնելով, թէ կարեւոր որ որեւէ նիւթի անբաւարարութիւն չկայ, Պոհսալի լիբանանցիներէն պահանջեց չկատարել խուպաճահար գնումներ՝ սննդանիւթ մթերելու նպատակով: Ըստ անոր, իրավիճակը այսպէս կայուն պիտի մնայ եթէ օդակայանն ու նաւահանգիստը շարունակեն բնականոն գործել: «Գիները առայժմ չեն կրնար բարձրանալ, որովհետեւ առաջարկը պահանջէն մեծ է», ըսաւ Պոհսալի: