Անցնող օրերուն իսրայէլեան ուժերը քանի մը առիթներով կրակ բացին ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու սահմանային դիրքերուն վրայ՝ ներառեալ կեդրոնակայանը եւ զօրախումբերու տեղակայումի շարք մը վայրեր, Նաքուրայի մէջ պատճառելով նիւթական վնաս եւ շրիլանքացիներու շարքերէն թեթեւ վիրաւորներ: Խուսափելով պատասխանատուութենէ, իսրայէլեան բանակէն «Ռոյթըրզ»ին յայտնեցին, թէ զինուորները կրակ բացած են ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դիրքին մօտակայքը՝ խաղաղապահներուն ապահով վայրի մէջ մնալու մասին ցուցմունքներ տալէ ետք:
Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց խաղաղապահներուն ուղղութեամբ կատարուած հրաձգութիւնը, զայն համարելով ՄԱԿ-ի որոշումներու կոպիտ խախտում եւ պատերազմական ոճիր:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի հրմանատարութիւնը ահազանգեց, թէ խաղաղապահներու սահմանային Լապպունէ շրջանի կեդրոնին մէջ պատեր փլուզուած են իսրայէլեան կրակոցներու եւ ռումբերու պատճառով, ուստի յաւելեալ խաղաղապահներ ուղարկուած են այնտեղ՝ ամրապնդելու համար դիրքը: ԵՈՒՆԻՖԻԼ վստահեցուց, որ խաղաղապահները կը մերժեն քաշուիլ իրենց զբաղեցուցած դիրքերէն, թէեւ այդպէս կը պահանջեն իսրայէլեան ուժերը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ դատապարտեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի թիրախաւորումը եւ Իսրայէլին տեղեկացուց, թէ կարելի չէ համակերպիլ պատահածին հետ: Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն բանալ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դէմ իսրայէլեան հարուածներուն շուրջ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ուսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ քննարկեց ապահովական զարգացումները եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դիրքերուն նկատմամբ ոտնձգութիւնները: Ուսթին շեշտած է խաղաղապահներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել զինադադարի հնարաւորութիւնը: Յանձնառութիւն յայտնելով հանդերձ «Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին», Ուսթին նշեց, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է մշակելու լիբանանցիներու եւ իսրայէլացիներու սահմանամերձ բնակավայրեր վերադարձի առաջարկ մը: Արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի կանխելու Միջին Արեւելքի հակամարտութեան յաւելեալ ընդարձակումը, աւելցնելով որ դիւանագիտութիւնը աշխուժացած է՝ լուծում գտնելու լիբանանեան սահմանային առճակատումին:
Փարիզի եւ Հռոմի մէջ Իսրայէլի դեսպանները կանչուեցան զոյգ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարութիւններ՝ որպէս բողոք ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դիրքերու թիրախաւորումէն: ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչը խոստացաւ շարունակել Լիբանանին օգնութեան փոխանցումը եւ յայտարարեց յաւելեալ 19,5 միլիոն տոլար յատկացնելու մասին: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը դժգոհութիւն յայտնեց խաղաղապահներու ռմբակոծումին առնչութեամբ, պահանջելով անյապաղ յայտարարել զինադադար: Իսկ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց այսուհետեւ զէնք չվաճառելու Իսրայէլին: Նորվեկիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնն ալ խիստ վտանգաւոր համարեց խաղաղապահներուն ուղղութեամբ կրակ բանալու իսրայէլեան արարքը:
Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը դատապարտեց խաղաղապահներուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները: «Որպէս Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն մաս կազմող երկիր, Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ խաղաղապահներու կեդրոնակայանին վրայ յարձակումը», X-ի վրայ յայտարարեց նախարարութիւնը: Երեւան յիշեցուց, որ խաղաղապահները այնտեղ են ամդապնդելու կայունութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն հիման վրայ:
Աւստրալիոյ արտաքին գործերու նախարար Փենի Ուոնկ եւս անընդունելի համարեց Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահներու իսրայէլեան թիրախաւորումը, պահանջելով անյապաղ վերջ տալ այդ արարքներուն: «Կը վերահաստատենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն՝ պահպանելու տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը», ըսաւ նախարարը: