Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

October 12, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ

Իսրայէլեան յարձակումները երէկ կեդրոնացան հարաւի եւ Պեքաայի վրայ, թիրախաւորելով ոչ միայն Հըզպալլայի դիրքեր, այլեւ լիբանանեան պաշտօնական կառոյցներ եւ քաղաքացիական կէտեր: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ երկու զինուոր զոհուած է եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած՝ հարաւային Քաֆրա շրջանին մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնի մը իսրայէլեան թիրախաւորումին պատճառով: Իսկ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը գուժեց իր անդամներէն Ալի Մոհամմատ Համուտիի նահատակութիւնը՝ Սրիֆան թիրախաւորած իսրայէլեան հարուածի պատճառով: Երէկ ռմբակոծուեցաւ նաեւ Քաղաքացիական անվտանգութեան ծառայութեան պատկանող կեդրոն մը՝ պատճառելով վնասներ: Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց իսրայէլեան ոճիրները եւ ցաւակցական հաղորդակցութիւն ունեցաւ բանակի հրամանատարին հետ, միաժամանակ բարի ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, թշնամի օդուժը երէկ հարուածեց Զահլէի մերձակայ Քարաք շրջանը, մինչ նախանցեալ օրուայ ուժգին հարուածէն մահացած 6 եւ 8 տարեկան երկու երեխաներու մարմինները յայտնաբերուեցան երէկ ու փլատակներէն ողջ դուրս բերուեցաւ 17 տարեկան պատանի մը: Քարաքի առաջին ռմբակոծումը պատճառած էր առնուազն 9 զոհ եւ 30 վիրաւոր: Իսկ հարաւային Ժըպշիթի մէջ բնակարանի մը հրթիռակոծումէն մահացաւ չորս մարդ:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի հրթիռներէն եւ անօդաչու սարքերէն ահազանգող շչակներ գործեցին երէկ սահմանին մերձակայ իսրայէլեան բնակավայրերու մեծամասնութեան մէջ՝ հասնելով մինչեւ Հայֆայի հիւսիսային հատուածը, մինչ հրդեհներ բռնկեցան անտառային շրջաններու մէջ:

Հըզպալլայի բանբեր Մոհամմատ Աֆիֆ վստահեցուց, որ Դիմադրութիւնը լաւ վիճակի մէջ է, կը տնօրինէ ռազմաճակատը եւ հրթիռարձակումներ կը կատարէ իր ռազմական հաշուարկներուն հիման վրայ: Հըզպալլա նաեւ ժխտեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յօդուած մը, զայն համարելով ապահովական խորհրդատուներու երեւակայութեան արդիւնքը: «Ռոյթըրզ»ի հրապարակումին մէջ նշուած էր, որ Հըզպալլա կը պատրաստուի արիւնալի երկար պատերազմի եւ Նասրալլայի ահաբեկումէն 72 ժամ ետք կազմած է գործողութիւնները կառավարող նոր դիւան մը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետ զօրավար Հերցի Հալեւի շեշտեց, որ գործողութիւնները պիտի չդադրեցնեն, մինչեւ որ տուն վերադառնան հիւսիսային բնակավայրերու բնակիչները եւ հնարաւորութիւն ունենան խաղաղ ապրելու յառաջիկայ տարիներուն: «Եթէ յառաջիկայ տարիներուն մարդիկ որոշեն վերակառուցել այս կործանուած գիւղերը, ապա պէտք է տեղ չտան ահաբեկչական ենթակառոյցներուն, այլապէս իսրայէլեան բանակը դարձեալ պիտի կործանէ գիւղը», ըսաւ Հալեւի, խօսելով ենթադրաբար լիբանանեան սահմանային բնակարանէ մը: Իսկ իսրայէլեան «Շապաք» հետախուզական ծառայութեան տնօրէնը կարծիք յայտնեց, որ Համաս աւելի պիտի փորձէ տեղակայուիլ հարաւային Լիբանանի մէջ, որովհետեւ դուրս մղուած է Կազայէն:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ ԿՈՉ ՄԱԿ-ԻՆ

Next Post

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԱԼԻՔ

Next Post
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԱԼԻՔ

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԱԼԻՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.