Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՅՏԸՆ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

October 11, 2024
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՊԱՅՏԸՆ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

 

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ եւ փոխնախագահ Քամալա Հարիսը միացած է զրոյցին, նշելով որ նախագահը հաստատեց իր հաստատակամութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան հանդէպ եւ միանշանակ դատապարտեց 1 Հոկտեմբերին Իրանի կողմէ թեւաւոր հրթիռներով յարձակումը Իսրայէլի վրայ:

Սպիտակ տան յայտարարութիւնը նշեց, որ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Պայտըն շեշտած է դիւանագիտական ​​լուծման անհրաժեշտութիւնը՝ լիբանանցի եւ իսրայէլացի քաղաքացիներուն անվտանգ վերադարձը իրենց տուները՝ Կապոյտ գիծի երկու կողմերուն, նշելով որ նախագահը նաեւ հաստատեց, որ Իսրայէլի իրաւունքն է իր քաղաքացիները պաշտպանել Հըզպալլայէն, որ միայն անցեալ տարուան ընթացքին հազարաւոր ռումբեր եւ հրթիռներ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ: Միաժամանակ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է նուազեցնել վնասը խաղաղ բնակիչներուն, յատկապէս Պէյրութի խիտ բնակեցուած շրջաններուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Կազայի հատուածին, Պայտըն եւ Նեթանիահուն քննարկած են Համաս-ի պատանդները ազատ արձակելու համար դիւանագիտական ​​ջանքերը վերականգնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Պայտըն նաեւ անդրադարձաւ Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ հարաւէն Յորդանան միջանցքը անյապաղ վերակենդանացնելու հրամայականին: Միացեալ Նահանգներու նախագահը մատնանշեց, որ անոնք համաձայնած են սերտ կապի մէջ մնալ յառաջիկայ օրերուն՝ ուղղակիօրէն կամ իրենց ազգային անվտանգութեան անդամներու միջոցով:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան Փիեռը լրագրողներուն ըսաւ, որ հեռախօսազրոյցը տեւած է մօտ 30 վայրկեան եւ Պայտընի վարչակարգը յոյս ունի զսպել Իսրայէլի պատասխան հարուածները: Սակայն մինչեւ այժմ անոր դիւանագիտական ​​ջանքերը տարածաշրջանին մէջ հիմնականօրէն ձախողած են: Ան ըսաւ, որ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ պէտք է հանդիպէր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ, սակայն Կալանթ յետաձգեց իր այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ։

Նեթանիահուի գրասենեակը «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ին հաստատեց, որ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ Նեթանիահուի հետ խօսած է մօտ մէկ շաբաթ առաջ: Վարչապետին գրասենեակը յայտնեց, որ Թրամփ իր նախաձեռնութեամբ հեռաձայնած է Նեթանիահուին եւ շնորհաւորած զայն՝ Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի կողմէ իրականացուած վճռական եւ ուժեղ միջոցառումներուն համար:

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՈՒՆԻՖԻԼ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽ

Next Post

ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԿՈՉԸ

Next Post
ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԿՈՉԸ

ԱՊՏԱԼԼԱ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԿՈՉԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.