Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՈՒՆԻՖԻԼ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽ

October 11, 2024
in Միջազգային
0

 

 

ԵՈՒՆԻՖԻԼ յայտարարութեամբ մը հաստատեց, որ երէկ առաւօտեան երկու խաղաղապահ զինուորներ վիրաւորուած են, երբ իսրայէլեան բանակին պատկանող «Մերքաւա» տիպի հրետանին կրակած է Նաքուրայի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դիրքի դիտաշտարակի վրայ՝ ուղղակիօրէն հարուածելով զայն, որ պատճառ դարձաւ, որ աշտարակին վրայ գտնուող երկու զինուորները վար իյնան: Բարեբախտաբար, այս անգամ վնասուածքները լուրջ չեն, բայց անոնք տակաւին հիւանդանոց կը գտնուին։

Ան աւելցուց, որ իսրայէլեան բանակի զինուորները կրակ բացած են նաեւ ՄԱԿ-ի «1-31» Ռաս Նաքուրայի դիրքը, հարուածելով մուտքը, ուր պատսպարուած էին խաղաղապահները, վնաս պատճառելով հաղորդակցութեան սարքաւորումներուն եւ համակարգին։ Իսրայէլեան բանակի անօդաչու սարք մըն ալ նոյնպէս տեսնուեցաւ ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ մինչեւ դիրքին մուտքը:

Ան շարունակեց, որ նախանցեալ օր իսրայէլեան բանակի զինուորները միտումնաւոր կրակ բացած են ՄԱԿ-ը շրջապատող տեսախցիկներուն վրայ եւ անգործնական դարձուցած են զանոնք:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ ըսաւ, որ կը յիշեցնեն իսրայէլեան բանակին եւ բոլոր կողմերուն՝ ՄԱԿ-ի անձնակազմին եւ անոնց գոյքին անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ՄԱԿ-ի շէնքերը մշտապէս յարգելու պարտաւորութեանց մասին: ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերը կը գտնուին հարաւային Լիբանան` աջակցելու համար կայունութեան վերադարձին Անվտանգութեան խորհուրդի լիազօրութեան ներքեւ: Միջազգային խաղաղապահ ուժերու վրայ որեւէ կանխամտածուած յարձակում լուրջ խախտում կը նկատուի միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւին: Իրենք այս հարցերուն մասին պիտի խօսին իսրայէլեան բանակին հետ:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Զինուած ուժերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ֆրանսան եւ Իտալիան հանդիպում պիտի պահանջեն ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն նպաստող եւրոպական երկիրներէն՝ հարաւային Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի ուժերը իսրայէլեան բանակին կողմէ յարձակման ենթարկուելու լոյսին տակ:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԷՅՐՈՒԹ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ

Next Post

ՊԱՅՏԸՆ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՊԱՅՏԸՆ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ՊԱՅՏԸՆ-ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.