Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՆԱԼ ԱՆՏԱՐԲԵՐ

October 10, 2024
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՆԱԼ ԱՆՏԱՐԲԵՐ

 

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ ասպատակում որակեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումը, պնդելով որ միջազգային ընտանիքը չի կրնար անտարբել մնալ այս վտանգաւոր զարգացումին նկատմամբ: Ան ցաւ յայտնեց նաեւ այս հարցով եւրոպական անհամաձայնութեան առնչութեամբ: «Ակնյայտ է, որ երկիր մը կ’ասպատակէ գերիշխան այլ երկրի մը՝ Լիբանանի հողերը, հետեւաբար, միջազգային ընտանիքը չի կրնար անտեսել տեղի ունեցածը», ըսաւ Սպանիոյ վարչապետը: Եւրոմիութիւնը յայտարարեց մարդասիրական օգնութիւններով բեռցուած վեց օդանաւ Լիբանան ուղարկելու մասին: Եւրոմիութեան յանձնակատար Ուրսուլա վոն տեր Լեյեն հաւաստիացուց, որ իրենք կը կանգնին ճգնաժամէն տուժող անմեղ քաղաքացիներուն կողքին:

Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 24 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ պիտի գումարուի Լիբանանին աջակցելու նախարարական ժողով մը, որ պիտի կեդրոնանայ մարդասիրական օգնութիւններու փոխանցումին ու ներքին քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու ջանքերուն վրայ: Փարիզ յայտարարեց նաեւ 50 ֆրանսացի քաղաքացիներ Լիբանանէն տարհանելու մասին:

Իսկ Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա վստահեցուց, որ Հըզպալլա տակաւին կազմակերպուած է եւ հրամանատարական շղթան բնականոն կը գործէ, հակառակ բազում պատասխանատուներու ահաբեկումներուն: Ըստ Զախարովայի, նման կազմակերպուած գործունէութիւն առկայ է նաեւ կուսակցութեան զինեալ թեւին պարագային:

Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործերու նախարար Տէյվիտ Լամի միջազգային ընտանիքէն պահանջեց յաւելեալ աշախատանք տանիլ՝ զինադադար յայտարարելու Կազայի եւ Լիբանանի մէջ, մարդասիրական օգնութիւն փոխանցելու պաղեստինցիներուն եւ ապահովելու գերեվարուած իսրայէլացիներուն ազատ արձակումը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԿՈՉ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.