Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ պըն Սալման ընդունեց Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաքժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի, Կազայի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ տիրող կացութիւնն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Իրանցի նախարարին հետ տեսակցեցաւ նաեւ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանը՝ քննարկելու նշեալ նիւթերը: Նախարարները կոչ ուղղեցին անյապաղ դադրեցնելու Կազայի եւ Լիբանանի պատերազմները:
Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Իսրայէլը որակեց ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, ահազանգելով թէ «Նեթանիահուն ու իր աւազակախումբը կը փորձեն դէպի նոր երկիրներ ընդարձակել պատերազմը»: