Իրանի յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարին խորհրդականը պատրաստակամութիւն յայտնեց հազարաւոր հրթիռներ արձակելու Իսրայէլի ուղղութեամբ, եթէ հակադարձէ օրեր առաջ Իրանէն երկու հարիւր հրթիռներու արձակումին: «Կարողութիւն ունինք հարուածելու Իսրայէլի զինուորական, ապահովական եւ տնտեսական կեդրոնները, իսկ Ուաշինկթըն չի յանդգնիր մասնակցելու մեր դէմ յարձակումի: Իրանի տարածութիւնը մեծ է, հետեւաբար եթէ որոշ կէտ մը ռմբակոծեն, մենք կարողութիւն ունինք հակադարձելու այլ վայրերէ», ըսաւ իրանցի խորհրդականը, վստահեցնելով որ Թեհրան կրնայ ակնթարթի մը մէջ կործանել Իսրայէլը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի համաձայն, Իրանին ուղղուելիք հակահարուածը պիտի ըլլայ «կործանարար, անակնկալ եւ դիպուկ», իսկ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պնդեց, որ Իրանին դիմակայող միակ ուժը Իսրայէլն է, թէեւ այդ պատերազմը կը վերաբերի համայն աշխարհին: Նեթանիահու երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Անոնց 45 վայրկեան տեւած հաղորդակցութիւնը դրական էր, ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն: