Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴՐԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ՉԿԱՅ

October 10, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԴՐԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ՉԿԱՅ

 

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ահազանգեց, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելու առնչութեամբ դրական յառաջընթաց տակաւին չկայ, աւելցնելով որ «ամերիկացիները ոչինչ կը կատարեն զինադադարի ուղղութեամբ, թէեւ կը խօսինք պատերազմը դադրեցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Պատերազմը դադրեցնելու հարցով լիբանանեան դիրքորոշումը կը մնայ միասնական եւ մեզի կը զօրակցին ֆրանսացիներն ու բրիտանացիները», ըսաւ Պըրրի:

Իսկ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր քուէյթցի պաշտօնակիցին հետ, որ աջակցութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց տրամադրելու լիբանանցիներուն բոլոր կարիքները: Միքաթի յայտնեց, որ զինադադար յայտարարելու ջանքերը կը շարունակուին, սակայն իսրայէլեան յամառութիւնը կը խափանէ հանդարտեցումի եւ զինադադարի բոլոր փորձերը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժա ընդունեց «Ազգային չափաւորականութեան պլոք» երեսփոխանական խմբակի անդամ երեսփոխաններ Ահմատ Խէյրը, Սաժիհ Աթիէն եւ Ուալիտ Պաարինին, ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններու: Ժողովականները քննարկեցին պատերազմին եւ քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Համաձայնութիւն գոյացաւ հանրապետութեան նոր նախագահը հրատապ ընտրելու հրամայականին շուրջ՝ ի տես երկրին դիմագրաւած ցաւալի վիճակին: Մեկնաբանելով պատերազմի աւարտէն առաջ նոր նախագահի ընտրութիւնը մերժող Հըզպալլայի դիրքորոշումը, ժողովականները պահանջեցին տարանջատել պատերազմի եւ նախագահի ընտրութեան թղթածրարները, դիտել տալով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ եւս նկատուած է նման մօտեցում: «Պատերազմը դադրեցնելու համար անհրաժեշտ է ընտրել այնպիսի նախագահ մը, որ կարողութիւն ունի կառուցելու իսկական պետութիւն», ըսին ժողովականները եւ տեղահանուածներուն հոգալու համար պահանջեցին միջազգային նուիրատու կողմերուն նպաստը: Անոնք պահանջեցին ամբողջովին գործադրել ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւին յօդուածները՝ վերջ տալու համար լիբանանցիներու տառապանքին:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՒԱԶԱԿՆԵՐԸ ՍԻՒՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Next Post

ԱԿՆԹԱՐԹԱՅԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ

Next Post
ԱԿՆԹԱՐԹԱՅԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ

ԱԿՆԹԱՐԹԱՅԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.