Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխադարձ հրթիռարձակումները երէկ անցան աւելի վտանգաւոր փուլի, երբ ռազմական թիրախներու կողքին երկու կողմէն նկատուեցաւ նաեւ քաղաքացիական կառոյցներու ռմբակոծում:
Շարունակելով իր ոճրագործութիւնները, իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Շուֆ գաւառի հարաւային Ուարտանիէ գիւղին մէջ գտնուող պանդոկ մը, ուր ապաստանած էին հարաւային շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներ: Յարձակումը պատճառեց առնուազն չորս զոհ ու շարք մը վիրաւորներ: Իսրայէլեան ռումբերուն թիրախ դարձաւ նաեւ հարաւային Սուր գաւառի Սիմահիէ գիւղին վարժարանը: Վիրաւորներ ինկան նաեւ սահմանային Շըպաա աւանի ռմբակոծումէն, մինչ թշնամի օդուժը թիրախաւորեց Հըզպալլայի շտապ օգնութեան ծառայութեան Ուատի Ժիլօ շրջանին կամաւորներու կեդրոնը, ուր զոհուեցաւ երկու փրկարար, վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ: Հարաւային Թըպնինի մէջ ալ իսրայէլեան հրթիռներու թիրախ էր շարժանիւ մը, որուն վարորդը եւ ուղեւորը վիրաւորուեցան: Պեքաայի կեդրոնական հատուածին մէջ ծանրօրէն ռմբակոծուեցաւ Հըլլէնիէ գիւղը՝ պատճառելով երկու զոհ եւ վիրաւորներ:
Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն համեմատաբար հանդարտ օրը խախտուեցաւ երեկոյեան, երբ իսրայէլեան օդուժը վերսկսաւ ռմբակոծումի շարքը՝ զանազան ուղղութիւններով:
Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնին համաձայն, նախանցեալ օր Լիբանանի մէջ զոհուած է եւս 22 մարդ, պատերազմի սկիզբէն ի վեր մահացած լիբանանցիներուն թիւը բարձրացնելով 2141-ի, իսկ վիրաւորները աւելի քան 10 հազարի: Երէկ յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ ցարդ Սուրիա անցած է 311 հազար սուրիացի եւ 109 հազար լիբանանցի:
Իսրայէլեան բանակը միւս կողմէն յայտարարեց, թէ «իրենց շուներով զբօսնող զոյգ մը մահացած է սահմանամերձ Քրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ», որ թիրախ դարձաւ Հըզպալլայի արձակած շուրջ քսան հրթիռի, կրելով նաեւ նիւթական ծանր վնաս: Հրթիռարձակումներու լոյսին տակ, Քրիաթ Շմոնայի քաղաքապետութիւնը այնտեղ մնացած շուրջ երկու հազար քաղաքացիներէն պահանջեց անյապաղ հեռանալ բնակավայրէն, իսկ ապահովական իշխանութիւնները բացին հետաքննութիւն՝ պարզելու համար, թէ ինչու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը չէ կրցած զսպել Հըզպալլայի հրթիռները: Հիւսիսային շարք մը բնակեցման վայրերու մէջ փակ յայտարարուեցան վարժարանները:
Իսկ իսրայէլեան շտապ օգնութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ հրթիռներ ինկած են նաեւ Հայֆա քաղաքին, անոր արուարձաններուն եւ մօտակայ Քարմելին վրայ, պատճառելով առնուազն ութ վիրաւոր՝ ներառեալ ծանր պարագայ մը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ մինչ այդ հաղորդեցին, թէ Հըզպալլայի արձակած հրթիռներէն մէկը ինկած է Սաֆատ քաղաքի շէնքերէն մէկուն վրայ: Ըստ տեղեկութիւններուն, Հըզպալլա երէկ աւելի քան հարիւր հրթիռ արձակած է իսրայէլեան թիրախներու ուղղութեամբ:
Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, թէ իր յատուկ ուժերը տակաւին գործողութիւններու կը ձեռնարկեն լիբանանեան հողին վրայ, ուր հարաւային գիւղերէն մէկուն մէջ կործանած են զինամթերանոց մը: Հըզպալլա իր կարգին հաղորդագրութիւններով նշեց, թէ սահմանագիծին վրայ զսպած է իսրայէլեան ուժերու ներթափանցումի փորձեր՝ Ռաս Նաքուրայէն Մշէյրֆէի, ինչպէս նաեւ Լապունայի, Պլիտայի եւ Մէյս էլ-Ժապալի ուղղութեամբ: Ըստ հաղորդագրութիւններուն, Հըզպալլա ներթափանցող ուժերը թիրախաւորած է հրթիռային հարուածներով եւ զանոնք դուրս մղած է սահմանէն, խափանելով ներթափանցումի փորձերը: Իսկ երեկոյեան, Հըզպալլա հրապարակեց անօդաչու սարքերով Հայֆա եւ Քարմել քաղաքներու խարիսխներու, զինուորական կառոյցներու եւ կենցաղային կարեւոր կէտերու դիտարկումին տեսագրութիւնը: