Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հ.Կ.Բ.Մ.-Ի ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ

October 10, 2024
in Գաղութային
0
Հ.Կ.Բ.Մ.-Ի ԴԱՐՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ  ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՒԱՏՔՈՎ

Ողջունելի քայլով մը, 18-էն 20 Սեպտեմբերին, մեր դարմանատան մէջ տեղի ունեցաւ ներքին հիւանդութիւններու առողջական գանգատներ ունեցող այցելուներու համար յատուկ ծառայողական՝ անվճար նախաձեռնութիւն մը: Այս մասին նախօրօք ծանուցած էինք մամուլով եւ համացանցով:

Հ․Կ․Բ․Մ․-ի դարմանատան տնօրէնութեան համագործակցութեամբ, սոյն մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը վայելէր ԱՄՆ-ի Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան ընկերակցութեան հովանաւորութիւնը: Իսկ դարմանատանս մէջ անոր իրականացումը վստահուած էր յատուկ այս առիթով Լիբանան առաքուած ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ՝ բժիշկ Կարօ Խաչիկեանին, որուն մէկ օրով կ’ընկերակցէր ոսկրաբուժումի մասնագէտ՝ ֆիզիոթերափիստ բժշկուհի Նունէ Խաչիկեանը:

Հիւր բժիշկը վերոյիշեալ 3 օրերու ընթացքին ամենայն համբերութեամբ առանձին-առանձին ընդունեց տարբեր սեռի եւ համայնքներու պատկանող բազմաթիւ այցելուներ, ծանօթացաւ անոնց առողջական գանգատներուն, հարցուփորձով, քննութիւններով դիմորդներուն փոխանցեց իր թելադրութիւններն ու համապատասխան բուժումները: Սոյն արդիւնաւէտ մարդասիրական նախաձեռնութիւնը դրականօրէն գնահատուեցաւ ինչպէս շրջանի բնակչութեան, այնպէս ալ տարբեր համայնքներու պատկանող եւ նոյնիսկ դարմանատան աշխարհագրական դիրքին անծանօթ բոլոր այցելուներուն կողմէ: Անոնց սրտագին շնորհակալական զգացումները եւ օրհնանքի խօսքերը վարձահատոյց գոհունակութեան մը պարգեւն էր բժիշկին, դարմանատան տնօրէնութեան ու աշխատակազմին:

Այս մարդասիրական նախաձեռնութեան յաջողութեան ուրախ առիթով, կը փափաքինք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել երկու բժիշկներուն՝ տոքթ. Կարօ եւ Նունէ Խաչիկեաններուն, մարդոց օգնելու եւ ծառայելու յանձնառութեան մէջ իրենց քրտնաջան աշխատանքին եւ նուիրուածութեան համար։ Մենք նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան ընկերակցութեան այս հրաշալի գաղափարը նախաձեռնելու եւ հովանաւորելու համար:

Հ.Կ.Բ.Մ.Ի ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄՆ

Next Post

ՃԱՏՐԱԿ – «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՊԵՏ»Ի ԿՈՉՈՒՄ ՌՈՊԵՐԹ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆԻՆ

Next Post
ՃԱՏՐԱԿ – «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՊԵՏ»Ի ԿՈՉՈՒՄ ՌՈՊԵՐԹ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆԻՆ

ՃԱՏՐԱԿ - «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՊԵՏ»Ի ԿՈՉՈՒՄ ՌՈՊԵՐԹ ՓԻԼԻՊՈՍԵԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.