«ԱՐԱՐԱՏ», 22-27 Սեպտեմբեր 1969
Թերթին մէջ նկատելի է ծածկանուններու չափազանցեալ առատութիւն մը։ Մանաւանդ այնքա՜ն շատ են անուն-մականունի սարքովի սկզբնատառերով ստորագրութիւնները, որ մարդ շուարումի կը մատնուի ու չի կրնար դոյզն ենթադրութիւն մը ընել յօդուածագիրներու ինքնութեան մասին։
Զորօրինակ, միակ էջի մը տարածութիւնը լեցուցած հինգ յօդուածներէն չորսը ստորագրուած են սկզբնատառերով։ Այսօր, ինչպէ՞ս պիտի գիտնանք, թէ ո՞վ էր Ն.Մ.Գ.-ն, ո՞վ է Վ.Լ.-ն, ո՞վ է Ա.Օ.-ն, կամ ո՞վ թաքնուած է Վ. տառին ետին։ Դիմեցի հայրենի բանասէր Բախտիար Յովակիմեանի «Հայոց ծածկանունների բառարան»-ին (Երեւան, 2005), սակայն հոն եւս չկային վերոնշեալ տառ-ստորագրութեանց վերծանումները։ Ներելի է մտածել թերեւս, թէ յաճախ միեւնոյն լրագրողն է որ մէկէ աւելի ծածկանուններով հանդէս կու գայ՝ նոյն ստորագրութիւնը կրկնակի կամ եռակի գործածած ըլլալու անպատեհութենէն խուսափելու համար…։ Տարածուն երեւոյթ մըն էր ասիկա մեր մամուլին մէջ։
«Մանկավարժական» խորագրեալ սիւնակի մը տակ ուշադրութիւնս կը գրաւէ Արմենուհի տոքթ. Ե. Էօզէր ստորագրութիւնը։ Օ՜, ես շատ լաւ գիտեմ, որ հին ու երջանիկ շրջաններու իսթանպուլահայ գրիչներէն մին էր ան, որ ինիսնամեայ հասակին մահացաւ 1985-ին։ Երկար տարիներ ինքզինք նուիրեց մանկական գրականութեան։ Այս յօդուածին մէջ Արմենուհի Էօզէր խօսած է երեխաները կամ պատանի տղաքը խռովող վախի զգացումին մասին։ Ըստ իրեն՝ երկու տեսակի վախեր կան. օգտակար եւ վնասակար։ Առաջինը կը ծառայէ վտանգէ մը հեռանալու եւ ինքնապաշտպանութեան դիմելու։ Երկրորդը անհիմն է, քանի որ «վտանգաւոր չեղող բաներէն վախնալու տրամադրութիւն» մը ցոյց կու տայ։ Այս վերջինը կը կարօտի հոգեբանական ու մանկավարժական դարմանումի։
Նշան Շահէն (Թէքկէլեան, 1928-1996) անդրադարձ մը ունի բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանի Հայաստան տպուած «Աչքեր» նորատիպ քերթողագրքին մասին։ Ալիքեան, ինչպէս ծանօթ է, Պէյրութէն հայրենիք մեկներ էր 1947-ի ներգաղթին, յետոյ հաստատուեր էր Մոսկուա։ Գրախօսը յատկապէս կը շեշտէ Ալիքեանի «լեզուաշինարարական աշխատանքը»։ Ըսել կ’ուզէ, թէ բանաստեղծը մեծաթիւ ինքնաշէն բառեր ստեղծելով՝ հայերէնի հարուստ բառագանձին վրայ աւելցուցեր է նո՛ր բառակերտումներ…։
Ծանուցում մը ունի «Յովհաննէս Թումանեանի յոբելենական հալէպահայ յանձնախումբ»-ը։ Կը տեսնուի, որ հետեւելով այդ տարուան համազգային նշումներուն՝ Հալէ՛պն ալ ուզեր է սիրոյ իր տուրքը վճարել Թումանեանին։ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովին հովանաւորութեամբ կազմուեր է վերոնշեալ յանձնախումբը, անոր անդամակցութեան հրաւիրելով զանազան միութեանց ներկայացուցիչներ։ Որոշուեր է իրականացնել հետեւեալ ծրագիրը.
ա) Գեղարուեստական երեկոյ՝ Թումանեանի գրականութեան եւ կեանքին ձօնուած։
բ) Ներկայացում «Անոյշ» օփերայի։
գ) Ցուցահանդէս՝ Թումանեանի գրականութեան եւ անոր երկերու նկարազարդումներուն։
դ) Հանդիսութիւն՝ դպրոցականներու յատուկ։
ե) Արաբերէնով հրատարակութիւն Թումանեանի «Սասունցի Դաւիթ», «Քաջ Նազար» եւ «Անոյշ» երկերուն, թարգմանութեամբը պր. Նիզար Խալիլիի։
Է՜հ, «երազային Հալէպը» այսպէ՛ս էր այդ երջանիկ տարիներուն…։
Ի դէպ, Թումանեանի 100-ամեակը, իսկապէս, մշակութային զօրաշարժ մը յառաջացուցեր է այդ տարի Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ։ Հայաստան այս ոսկի առիթը կրցեր է վերածել համամիութենական փառատօնի՝ անոր մասնակից դարձնելով խորհրդային հանրապետութիւններէ ժամանած մեծաթիւ գրողներ ու պետական դէմքեր։ Ըստ «Արարատ»-ի՝ յոբելեանին մասնակցելու համար Մոսկուայէն Երեւան ժամաներ են նաեւ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան անդամ Անաստաս Միկոյեան, մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեան, հայազգի գրող Մարիետա Շահինեան եւ ռուս վիպագիր Եւգենի Եւտուշէնկօ։ Բազմանդամ պատուիրակութիւն մըն ալ (բաղկացած՝ արաբ մտաւորականներէ) Երեւան մեկներ է Լիբանանէն։ Անոնց միացեր են գրող Արմէն Տատուր (Եգիպտոս), արձակագիր Վահրամ Մավեան (Լիզպոն), Ֆրանսայէն՝ Բիւզանդ Թօփալեան եւ Կարպիս Ջրբաշեան, Վենետիկէն՝ Հ. Սերովբէ Ագըլեան եւ շատ-շատեր։ Արդեօք որքա՜ն հրճուեր է հոգին լոռեցի մեծ բանաստեղծին…
Գաղութային լուրերու շարքին ակնարկ մը կայ Անգլիոյ հայութեան մասին։ Մեր ամէնէն կորուսեալ գաղութներէն մին է Անգլիան, որուն վերաբերեալ լուրեր գրեթէ չէք գտներ մեր մամուլին մէջ։ Հակառակ իր թուային աճին ու նիւթական կարողականութեան՝ Լոնտոնի հայութիւնը մինչեւ այսօր (2024) չունի հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը իր ծոցին մէջ…։ Արդէն թերթը գրած է. «Երիտասարդութիւնը, ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, հոն ալ ձուլուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի»…։
Երեւանեան լուրերէն մին կը վերաբերի Նուարդ Զարեանի (1917-2005) կերպարուեստի ցուցահանդէսին՝ Նկարիչներու տան մէջ։ Նուարդ թէ՛ քանդակագործ էր, թէ՛ նկարիչ։ Ան դուստրն էր նշանաւոր գրագէտ Կոստան Զարեանի։ Կ’ապրէր Հռոմ ու երբեմն այցի կու գար Երեւան՝ իր հայրենադարձ ծերունազարդ հայրը տեսնելու…։
Այլ թիւի մը մէջ կը տեղեկացուի, թէ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակչատունը լոյս ընծայեր է Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն»–ի առաջին հայերէն թարգմանութիւնը։ Զայն ուղղակի իտալերէնէ թարգմաներ է եղեր Արփինէ Տայեան, 30 երկար տարիներու տքնանքէ ետք։ Գիրքին խմբագիրն ալ Կոստան Զարեանն է եղեր։ Կ’աւելցուի՝ «երկուքն ալ Իտալիա ապրած են երկար ատեն, հմուտ են իտալերէն լեզուի, իտալական գրականութեան եւ արուեստին»։
Ամերիկայի «Երիտասարդ Հայաստան»-էն կատարուած արտատպում մը իրեն խորագիր ունի «Գերեալ ազգերու շաբաթը»։ Յօդուածագիրը Սիրվարդն է դարձեալ։ Հոն կ’ըսուի թէ ամերիկեան կառավարութեան մէկ որոշումով՝ տարիներէ իվեր Յուլիսի մէջ կը յիշատակուի «Գերեալ ազգերու շաբաթը»։ «Գերեալ ազգեր»-ը անոնք են եղեր՝ որոնք մտեր են իրենց դրացի Ռուսիոյ հովանիին տակ…։ Ասոնց կարգին կը դասուի եղեր, նա՛եւ, Հայաստանը։
Թերթը կտրականապէս կը մերժէ այս բնութագրումը։ Ընդհակառակն, կը շեշտէ որ «Արեւելահայաստանի հայութիւնը բարեբախտաբար իմաստութիւնը ունեցաւ իր յօժար կամքով ընդունիլ ռուս ազգին բերած նոր իրաւակարգը, ու ապրեցաւ»։ Սովետ իրաւակարգը «մահուան դատապարտուած հայութեան համար եղաւ երկնառաք օրհնութիւն մը՝ թրքական սուրէն ընդմիշտ ազատագրուելով եւ իր գոյութիւնը ամուր հիմերու վրայ խարսխելով»։ Յօդուածագիրը ցաւ կը յայտնէ, որ Հայաստանի «գերեալ» ըլլալը ընդունող հայկական լայն շրջանակ մըն ալ կայ Ամերիկայի մէջ։ Այս շրջանակի հետեւորդները կը սիրեն եղեր երգել «Մեր հայրենիք, թշուառ, անտէր» ծանօթ երգը…։
Յօդուածագիր Վանիկ (Հ. Գանգրունի) քանի մը թիւերով սեւեռումի կ’ենթարկէ «Ազգագրութիւնը Հայաստանի մէջ»։ Ան նախ կը խօսի Երուանդ Լալայեանի ու անոր նշանաւոր «Ազգագրական Հանդէս»–ին մասին (ԹիՖլիս)։ Յետոյ յանկարծ տարօրինակ շեղում մը կատարելով կը յարէ. ««Ազգագրական Հանդէս»-ի հաւաքածոները կը գտնուին նաեւ Անթիլիասի մատենադարանէն ներս…։ Ափսոս սակայն, որ այդ գծով հետաքրքրուող աբեղայ չկայ ներկայիս հոն»…։ Այնուհետեւ Վանիկ կը խօսի ազգագրագէտներ Ստեփան Լիսիցեանի, անոր դստեր՝ Սրբուհի Լիսիցեանի, փրոՖ. Խաչիկ Սամուէլեանի եւ Վարդան Պետոյեանի մասին։ Այս վերջինը հեղինակն է եղեր «Սասնայ ազգագրութիւնը» ծաւալուն երկին։
Մինաս Գանգրունի «Ռումանիա-69» վերնագրին տակ թուղթին կը յանձնէ իր թարմ տպաւորութիւնները Ռումանիայէն։ Հետաքրքրական է իր այցը «Պուքրէշի մենաւոր»-ին՝ պատմաբան Յ. Ճ. Սիրունիի տունը։ Սիրունի յուշեր կը պատմէ Կոմիտասէն ու Հայաստան տուած իր վերջին այցելութենէն։
Տեղական լուրի մը մէջ կը հաղորդուի, թէ պրն. Մարտիրոս Իսկէնտէրեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ նշանակուեր է Միութեան Միջին Արեւելքի եւ Յունաստանի տնօրէն։ «Արարատ» գոհունակութեամբ կու տայ այս լուրը, խմբագրականի մը մէջ ալ վստահեցնելով, որ շրջանի կրթական հաստատութիւնները նորանշանակ տնօրէնին փորձառու եւ ուղղամիտ անձին մէջ պիտի գտնեն իրենց հարցերուն աջակից ազգային մը։
Թերթին 4-րդ էջը, ինչպէս ընդունուած է սովորաբար, լեցուն է ծանուցումներով։ Դպրոցական վերամուտի առիթով յայտարարութիւններ հրատարակեր են, ի շարս այլոց, Սիմոնեան Գոլէճը (Մար Մխայէլ) եւ Հայ Աւետ. Գոլէճը (Մեքսիք փողոց)։
Մահազդ մը կը գուժէ մահը Յակոբ Հաննէսեանի (ծնեալ Հաճըն, 1894)։ Կ’ենթադրեմ որ ողբացեալը հայրն է «Շիրակ» երգարաններու հրատարակիչ եղբայրներուն՝ Կարապետ եւ Յովհաննէս Հաննէսեաններու։ Այլ մահազդ մը կը գուժէ մահը Խաչիկ Եաւէրեանի։ Այս մէկն ալ Սիսի ծնունդ է եղեր։ Եւ այսպէս՝ քիչ-քիչ կեանքէն հրաժեշտ կ’առնէր սերունդ մը, որ ապրեր էր իր ծննդավայրը կորսնցուցած ըլլալու մեծ ողբերգութիւնը…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)