Սիրան Սեզայի նամականիի առաջին հատորին լոյսընծայումը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ գրասէր հասարակութեան կողմէ: Գրագէտներ Սիրան Սեզայի, Վահէ-Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի նամակները ընդգրկուած են սոյն հատորին մէջ, որոնք կը կազմեն երկար տարիներու վրայ տարածուած նամակագրութեան մը շօշափելի արտայայտութիւնը: Նամակները ունին յատուկ գրաւչութիւն մը, որով ընթերցողը կը կլանուի գրողի ներքին ապրումներուն ու յոյզերուն, ինչպէս նաեւ տեսակէտերուն ուժգնութեամբ ու հաստատամտութեամբ: Սոյն նամակները ունին նաեւ գրական արժանիք, գրուած ըլլալով բանաստեղծական արձակի յատկութիւններով: Անոնք մաս կը կազմեն տուեալ գրագէտներուն գրական գործերուն ամբողջական բերքին:
Հատորը ունի տաղանդաւոր խմբագիր մը, յանձին Գէորգ Եազըճեանի, պատմաբան եւ արխիւագէտ: Փոխան յառաջաբանի անոր խմբագրականը կը պարզէ այն բոլոր խնդիրները, որ ինք դիմագրաւած է նամականիին հրատարակութեան առիթով: Եազըճեանի կատարած ծանօթագրութիւնները հանրագիտարանային խորքով եւ տարողութեամբ կը վկայեն իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան մասին: Ուղղումները, յաւելումները եւ յաճախ նամակներուն թարգմանութիւնները կը հարստացնեն հատորին բովանդակութիւնը: Հատորի վերջաւորութեան կայ նաեւ իր պատրաստած անձնանուններուն ցանկը:
Խմբագիրին գործին մաս կը կազմեն նաեւ ամբողջական կենսագրութիւնները երեք գրագէտներուն, որոնք լոյս կը սփռեն իրենց գործունէութեան վրայ: Յաւելում մըն է Վահեանի եւ Ծառուկեանի մահախօսականները, որոնք կ՚արտայայտեն Սեզայի կեանքին եւ գործին հանդէպ իրենց ունեցած յարգանքն ու հիացումը եւ հաւատքը անոր վիճակուած դերին յատկապէս որպէս կին լրագրող, հրապարակագիր եւ գրագիտուհի:
Նամականիի մեկենասներն են Սեզայի որդի Վահագն Քիւփէլեան եւ տիկինը՝ Անին: Իրենց մօր՝ Սիրան Սեզայի գրական վաստակին առ ի գնահատութիւն, անոնք յանձն առած են նամականիի բոլոր հատորներուն հրատարակութեան ծախսերը: Անոնց կը պատկանի նաեւ հրատարակութիւնը Սեզայի վէպին՝ «Խորտակուած կեանքեր», որ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէր 2015-ին, նաեւ իր կենսագրական հատորին՝ «Գիրք ծննդոց»ի հրատարակութիւնը 2014 թուին:
Սեզային նամակները իր հոգիի ու մտքի յոյզերն ու ապրումները կ՚արտայայտեն: Յատկապէս Վահէ-Վահեանին գրած նամակները աւելի բանաստեղծական են եւ գերզգայուն: Բնութեան հանդէպ իր մասնաւոր սէրն ու ծառին ու ծաղկին հանդէպ ունեցած զգայնութիւնը կը սողոսկին իր տողերուն ընդմէջէն: Իր զմայլանքը՝ հովիտներու, ձորերու, մայրիներու գեղեցկութեան նկատմամբ կը վերահաստատէ իր մէջ այն համոզումը, որ միակ գեղեցկութիւնը բնութեան մէջ կարելի է գտնել: Ինք իր մասին արձակ բանաստեղծութիւն մը կը յօրինէ, թէ ինչպէս աղուոր աղջիկ մը օր մը ուզեց ճամբորդել բնութեան մէջ: Ան լսեց ձայներ, որոնք չէր գիտեր թէ որուն էին, ու անտարբեր մնաց բոլոր հառաչներուն դիմաց: Մարդիկ կարծեցին որ կ՚արհամարհէր զիրենք, ուստի բռնեցին եւ չուաններով կապեցին եւ յոգնած մարմինը ջուրերուն մէջ նետեցին: Սեզա կը զգուշացնէ Վահեանը, որ ինք չմիանայ զինք ջուրերուն մէջ նետողներուն խումբին: Կը յայտնէ իր ծրագիրը վէպ մը գրելու: Չ՚ուզեր որ շատ յառաջանայ տարիքը եւ 40-էն ետք միայն հրատարակէ իր վէպը, ճիշդ անգլիացի վիպագիր Ճորճ Էլիոթի նման:
Սեզայի նամակներուն գլխաւոր նիւթերէն էր ապրած ձանձրոյթը իր շրջապատէն: Իր կեանքը կ՚անցընէր կեղծ ժպիտներով, տափակ խօսքերով եւ տառապալի գիշերներով: Կ՚արտայայտէր իր տխրութիւնը եւ մարդոցմէ հեռու մնալու իր ցանկութիւնը: Կը դժգոհէր ու կը զղջար որ հասարակական կեանքին վերադարձած էր եւ իր կանացի թերթը վերահրատարակած: Հոգին հիւանդ էր, նոյնպէս մարմինը: Սեզա նողկանք կ՚արտայայտէ իր շրջապատի մարդոց՝ իրեն հանդէպ ունեցած անընդունելի վարքագիծին նկատմամբ: Նախանձի, բամբասանքի, ոխակալութեան դիմաց կ՚ընկճուի իր հոգին, իր թռչող թեւերը կը տկարանան ու հուսկ կը կոտրին: Մարդկային ընկերութեան իրեն հասցուցած հոգեկան վէրքերը զինք հիւանդ կը դարձնեն: Վահեանի գրած նամակը զինք կը գօտեպնդէ: Կայ մէկը, որ զինք կը սիրէ եւ կրնայ փլուզումի պահուն անոր կառչիլ եւ հոսանքն անցնիլ: «Մէկը կայ որ կը սիրէ քեզ եւ կը հաւատայ քեզի»: Սեզա մտահոգ էր Վահեանի սիրոյ հզօրութենէն, որ չէր ուզեր քաջալերել: Երանի թէ մոռնար զինք: Ինչ պէտք ունէր յուսահատ ու յուսախաբ կնոջ մը թեւերուն փաթթուիլ: Սիրէ զինքը Shelley-ի բանաստեղծութիւններուն սիրով: Անիրական, հեռաւոր, անմատչելի, աննիւթ: Ամուսնութեամբ երջանիկ պիտի չըլլային, քանի որ Սեզա կ՚ուզէ մէկը, որ զինք սիրէ մեղմութեամբ եւ հանդուրժէ իր քմայքները: Վահեան ժառանգական յանկարծակի պոռթկումներ ունի եւ այս ընդունելի չէ Սեզային համար: Եթէ լուրջ հետաքրքրութիւն ունի ամուսնութեան, պէտք է գիտնայ որ ինք աշխատող կին մը պիտի չըլլայ, ան իր գրականութեամբ պիտի պարապի եւ հանդարտ կեանք մը ապրի: Պէտք է Վահեան լուրջ մտածէ այս մասին եւ ոչ թէ զգացումով դատէ, այլ՝ մտքով:
Իր Վահեանի նամակներուն մէջ, Սեզա միշտ մտահոգութիւն ունի գործ մը գտնելու եւ եկամուտ մը ունենալու համար: Առհասարակ, փոքրերուն դասեր կու տայ, փոխադարձը սենեակ մը ունենալու պայմանով: Իսլամական «Մաքասէտ» աղջկանց վարժարանի տնօրէնուհի դարձաւ, սակայն 2 ամիս ետք արդէն հրաժարեցաւ, ծանօթանալով անոնց աղջիկներուն կրթութեան խիստ յետադիմական պայմաններուն: Իր ազատամիտ գաղափարներուն հակոտնեայ դրուածքով կրթական սիստեմին չէր կրնայ համակերպիլ:
Գործի որոնումը զինք տարաւ մինչեւ Պաղտատ, ուր հայ եւ արաբ բարեկամներու քաջալերանքը հաւաստիացուց կարելիութիւնը լաւ վճարումով գործ մը գտնելու: Պաղտատի արաբ բարձրաստիճան բարեկամները բարձր մակարդակի գործ առաջարկեցին, բայց ինք մերժեց կեցութեան հետ կապուած մանր-մունր խնդիրներով: Հուսկ ապա, հայկական դպրոցին մէջ դասաւանդեց: Վահեանի համար ալ բաժանումը ծանր էր եւ դժուար օրեր անցուց Սեզայի բացակայութեան: Սեզա առաջարկեց Պաղտատ դիմել երկրորդական վարժարանի որպէս գիտութեան ուսուցիչ: Այդ մէկը երկարատեւ գործընթաց էր եւ երբեք իրականութիւն չդարձաւ: Լիբանանի ընկերային շրջանակէն իր դժգոհութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Պաղտատի մէջ: Հոս եւս կը գանգատէր շրջապատի տափակ ու միօրինակ, անհմայ իրականութենէն: «Հոգիս երբեք պիտի չկրնայ կառչիլ այս աշխարհի բաներուն, նոյնիսկ սիրով լեցուն երիտասարդի մը ներկայութեան»: Այս կը նշէր զոյգին միջեւ գոյութիւն ունեցող մշակութային մակարդակը:
Սեզայի Ծառուկեանին ուղղուած նամակները ունին սիրային զօրաւոր յենք եւ միեւնոյն ատեն դաստիարակչական բնոյթ: Անդրանիկի օղիին հանդէպ ունեցած թուլութիւնը Սեզա կը ձաղկէ այն հաստատ համոզումով, որ այդ մոլութիւնը զինք տեղ չի հասցներ: Իսկ եթէ իր բարեկամութիւնը զինք գինեմոլութեան կ՚առաջնորդէ, պիտի ուզէր խեղդել զայն: Իր կարծիքով՝ Անդրանիկին կեանքը սխալ եղած է: Ան պէտք է ջանար մարդ ըլլալ ամէն բանէ առաջ: Օղիի շիշերուն գերին ըլլալու փոխարէն, գիրք պէտք էր կարդար, եւ այդ կերպով միայն կրնար քոյր հոգի մը ըլլալ իրեն: Անդրանիկի սէրը, արցունքները, Սեզան չէին գոհացներ. ան կը պահանջէր «կամք, բռունցք, վճռող, պարտադրող, գերեվարող շրթունքներ»: Ան կը յարէ. «Ես ոչ մեղկ մայր կրնամ ըլլալ, ոչ քոյր, ոչ կին: Պէտք է Անդրանիկի ականջները քաշել, որ մարդ դառնայ»: Ան Ճեմարանէն դուրս կը դրուի Լեւոն Շանթի կողմէ, վարքի մէջ իր թերացումներուն համար: Մայրը Հալէպէն կու գայ բողոքելու համար:
Ծառուկեանի անբարեխիղճ շրջանակը իր դէմ արշաւի ելաւ՝ զինք անուանարկելով գլխաւորաբար Սեզային հետ իր մտերմութեան պատճառաւ: Այս մասին ան երբեք չարտայայտուեցաւ Սեզային: Անդրանիկ շատ ծանր տարաւ այս յարձակումները իր դէմ, որոնք նուաստացնող հանգամանք ունէին: Սեզան երբ իմացաւ այս մասին, որպէս փորձառու կին, արհամարհեց իրենց երկուքին հասցէին արձակուած նետերը եւ թելադրեց Անդրանիկին՝ նոյնը ընել: Ան խրոխտաբար վճռեց անցնիլ անոնց առջեւէն, արհամարհելով զիրենք: Ապա քաջալերեց Ծառուկեանը իր բանաստեղծական տաղանդին դրսեւորման մէջ եւ թելադրեց անտեսել զինք վարկաբեկել ուզող մարդիկը:
Այդ բոլորին որպէս հակազդեցութիւն, Սեզա իր սէրը կ՚արտայայտէր Անդրանիկին նկատմամբ զեղումներով: Զինք անմատչելի որակած էին մարդիկ, սակայն ինք այդպիսին չէր: Ան չէր մերժած Անդրանիկին սէրը եւ մտերմութիւնը: Կ՚ուզէր որ ան հանդիպէր իրական սիրոյն Սեզայի մօտ, որ անկասկած զինք պիտի բարձրացնէր:
Շատ մեծ անակնկալ էր Անդրանիկի անձնասպանութեան փորձը, որ ցոյց կու տար անոր չափազանց յուսահատ հոգեվիճակը: Շատ մը լուրջ հանգամանքներ պատճառ հանդիսացած էին սոյն ողբերգական գործողութեան: Երկարատեւ անգործութիւնը, ընկերներուն դաւաճանութիւնը, ապագայի անորոշութիւնը, տնտեսական անապահովութիւնը պատճառներ էին Անդրանիկի՝ նման յուսահատ քայլի մը դիմելուն:
Տարիներ անցան եւ Ծառուկեան փայլեցաւ իր բանաստեղծի եւ գրագէտի կարողութիւններով, որպէս տաղանդաւոր գրող եւ լրագրող «Նայիրի» շաբաթաթերթին:
Հայ իրականութեան մէջ շատ անսովոր եւ իւրայատուկ անձնաւորութիւն էր Սիրան Սեզան: Ան Լիբանան եկած էր 30-ական թուականներուն՝ Գոլումպիա համալսարանէն շրջանաւարտ, MA մագիստրոսի տիտղոսով, լրագրութեան եւ գրականութեան մէջ: 1932 թուականին, ան հիմնեց «Երիտասարդ Հայուհի» կանանց ամսաթերթը, որ առաջինն էր Լիբանանի մէջ՝ տեղական եւ հայկական առումով:
Մտաւորական եւ գրական արժանիքներով փայլող Սիրան Սեզան լիբանանահայ մտաւորականութեան յարգանքին եւ ակնածանքին արժանացած էր: Իր ընկերային շրջանակը առհասարակ գրողներէ եւ մտաւորականներէ կազմուած էր: Սեզա կեանքի փորձառութեամբ օժտուած ըլլալուն, երիտասարդ գրողներուն հանդէպ հոգածու մեծ քրոջ վերաբերմունք ունէր: Անոնցմէ շատերը կը սիրահարէին իրեն, սակայն ինք, հասուն կնոջ կեցուածքով, զիրենք կը մղէր դէպի գրականութեան ակունքները: Գիրքեր կը թելադրէր անոնց, որ կարդային եւ զարգանային: Իր գիրքերը կը տրամադրէր անոնց: Կը կարդար անոնց գրութիւնները եւ իր անաչառ տպաւորութիւնները կը փոխանցէր: Կ՚անդրադառնար թերութիւններուն եւ կը գնահատէր յաջող էջերը:
Սիրան Սեզա իր բազմաթիւ հիացողներուն մէջէն որպէս ամուսին ընտրեց տոքթ. Ներսէս Քիւփէլեանը, որ իր գրական վաստակին հանդէպ ունէր բացառիկ յարգանք եւ հիացում: Ան թիկունք կանգնեցաւ Սեզային՝ անխափան հրատարակելու «Երիտասարդ Հայուհի»-ն նոր շրջանը, 1948-էն մինչեւ անոր շիջումը 1968-ին: Սեզա ամբողջովին նուիրուեցաւ իր հիմնադրած թերթին աշխատանքներուն, յաճախ ափսոսալով, որ ինք չէր կրնար նուիրուիլ ստեղծագործական գործերու, որոնք միշտ կը յետաձգուէին թերթին պարտադրած աշխատանքներուն պատճառաւ:
Խումբ մը համալսարանական կին մտաւորականուհիներ, որոնք 1965 թուին սկսած էին օգնել Սեզային խմբագրական աշխատանքներուն եւ յօդուածագրութեան մէջ, կազմակերպեցին նաեւ Սեզայի 40 տարուան գրական վաստակին եւ «Երիտասարդ Հայուհի»ի 15-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը 1967 տարուան Դեկտեմբեր ամսուն: Ներկայ էր լիբանանահայ մտաւորականութեան եւ մշակութային կեանքի բարձր խաւը: Սեզա պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի Մշակոյթի եւ Կրթութեան նախարարութեան «Արժանեաց շքանշան»ով:
Ողջունելի է Սեզայի հարուստ նամականիի հրատարակութիւնը, որ, բացի իր զգացական եւ մտաւորական կեանքի դրսեւորումէն, կը կազմէ վաւերագրութիւնը տուեալ ժամանակաշրջանին: Այնտեղ արձանագրուած են հայաստանեան եւ սփիւռքեան գլխաւոր իրադարձութիւններն ու արձագանգները, սխրանքներն ու նուաճումները: Այնտեղ յստակ կ՚երեւին նաեւ Սեզային հետ նամակագրութիւն պահած գրագէտներու եւ մտաւորական դասի մտորումները, դիրքորոշումներն ու վերլուծումները՝ ազգային, մշակութային եւ ընկերային ու գրական խնդիրներուն շուրջ:
Սոյն նամականիի հրատարակութիւնը անկասկած նպաստ մըն է 20-րդ դարու վերջին երեսնամեակի գրական կեանքի հոլովոյթին ուսումնասիրութեան:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ