Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԷԿ ՏԱՐԻ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

October 8, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԷԿ ՏԱՐԻ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

 

Մինչ երէկ կը նշուէր Կազայի մերձակայ իսրայէլեան դիրքերուն եւ բնակավայրերուն ուղղութեամբ պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն նախաձեռնած լայնածաւալ «Աքսայի ողողում» յարձակումին առաջին ամեակը, իսրայէլեան գործողութիւններն ու պաղեստինեան հրթիռարձակումները շարունակուեցան թէ՛ Կազայի, թէ՛ Այսրյորդանանի մէջ, նաեւ Լիբանանի սահմանին վրայ, ուր առճակատումը սկսած էր անցեալ տարի այսօր:

Պատերազմի լիբանանեան ճակատին վրայ, Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բռնարարքներուն հետեւանքով ինկած զոհերուն ընդհանուր թիւը բարձրացած է 2083-ի, 9869 վիրաւորի կողքին: Կառավարական արտակարգ գործողութիւնները կազմակերպող յանձնաժողովի համակարգող, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասէր Եասին իր 12-րդ զեկոյցին մէջ նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը ցարդ 9263 գործողութիւն իրականացուցած են լիբանանեան թիրախներու դէմ: Ըստ զեկոյցին, ցարդ բացուած է 973 ապաստան, որոնցմէ 773-ը ամբողջութեամբ լեցուած են տեղահանուած 37 հազար ընտանիքներով՝ ընդամէնը 180 հազար մարդ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ բազմիցս ռմբակոծեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, հարաւի եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ գտնուող թիրախներ: Հարաւային Պարհաշիթի մէջ, իսրայէլեան անօդաչու սարքերը թիրախաւորեցին Պընթ Ժպէյլի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան կեդրոնը, սպաննելով Հըզպալլայի շտապ օգնութեան ծառայութեան առնուազն 10 փրկարար, որոնք կը պատրաստուէին դուրս գալ հրդեհներ մարելու առաքելութեամբ: Երէկ ծանր հարուածներու ենթարկուեցան Սուր գաւառի բնակավայրերը, ուր Սրիֆայի մէջ մահացաւ չորս հոգի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ իր ծառայողներէն Հապիպ Ապու Մրատ զոհուած է Ժտէյտէթ Մարժաայունի թիրախաւորումին հետեւանքով: Իսրայէլեան բանակի բանբերը երէկ գիշեր ահազանգեց, թէ շուտով ռազմանաւերով յարձակումներ պիտի գործեն հարաւային ծովեզերեայ շրջաններու դէմ՝ հարուածելու Հըզպալլայի կառոյցները, լիբանանցիներէն պահանջելով հեռանալ այդ շրջանէն: Շուտով, Սայտայի նաւահանգիստին մէջ խարիսխ նետած նաւակները փոխադրուեցան հիւսիս:

Մարտերը շարունակուեցան նաեւ Լիբանանի հարաւային սահմանային շրջանին մէջ, ուր իսրայէլեան յատուկ ուժեր վերստին փորձեցին հատել սահմանը եւ ներթափանցել Լիբանան: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ նշեալ մարտերուն ընթացքին կորսնցուցած է յարձակումին մասնակցող պահեստային զինուոր մը: Յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ քանի մը տասնեակ մարդ վիրաւորուած է Հայֆայի ուղղութեամբ Հըզպալլայի արձակած հրթիռներուն պատճառով, որոնց մեծամասնութիւնը յաջողած է շրջանցել իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: Հըզպալլա երէկ հաղորդագրութիւններով յայտարարեց Հայֆան եւ բազմաթիւ բնակավայրեր, զինուորական դիրքեր եւ կուտակումներ հարուածելու մասին, գործածելով հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր: Հայֆայի մէջ տեղի ունեցած պայթումներէն վիրաւորուեցաւ առնուազն 10 մարդ եւ փակուեցաւ վարժարաններուն մեծամասնութիւնը:

Share62Tweet39
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ  «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 3 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱ. «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է»

Next Post
ՀԸԶՊԱԼԼԱ. «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է»

ՀԸԶՊԱԼԼԱ. «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.