Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՑ ՀԱՅԵՐ FIDE-Ի 100 ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

October 3, 2024
in Մարզական
0
ՎԵՑ ՀԱՅԵՐ FIDE-Ի 100 ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

 

 

Ճատրակի հայ վեց վարպետներ ընդգրկուած են FIDE-ի հրապարակած «ռէյթինկի» 100 լաւագոյն անուններու ցանկին վրայ: Տղոց աղիւսակին վրայ կը գտնուին հետեւեալ վարպետները.- Հայկ Մարտիրոսեան՝ 51-րդ, Շանթ Սարգսեան՝ 70-րդ եւ Աբրիէլ Սարգսեան՝ 93-րդ: Իսկ կանանց դասաւորման մէջ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Աննա Սարգսեան համապատասխանաբար կը զբաղեցնեն 60-րդ, 62-րդ եւ 69-րդ դիրքերը:

Լաւագոյններուն աղիւսակը կը գլխաւորէ աշխարհի նախկին ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Գարլսընը։

 

 

ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԻ ԲՈՂՈՔԱՐԿՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ

Փարիզ-2024 Ողիմպիական խաղերու յունա-հռոմէական ոճի 97 քկ քաշային ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, օրին բողոք ներկայացուցած էր եզրափակիչ մրցումին կատարուած իրաւարարական կոպիտ սխալներուն համար, որուն հետեւանքով ան նուաճած էր արծաթէ մետալ:

Արթուր Ալեքսանեան իր խումբին հետ դիմած էր Լոզանի դատարան եւ 19 Սեպտեմբերին կը սպասէր արդար պատասխանի:

Ըստ ArmLur.am-ի դատարանը այս բողոքագրին որոշումը երկարաձգած է մինչեւ 10 Հոկտեմբերի:

 

ՈՒՈՅՉԷՔ ՇԵԶՆԻ «ՊԱՐՍԷԼՈՆԱ»-Ի ԲԵՐԴԱՊԱՀ

«Պարսելոնա» ակումբի համակիրներն ու պատասխանատուները վերջապէս կրնան քիչ մը շունչ քաշել, մանաւանդ ախոյեանին վերջին խայտառակ պարտութենէն ետք «Օսասունա»-ի դէմ 2-4 արդիւնքով:

Արդարեւ, կողմերուն միջեւ մէկ տարուան պայմանագրով համաձայնութիւն մը գոյացած ըլլալով, 34-ամեայ լեհ բերդապահ Ուոյչէք Շեզնի պաշտօնապէս պիտի ընդգրկուի քաթալոնեան կազմին մէջ:

Իտալական «Եուվենթիւս»-ի նախկին մարզիկը տակաւին վերջերս՝ Օգոստոսին, յայտարարած էր իր ֆութպոլային կեանքի աւարտին մասին: Սակայն մէկ ամիս անց, «Պարսելոնա»-ի բերդապահ Տէր Շթիկընի ծունկէն վնասուածք ստանալէն ետք, անմիջապէս մոռնալով իր խօսքերը, համաձայնած էր վերադառնալ կանաչ դաշտ:

Արդեօք տարեկան 3 միլիոն եւրոյի շլացնող գումա՞րն է անոր որոշման փոփոխման պատճառը, թէ՞ «Պարսելոնա»-ի համբաւը…:

 

 

Share68Tweet42
Previous Post

Վեթերանները ՊԱՀԻԿ ՄԸ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Next Post

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՏՈՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝  ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՏՈՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՏՈՐԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.