Մեր պատմութեան բախտորոշ թուականներէն մէկը Հոկտեմբեր 1-ն է, որ անգամ մը եւս անցաւ ու գնաց աննկատ կերպով: Հասկնալիօրէն, անցեալին կը նշուէր պատշաճօրէն:
Այդ օրն էր՝ 1827 թուականին, երբ Ցարական Ռուսաստանի զօրքերը մտնելով Երեւան՝ հոնկէ դուրս արտաքսեցին պարսկական ուժերը եւ զայն ենթարկեցին իրենց հակակշռին: Նախապէս, երկու փորձեր կատարուած էին Երեւանի բերդին գրաւման համար. առաջինը՝ 1804-ի Յուլիսին, ռուսական զօրքերը Պաւել Ցիցիանովի հրամանատարութեամբ, պաշարելէ ետք Երեւանը՝ նահանջած էին: Երկրորդը՝ 1808 Սեպտեմբերին, զօրավար Իւան Կուտովիչի հրամանատարութեամբ, ռուսեր դարձեալ փորձեցին նուաճել Երեւանի բերդը ու ձախողեցան: Երրորդը՝ 1827-ին էր, զօրավար Իւան Պասկեվիչի հրամանատարութեամբ՝ որ վերջ գտաւ ռուսական կողմին յաղթանակով: Մինչեւ Երեւան հասնիլը, ռուս-պարսկական բեկումնային ճակատամարտ տեղի ունեցաւ Օշականի մօտ՝ Օգոստոս 17-ին, որուն կը մասնակցէին հայ կամաւորներ: Այս կռիւին, պարսկական կողմին ղեկավարը՝ Աբաս-Միրզա իւրաքանչիւր ռուս զինուորի կտրուած գլխուն իր զինուորներուն կը խոստանար վճարել 10 ոսկի, իսկ հայու գլխուն՝ 5 ոսկի: Ինչեւիցէ, ռուսական զօրքը գրաւեց Երեւանը եւ շարունակելով իր յաղթական յառաջխաղացքը, հասաւ Պարսկաստան եւ ջախջախուած պարսիկներ հարկադրուեցան ստորագրել Թիւրքմենչայի դաշնագիրը՝ 10 Փետրուար 1828-ին, որուն հետեւանքով հարաւային Կովկասը միացաւ Ռուսաստանի՝ սահմանագիծ ունենալով Արաքս-Կուր գետերուն հոսանքը: Այդ սահմանագծումը առ այսօր առկայ է՝ ըլլալով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Իրանի բնական սահմանը:
Մինչեւ վերջերս, այս իրադարձութիւնը կը բնորոշուէր այսպէս՝ «Արեւելեան Հայաստանի միացումը Ռուսաստանի» եւ կը նկատուէր անկիւնադարձային թուական, քանզի հայութիւնը պարսկական լուծէն ազատուելով՝ կ’անցնէր համեմատաբար աւելի տանելի նոր կայսրութեան մը մականին տակ: Պէտք է նշել, որ մի քանի դարեր Հայաստանի պատմական տարածքը արիւնալի պատերազմներէ ետք կիսուած էր օսմանեան եւ պարսկական կայսրութեանց միջեւ: Ուրեմն՝ հիւսիսէն ընդարձակուող երրորդ գործօնը նոր իրավիճակ կը ստեղծէր տարածաշրջանէն ներս:
Դարերէ ի վեր պետականազուրկ Հայաստանի այդ տարածքին միացումը Ռուսաստանի, բնականաբար համարուեցաւ փրկօղակ եւ ողջունուեցաւ հայութեան մեծ մասին կողմէ՝ քանի Վրաստանի թեմի առաջնորդ Ներսէս Աշտարակեցիի գլխաւորութեամբ (հետագային կաթողիկոս ամենայն հայոց եւ կոչուած՝ «Պաշտպան Հայրենեաց») հայ կամաւորներ ինքնակամօրէն միացան այդ կռիւին, մինչ գրող եւ լուսաւորիչ Խաչատուր Աբովեան գրեց «Վէրք Հայաստանի» ոգեշնչիչ գործը՝ դրուատելով այդ վճռորոշ իրադարձութիւնը: Անկէ ետք, գոյառուեցաւ Հայկական Մարզը՝ Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ, որ աւելի ուշ կորիզը պիտի ըլլար Հայաստանի Հանրապետութեան (առ այսօր): Աւելին, բազմաթիւ հայ ազգային-քաղաքական-կրօնական գործիչներ դիմումներ կը յղէին ռուս ցարին՝ շօշափելի օգնութեան աղերսանքով:
Պատահական չէ, որ տասնամեակներ շարունակ, ատրպէյճանական կողմը այդ դէպքը կը համարէր «աղէտալի» իրենց համար, քանի ըստ իրենց «Էրիւանի խանութեան» մէջ ծնունդ կ’առնէր հայկական ինքնուրոյն միաւոր մը: Անոնք կը մեղադրէին ռուսերը հայկական պետականութեան մը հունտերը ցանելու մէջ, իսկ Երեւանի բերդին հայ կամաւորները կը նկատուէին դաւաճաններ՝ որոնք ռուսական զէնքին միացած կը նուաճէին Երեւանի բերդը կամ հայ բնակիչները «դաւաճանաբար» բերդէն ներս կը բանային անոր դարպասները ռուսերուն առջեւ:
Այնումենայնիւ, Արեւելեան Հայաստանի Ռուսաստանի միացումը ընդհանրապէս դրական գնահատուած էր պատմութեան կողմէ: Ծայրայեղ պարագային՝ չարեաց փոքրագոյնին յաջողութիւնը՝ (Ռուսաստան) ի դէմս առաւել մեծ չարիքներու՝ Պարսկական եւ Օսմանեան կայսրութեանց:
Ինչո՞ւ այս ծամծմուած նիւթը անգամ մը եւս կը յուզէ շատերը: Արդարեւ, Հայաստանի իշխանութիւններուն փոփոխութեան հետեւանքով՝ նորամուծութիւններ կը պատահին նաեւ պատմութեան ոլորտէն ներս՝ հասնելով ընդհուպ անհեթեթութեան եւ երախտամոռութեան: Փորձ կը կատարուի ցեխաջուր թափել անցեալէն եկած ըմբռնումներու վրայ: Ահա՝ նախակրթական դպրոցի, 8-րդ դասարանի Հայոց Պատմութեան (հեղինակ՝ Սմբատ Յովհաննիսեան) դասագիրքին մէջ կը գրուի՝ «Արեւելեան Հայաստանի բռնակցումը Ռուսաստանի» ենթախորագիրը: Եթէ խօսքը Վրաստանին վերաբերէր՝ հասկնալի է, որովհետեւ վրացական թագաւորութիւնը ակամայից եւ անխուսափելի պայմաններու բերումով կցուեցաւ հիւսիսէն ընդարձակուող հզօր ուժին: Իսկ ռուսեր Երեւանն ու Արեւելեան Հայաստանը նուաճեցին ոչ թէ հայերը ստրկացնելով կամ ենթարկելով, այլեւ՝ Երեւանի խանութեան պարսկական զօրքերը ջախջախելով: Այդ բախումն իսկ ճակատագրական եղաւ հայոց համար՝ գրգռելով զայրոյթը Անդրկովկասի թուրք-թաթարներուն, որոնք աւելի ուշ պիտի կոչուէին ատրպէյճանցի: Այս տարրական ճշմարտութիւնը խեղաթիւրել՝ այն ալ դասագիրքով՝ սերունդները թունաւորելու միտումով՝ առնուազն ապերախտութիւն է մեր աւանդական հասկացողութիւններուն: Հետաքրքրական է «Ռուսաստանի պատմութեան հարցեր» (հեղինակ՝ Միքայէլ Մուրատեան, 2011) դասագիրքին բնորոշումը նաեւ՝ «Անդրկովկասի միակցումը Ռուսաստանին»:
Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն: Մինչ 1827 Հոկտեմբեր 1-ին Երեւան կը մտնէին ռուսական բանակին վաշտերը՝ հայ կամաւորներու ուղեկցութեամբ եւ հայութեան ցնծութեան աղաղակներով, 2024 Հոկտեմբեր 1-ին, Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենար Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական ժողովը՝ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի վարչապետներուն (Կիրքիզիան ալ անդամ է) եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան փոխնախագահ Մոհամմէտ Ռեզա Արէֆի ներկայութեամբ: Այս տարի Հայաստանն էր այդ կառոյցը նախագահող երկիրը, իսկ Իրանը դիմած է կառոյցին՝ ձեռք ձգելու համար դիտորդ-անդամի կարգավիճակ:
Մինչ ԵԱՏՄ-ի նիստները կը կայանային՝ անդին մարդիկ Հայաստանը Եւրոպական միութեան մէջ տեսնելու համար ստորագրութիւններ կը հաւաքէին: Եթէ «բռնակցում» եզրը անհեթեթութիւն է, այս երեւոյթն ալ ուրիշ խաբկանք մըն է, որ կը ստիպէ ոմանց յիշեցնելու՝ զգոյշ, շա՜տ զգոյշ արեւմտեան քաղցր խայծէն:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ